Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Այնճարի Մէջ
Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման Տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Այնճարի կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տիրեց խանդավառ մթնոլորտ մը, Շաբաթ 12 Օգոստոս 2017-ին քերմեսի ընթացքին: Բակին մէջ տեղադրուած էին զանազան տեսակի համեղ ուտելիքներ իսկ երիտասարդները զբաղ էին «հերիսա» եփելով: Երեկոն ճոխացուց սիրուած երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան:
Կիրակի 13 Օգոստոս 2017-ին, առաւօտեան անմահ պատարգ մատուցուեցաւ: Օրուայ պատգամը փոխանցեց Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան: Պատարագի աւարտին Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան շրջապատուած հաւատացեալ ժողովուրդով կատարեց խաղողի և մատաղի օրհնութիւնը: Լեցուն էր եկեղեցւոյ բակը ուխտաւորներով: Երիտասարդութեան ներկայութիւնը տիրական էր:
Մուշեղ Գալշոյեանի Յաւերժող Ճանապարհը
Օրերս Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյ նուիրուած անուանի գրող՝ Մուշեղ Գալշոյեանին:
Բանախօսը հայրենի մտաւորական, արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յիվհաննիսեանը հեաքրքրական և բազմաբովանդակ ներկայացուց Մուշեղ Գալշոյեանի ստեղծագործական, հասարակական և ազգային կեանքի մասին բացառիկ կարեւոր և ուշագրաւ փաստեր: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին հատուածներ Գալշոյեանի ստեղծագործութիւններէն և ցուցադրուեցան հատուածներ «Ձորի Միրօ» ֆիլմէն:
Լիբանանահայութեան կողմէ ճանչցուած և սիրուած հայ մեծանուն գրողին՝ Մուշեղ Գալշոյեանին նուիրուած այս երեկոն մեծ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ ներկաներու կողմէ և որպէս անմոռաց յուշ կը մնայ գրականասէր այնճարցիներու յիշողութեան մէջ: