Լուրերու Արխիվ

semas

SEMAS-ի Առաջին Հանդիսութիւնը

Կազմակերպութեամբ SEMAS–ի տնօրէնութեան և հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, Կիրակի 18 Յունիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ SEMAS–ի առաջին հանդիսութիւնը:

Կեդրոնին տնօրէն Պրն. Պօղոս Քէնտիրճեան արտասանեց բացման խօսքը անգլերէն լէզուով իսկ Տիկ. Սալբի Գասբարեան Քէնտիրճեան հայերէն լէզուով:

Անոնք հակիրճ ձեւով խօսեցան «Հրաչ Քէնտիրճեան Ուսանողական Կեդրոն»ի հիմնադրութեան մասին ու շարունակեցին տեղեկացնելով SEMAS–ի ապագայի ծրագիրներուն մասին:

Ապա փոքր տեսաերիզի ունկնդրութենէ ետք խօսք առաւ «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէն Պրն. Արմէն Թաշճեան: Ան իր կարգին խօսեցաւ SEMAS–ի կարեւորութեան մասին աշակերտներու դպրոցական կեանքէն ներս:

Որմէ ետք, խումբ մը աշակերտներ ժաղովուրդը ապշեցուցին ներկայացնելով փոքր բաժին մը իրենց սորվածներէն:

Գիւղիս քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան առիթը ունեցաւ նաեւ փոխանցելու իր խօսքը, ան հիացումով ու հպարտութեամբ յայտարարեց թէ ինք ականատես եղաւ Հայ ժողովուրդի և մանաւանդ Այնճարի ապագայի փայլուն սերունդին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մետալի և բաժակի բաշխում:    

IMG8723
IMG8726
IMG8729
IMG8730
IMG8738
IMG8747
IMG8733
IMG8752
IMG8754
IMG8810
IMG8804
IMG8797
IMG8795
IMG8793
IMG8777
IMG8773
IMG8768
IMG8764
IMG8762
IMG8758
IMG8756
IMG8812

?>