Բացում՝ Այնճարի փառատօններու 2017
Ուրբաթ 15 Սեպտեմբեր, 2017-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը 2017-ի Այնճարի փառատօններուն՝ հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ կազմակերպութեամբ «جمعية انماء عنجر» -ի:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, «جمعية انماء عنجر» -ի տնօրէն Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, երեսփոխաններ՝ Էլի Մարունի, Սալիմ Աուն եւ Աասէմ Աարաժի, Պրն. Աբրահամ Մալգճեան, Միջին Պէքայի քաղաքապետութիւններու համախմբումի նախագահ Պրն. Մոհամմէտ Ալպասըթ, դատաւոր Սինթիա Քասարճի, ապահովական ուժերու ներկայացուցիչ՝ գնդապետ Պըշարա Հատտատ, ինչպէս նաեւ շրջանի քաղաքապետներ:
Բացման խօսքը արաբերէն լեզուով արտասանեց Տիկ. Մարի Մարաշլեան, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայսի՝ յարգելու Լիբանանեան բանակի զոհերուն յիշատակը, ապա ան ըսաւ, որ այս տարուայ փառատօնին Այնճարի մէջ, մենք կը տեսնենք անցեալը իր աւանդութիւններով, ու ներկայ ժամանակը իր հետ բերած պայմանաւորութիւններով:
Ապա ան խօսքը փոխանցեց Պրն. Ճորճ Փուչիկեանին, որ նշեց, թէ փառատօնի այս բացումը կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 ամեակի տօնակատարութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ տօնին, որ ամէն տարի տօնական մթնոլորտով կը նշուի Այնճարի մէջ: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ արդէն իսկ Լիբանանեան զօրքը վերջին շրջանին մեծ յաղթութիւններ ձեռք բերած է, այն ինչ որ պատճառը դառձաւ մեր այսօրուան խաղաղ իրավիճակին, հեզասահ յաջողցնելու բոլոր տօնակատարութիւնները:
Խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեան, որ նախ արաբերէն լեզուով, ապա հայերէնով ըսաւ. «Փառատօնային այս մթնոլորտը չի կրնար ամբողջանալ եթէ անիկա հիմնուած չըլլայ ապահովական, ընկերային ու տնտեսական որոշ արժեչափերով, որ հաւասարակշռուեցաւ Լիբանանի նախագահ Նորին Վսեմութիւն Ճէնէրալ Միշէլ Աունի Կողմէ»:
Հանդիսաւոր բացման աւարտին խօսք առաւ նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ յայտնեց իր զգացումները ըսելով որ Այնճարի մէջ ան կը զգայ մտերիմ եւ ըլլալով Պէքայի միակ հայաշունչ գիւղը, կապ կը պահէ Պէքայի քաղաքապետութիւններու ու տարբեր ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիսութեան աւարտին հիւրերը հիւրասիրուեցան գիւղիս աւանդական ուտեստեղէններով:
Նշենք նաեւ, որ հանդիսութենէն ետք, նախարարն ու հիւրերը շրջեցան հրապարակը տեղդրուած կրպակները:



