Ս. Պատարագ, Հոգեհանգստեան Արարողութիւն եւ Մատաղի Օրհնութիւն Ու Բաշխում
Մուսա լերան հերոսամարտի 102 ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 17 Սեպտեմբեր, 2017-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Խաչվերացին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձին` զոյգ առիթները նկատելով կարեւոր, անկիւնադարձային եւ օրինակելի մեր ժողովուրդին համար:
Սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտին համար մղուած պատերազմին` զայն վերադարձնելու համար գերութենէ, պատերազմը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հայկական այրուձին: Գերութենէ վերադարձին խաչափայտը ժողովրդային դիմաւորումի արժանացած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ Խաչվերացի տօնը խաչին եւ խաչեալին հաւատարմութեան տօնն է, որ կը հզօրացնէ հաւատացեալները աստուածային հաւատքով:
Սրբազանը անդրադառնալով Մուսա լերան հերոսամարտին յայտնեց, որ «մուսալեռցիները հաւատացին իրենց կամքի ուժին եւ նախընտրեցին արժանապատիւ նահատակութիւնը` փոխան սոսկական չարչարանքն ու մահը: Անոնք լեռ բարձրացան հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահելով եւ պայքարեցան ու Աստուծոյ օգնութեամբ փրկուեցան»:
Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա սրբազան հայրը եւ գիւղիս հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը:
Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:



