Լուրերու Արխիվ

Nanor1 52417f

Ինքզինք Գերազանցող Նկարչուհին. Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանի Գեղանկարչական Ցուցահանդէսին Առիթով

Իւրաքանչիւր այցելութեան այս նկարչուհին կը հիացնէ, կը զարմացնէ, եւ կ՛ունենաս այն տպաւորութիւնը, որ նկարչուհին դարձեալ ինքզինք գերազանցած է:

Թերեւս այս բնորոշումը ամէնէն հարազատն է այս խիստ աշխատասէր, օժտուած,այցելուն միշտ զարմացնող նկարչուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանին մասին: Ե՞րբ ժամանակ կը գտնէ, ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խոր  եւ տարածուն ընդգրկում ունենալ կեանքի մասին հիմնուած ամուր հաւատքի վրայ եւ զանոնք տպաւորիչ գեղանկարներով ներկայացնել պարզապէս հրաշալի է:

Նախ ըսենք, որ Նանորը բազմանդամ ընտանիքի մայր է, բծախնդիր` իր տնային աշխատանքներուն մէջ, եւ մեծ հոգատարութեամբ կը խնամէ իր զաւակները: Իր բնակարանը աւելի ցուցասրահ-թանգարանի կը նմանի.  ամէն անկիւն տպաւորիչ ձեւով զարդարուած է: Նկարչական աշխատանքներու կողքին, կան բազմաթիւ ազգագրական իրեր որ իր ամուսնոյն` Պօղոս Հաճեանի հաւաքածոներն են:

Տան պատերը կը ներկայացնեն Նանորի աւելի քան 30 տարիներու աշխատանքներէն օրինակներ, որոնց մէջ տիրապետող են բնանկարներն ու սրբանկարները:

Բնականաբար բնանկարներուն մեծ մասը այնճարեան տեսարաններ են, որոնք ջրաներկ եւ իւղաներկ գեղանկարներ են` բծախնդրօրէն իրականացուած եւ հարազատ: Ջրաներկ աշխատանքները թափանցիկ են, լուսաւոր եւ բնութեան գեղեցկութիւնն ու թարմութիւնը փոխանցող: Հոս նկարուած են այնճարեան աւանդութիւնները, բնութեան գեղեցիկ տեսարանները եւ ազգագրական  իրերու նաթիւրմորթեր: Նանոր տիրապետած ըլլալով ջրաներկի գաղտնիքներուն, վարպետօրէն կրնայ ներկայացնել բնութեան շունչն ու լոյսի խաղերը, որոնք իր նկարները կը դարձնեն շատ հարազատ եւ տպաւորիչ:

Բաւական մեծ  թիւ մը կայ նաեւ իւղանկարներու, որոնք նուիրուած են այլազան նիւթերու: Բնութեան տեսարաններու կողքին, կան նաեւ հայոց մշակոյթին եւ լեզուին նուիրուած գեղանկարներ: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած աշխատանքներէն որոշ թիւ մը հոս են. անոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները եւ մանաւանդ` վերապրումը:

Բոլորովին տարբեր են Նանորին սրբանկարները: Ան սկսած է սրբանկարներ նկարել երկար տարիներ առաջ, եւ անոնք  կը ներկայացնեն  այլազան պատկերներ` Յիսուսի կեանքէն առնուած: Մանաւանդ Աստուածածնին նուիրուած իր նկարները ի յայտ կը բերեն իր հաւատքն ու նուիրումը քրիստոնէական սրբալոյս կրօնին հանդէպ: Հայկական երկու եկեղեցիներու խորանները (Ռաուտայի սրբուհի Ռիթայի եւ Յորդանանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ) իր սրբանկարներով զարդարուած են:

Նանոր ամուր հաւատքի տէր է. իր աշխատանքներուն մէջ զգալի է նկարչուհիին բացառիկ հաւատքը: Երբ կ՛ըսեմ իրեն, թէ «խոստովանանք»-ի մէջ յիշուած մեղքերը այնքան շատ են եւ մանաւանդ մեղք կը նկատուին յանդգնութիւնն ու բարձր ձայնով խօսիլը, հետեւաբար անկարելի է անմեղ ըլլալ, ինք կու տայ այնքան մանրամասն եւ սպառիչ բացատրութիւններ,  որ ես ապշած` կը խորհիմ, որ պատրաստուած հոգեւորականի մը դիմաց կը գտնուիմ: Հիմա կը յստականայ ինծի համար այս սրբանկարներուն ետեւ թաքնուած ամուր հաւատքի տէր նկարչուհին:

Կեանքի այլազան խնդիրներու մասին ան ունի, պարզ բայց հաւատքի վրայ հիմնուած պատասխաններ, որոնք հոգեկան խաղաղութեան ցուցանիշ են: Հոգեկան այդ խաղաղութիւնը զգալի է նաեւ  իր աշխատանքներուն մէջ:

Սպասուող ցուցահանդէսը այս անգամ բոլորովին իւրայատուկ է:

«Վերանորոգումի յոյսով» գեղանկարչական այս ցուցահանդէսը ձօնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեակին: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ   եւ բացումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 25 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, 8 յունիս 2017, առաւօտեան ժամը 10:30-էն երեկոյեան ժամը 8:00:

Այս ցուցահանդէսին Նանոր պիտի ներկայանայ 62 նկարչական աշխատանքներով, որոնց մեծամասնութիւնը վերջին շրջանի գործեր են: Կան անշուշտ նաեւ սրբանկարներ` իր անցեալի գործերէն: Այս գործերուն մէջ պիտի ներկայացուի Նանորի «Հաւատով խոստովանիմ»-ի  շարքը, զոր պատրաստած է այս առիթով` շնորհաւորելով վեհափառ հայրապետի ծննդեան 70-ամեակը եւ վեհին մաղթելով արեւշատութիւն: Նանոր հիմք ունենալով հայկական մանրանկարչութեան աւանդութիւնները, արդիական ոճով ներկայացուցած է «Հաւատով Խոստովանիմ»-ի շարքը, որ բոլորովին նոր ուղի է իր 30-ամեայ նկարչական կեանքի ընթացքին:

Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեան, անհատական իր այս 7-րդ ցուցահանդէսով պիտի հաստատէ ինքզինք գերազանցելու կարողութիւնը եւ հաճելի առիթ պիտի ստեղծէ գաղութի արուեստասէր հասարակութեան` ծանօթանալու լուսարձակներէ հեռու աշխուժօրէն արտադրող այս օժտուած նկարչուհիին:

Պէտք է շնորհաւորել նկարչուհին այս առիթով:

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Nanor152417
Nanor252417f

?>