Վազքի Մրցում` Ժեզզինի Մէջ. ՀՄԸՄ Այնճարը Ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
Կիրակի, 23 յուլիսին, Ժեզզին Ժապշա գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ 10 քմ վազքի մրցում մը` կազմակերպութեամբ վերոնշեալ գիւղին քաղաքապետութեան:
Անիկա կը վայելէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հովանաւորութիւնը: Վերջինս տուաւ վազքի մրցումին ազդանշանը:
Զանազան շրջաններէ եկած աւելի քան 500 երկսեռ վազողներուն մէջ էր նաեւ ՀՄԸՄ Այնճարը ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան:
Արձանագրելով 55 վայրկեան արդիւնք մը` Լեւոն Թաշճեան իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Աւարտին ան իր մետալը ստացաւ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշէն:
ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ
Այս առիթով, Այնճարի հայութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, կու գայ շնորհաւորելու Լեւոն Թաշճեանը:
Լիզպոնի Գործողութեան Ոգեկոչման և Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ 22 Յուլիս 2017ին «Ս- Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Լիզպոնի Գործողութեան Ոգեկոչում և Հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Տարեցն ու երիտասարդը, պատանին ու փոքրը խիտ շարքերով համախմբուած էին յարգանքի տուրք մատուցելու Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներու յիշատակին: նախ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն,ապա Ներկաները հինգ հերոսներու պաստարին դիմաց զետեղեցին ԼԵՄ-ականներուն կողմէ բաշխուած մոմերը:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ. Միրնա Գասամանեան:
Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայոց դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայութիւնը յաճախ զոհ դարձած է հալածանքներու և բռնութիւններու, սակայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վեհ գաղափարէն ներշնչուած երրիտասարդութիւնը շարունակ պայքարած է օտարի կեղեքումներուն դէմ, իրենց հայեացքը սեւեռած դէպի Մայր Հարենիք ու անվհատ բացագանչեով «Պիտի հասնինք կատարիդ»
Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով« Յեղափոխաշունչ հինգ ընկերներ, անզուգական գաղափարապաշտ երիտասարդներ, թէեւ անձնուէր ոգիով իրենց մահը կնքեցին, սակայն անկասկած դրախտային առաքինութիւնները վայելելու ընթացքին այսօր անոնք կը հպարտանան իրենց նմաններու կերտած շնչող հայրնիքի պատկերով, անոնց հայրենասիրութիւնը սովորական ապրում չէր, այլ աւելի բարձր էր քան մարդկային բնական բոլոր զգացումները հոն կար գերմարդկային բնոյթ:»
Իր խօսքը վերջացուց ըսելով:« Դուք հինգ հազարամեայ հինգ դաշոյններ: Դուք հինգ սրբացուած անմար կրակներ: դուք հինգ լուսապայծառ խորաններ: Հայ երիտասարդութիւնն ու համայն հայութիւնը դարձեալ կը խոնարհի ձեր առջեւ:»
Որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն:
Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ « Նեմեսիսի սրբազան պայքարի հաւատաւոր կամաւորներ 27 Յուլիս 1983, Լիզպոն, Փորթուկալ: Ձեր արդարահատոյց արարքը թեւակոխեց իր 34րդ տարին: 5 հողեղէն աստուածներ, ոտքի ելան քանդելու այն պատնէշները, որ կը ծածկէր արդարութեան արեւը: Հայրենիքի երազանքով ապրող սփիւռքեան խառնաշփոթ իրականութեան մէջ ձեր արարքը և նուիրաբերումը իւրայատուկ քաջութիւն մըն էր Լիբանանեան տաղտալի կենաց մահու օրերուն... Մահ իմացեալ անմահութիւն է կարգախօսով ողղուած ձեր մարտիրոսումը, երբեք չի կրնար ծայրահեղական արարք կամ ահաբեկչութիւն անուանիլ: Փորթուկալի մէջ թուրքիոյ դեսանատան գրաւումը և տղոց անձնասպանական արարքը ցնցեց աշխարհը, բացաւ անոր փակ աչքերը ի տես իրաւազուրկ ազգերու դարաւոր իրաւունքին, ինչպէս ժամանակին Խրիմեան հայրիկ Պերլինի վեհաժողովին ներկայացուց հայ դատը, թէ գոյութիւն ունի երկրագունդին վրայ մի արարող ազգ որը 600 տարիէ իրաւազրկուած է: լսեց աշխարհը հայոց դատը և այսօր Լիզպոնով մեր նորօրեայ պայքարը նոր փուլ մտաւ:»
Ան իր խօսքին մէջ երիտասարդներուն կոչ ուղղեց ըսելով« Հայ երիտասարդ քու բեռդ ծանր է և ուղիդ տատասկներով լի ու ցաւոտ, սակայն նահատակներուդ ոգին պիտի դառնայ քեզ առաջնորդ և ուղղէ քեզ դէպի դռները աւետեաց երկրի , այն էրկրի որուն հորովելը և սարերին քամին քեզ կը սպասեն, ուր նահատակուած նախահայրերուդ արիւնը դեռ տամուկ է և թաց հողին վրայ և ան քեզ կը կանչէ քելէ լաո քելէ էրթանք մեր էրկիր:
Որմէ ետք տեղի ունեցաւ կենդանի պատկերմը նուիրուած Լիզպոնի գործողութեան: Ապա «Շ. Միսաքեան» Մանաճիւղի կողմէ պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ բաշխուեցաւ նահատակներուն ընտանեկան պարագաներուն:
Ձեռնարկի աւարտին ընկհ. Կրէյս Գալուստեան արտասանեց ոտանաւոր մը, ապա ԼԵՄ-ականները երգեցին Լիզպոն 5 տղոց նուիրուած երգը:
Այնճարի Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս
Շաբաթ 8 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան Ճաշարան «Նապաա Այնճար» ի մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը՝ հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ նախագահութեամբ լՏէր և Տիկին Ալէքս Տումանեանի:
Հանդիսութիւնը վարեց Տիկ. Սեւան Կարապետեան_ Ադամեան, իսկ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր երգիչ՝ ԱՐԱՄԷ մասնակցութեամբ՝ վիգէն Տիշչէքէնեանի, պուզուգիստ՝ Յակոբ Շաննաքեանի և Շանթ Տիշչէքէնեանի:
Բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Սօսի Այնթապլեան: Ան ըսաւ «Դիւրին չէ եղած երբեք սփիւռքի մէջ հայկական վարժարան պահելը, դիւրին չէ նաեւ այսօր: Սակայն այսօր մենք յաւելեալ պատճառ ունինք գօտապնդուելու և վերանորոգ թափով շարունակելու մեր ճանապարհը, շնորհիւ անձնանուէր բարերարներու և հաստատութիւններու որոնք քաջալերելու, արժեւորելու և հայ վարժարանը ոտքի պահելու վեհ գիտակցութիւնը ունին իրենց մտքերուն մէջ:
Ան նաեւ յիշեց թէ Այնճարի հայ Աւետարանական դպրոցը ունի 76 տարուայ պատմութիւն իսկ գիշերօթիկը` 70:
Ան իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի Քաղաքապետութեան որ ստանձնած է այս ձեռնարկի հովանաւորութիւնը, Նաեւ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին ,որոնք կ'օժանդակեն գիւղիս ապահովութեան, բարեկարգման ու բարեզարդման առանց ճիգ խնայելու: նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք Տէր և Տիկ. Ալէքս Տումանեանի ,որոնք սիրայօժար կերպով ստանձնեցին այս ձեռնարկի նախագահութիւնը:
Ապա խօսք առաւ դպրոցի տնօրէն՝ Պատ. Յակոբ Աքպաշարեան, որ նաեւ յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց Այնճարի և Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններուն, Տէր և Տիկ. Ալէքս Տումանեանի և բոլոր նուիրատուներուն։ Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով թէ ամենամեծ շնորհակալութինը կ'երթայ Աստուծոյ:
Որմէ ետք գիւղիս քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներուն, որոնք իրենց յաջողութիւնը բերին պետական քննութիւններուն, անոնց ծնողներուն և ուսուցիչներուն:
Ապա օրուայ նախագահ՝ Պրն. Ալէքս Տումանեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը շեշտելով որ Այնճար հայաւանը և յատկապէս Այնճարի Հայ Աւետ Երկրդ. վարժարանը մեծ դեր ունեցած է իր նկարագրի կերտման մէջ: Ան անդրադառնալով գիւղի պատմութեան, իր խոր յարգանքը արտայայտեց գիւղի իշխանութիւններուն և ժողովուրդին ,որոնք ամէն գնով, նոյնիսկ արեան գնով, ձեռք-ձեռքի տալով պահած են այս գիւղը:
Մինչ Հայաստանի վաստակաւոր արտիստ Արամէ իր մեկնաբանած երգերով բարձր կը պահէր ժողովուրդի տրամադրութիւնը, ներկաները խանդավարուած և ոգեւորուած իրենց պարերով, ծափողջոյներով և նուիրատուութիւններով կ'արձագանքէին Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի կոչին։