Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի Տոհմիկ Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին՝ Ուրբաթ 15 Սեպտեմբեր, 2017-ին տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի տօնակատարութիւններէն Տոհմիկ Երեկոյն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, «جمعية انماء عنجر» -ի տնօրէն Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լ.Օ.Խ.-ի զանազան մասնաճիւղերու անդամներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Ռոզիկ Պագալեան, որ ըսաւ. «Այն համարձակութիւնն ու յանդգնութիւնը որ մեր պապերը ցոյց տուին հայոց պատմութեան ամէնէն ողբերգական մէկ պահուն՝ Մուսա Լերան Քառասուն օրերու սխրագործութեամբ, պարզապէս հպարտութեան առիթ չէ մեզի համար, այլ կոչ՝ ազգային ու մարդկային այն բարձր մակարդակը որ արեան գնով նուաճուեցաւ լերան գագաթին՝ պահելու պահպանելու եւ բծախնդրութեամբ փոխանցելու նորահաս սերունդներուն»: Ան աւելցուց. «Մասունքի պէս պահենք այն ինչ որ ստացած ենք մեր պապերէն»:
Երեկոն հանդիսավարեց Պրն. Յակոբ Այնթապլեան, որ գեղարուեստական յայտագրի ժամանակ մթնոլորտը մեծ խանդավառութեան մէջ պահեց:
Տիկ. Քնար Գամպէրեան ասմունքեց Յակոբ Մախուլեանի «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ե'տ գայ թշնամին» կտորը:
Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեանը, որ յայտնեց կնոջ կարեւորութիւնը մեր կեանքերուն մէջ, նկատի առնելով որ Լ.Օ.Խ.-ը յանձնախումբեր կ'աճեցնէ, եւ այդ յանձնախումբերուն ընդմէջէն ժողովուրդին օգտակար կ'ըլլայ, մայրութիւն ընելով հասարակութեան եւ օժանդակութեան կարիք ունեցող ընտանիքներուն:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին գիւղիս երիտասարդութիւնները իրենց զանազան տաղանդներով:
Ընկերակցութեամբ Համփիկ Յովսէփեանի, Մարիա Աբէլեան կատարեց «Սարերի քամին», իսկ Նազանի Ադամեանը՝ «Զինուորի երգը» երգերը:
Նաեւ, ընկերակցութեամբ Սեւատա Անտոնեանի, Նարոյ Ադամեան երգեց «Արտագաղթ» երգը:
Ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը` պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:
Լարա Գարակէօզեան եւ Մարիա Աբէլեան ներկայացուցին Մուսա Լերան բարբառով «Հայր իմ ըզգի ուզիցա, վիտտըդ փիփակ ըր...»:
Փոքրիկ Աշոտ Գարագաշեան Մուսա Լերան բարբառով ներկայացուց «Արի Հէյ Ամուղլայ»:
Ապա Լոռի, Արփա եւ Յասմիկ Այնթապլեաններ կտոր մը նուագեցին:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ աշուղական երգերու մեկնաբան՝ Գարմէն Աճէմեան, ինչպէս նաեւ անակնկալ երգու երգով հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու մեկնաբան՝ հայրենի երգիչ՝ Սեւակ Ամրոյեան:
Ձեռնարկին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները վաճառեցին Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ, անուշեղէններ եւ խորհրդանշական վիճակահանութիւններ:
Անակնկալ քանի մը հայրենասիրական երգերով մթնոլորտը աւելի եւս ճոխացուց Այնճարցի Զարեհ Քէնտիրճեանը:
Երեկոն շարունակուեցաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա լերան թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով` խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Homemade porn https://www.amateurest.com/ USA.



