Լուիս Լահհուտ Այցելեց Այնճար
Շաբաթ 17 Յունիս 2017-ին առաւօտեան ժամը 11:30-ին Այնճարի քաղաքապետութեան հիւրը Լիբանանի երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահհուտն էր, որ աշխատանքային յատուկ այցելութեամբ ժամանած էր Այնճար:
Արդարեւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, կոմիտէի և քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներ դիմաւորելէ ետք Լահհուտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախ այցելեցին Այնճարի բերդը ապա շրջագայլելէ ետք Այնճարի պարտէզները: իւրայատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Այնճարի հողագործներուն հետ ուր երկրագործական հարցեր 'ու շուրջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրույց:
Ապա քաղաքապետութենէն ներս կլոր սեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ հնչած առաջարկները գործնականացնելու ուղղութեամբ քննարկումներ:
Այս առիթով քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ Պր. Լուիս Լահհուտին յանձնեց յուշանուէր մը:
Աւարտին Լուիս Լահհուտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Այնճարի քաղաքապետութեան ճաշի հիւրը եղաւ: