Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն
Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր, 2017-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:
Տօնակատարութեան ներկայ էին գիւղիս հոգեւոր հայրերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս՝ Աշոտ Վարդանեան, Այնճարի բարեզարդման յանձնախումբի նախագահ՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին, ապա օրուան հանդիսավար Կրէյս Գալուստեան բեմ հրաւիրեց ընկհ. Մարինէ Գարայեան, արտասանելու տօնակատարութեան բացման խօսքը:
Ընկհ. Մարինէ Գարայեան նախ բազմութիւնը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայսի՝ յարգելու համար յիշատակը Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ վերջին շրջանին Լիբանանեան բանակի տուած զոհերուն, ապա ըսաւ, որ մեզ մէկտեղողը, ամէն տարուայ պէս, դարձեալ Մուսա լերան ոգին է, որ մենք մէկտեղուած ենք՝ ոգեկոչելու Մուսա Լերան նահատակներուն մղած հերոսամարտի սխրանքը: Ան շարունակեց. «Ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի Այնճարի հայկական դիմագիծի պահպանման, Այնճարի բարեզարդման եւ քաղաքապետութեան կողքին ու գիւղիս մէջ գործող երեք համայնքներուն ու քոյր միութեանց հետ ձեռք-ձեռքի պիտի շարունակենք ճառագայթող Այնճարը պահել ամբողջ հայութեան ներշնչման անսպառ աղբիւրը, այնպէս ինչպէս՝ 102 տարիներ առաջ Մուսա Լերան ժողովուրդը 40 օրերու հերոսամարտով իր ազդու պատգամը փոխանցեց ե՛ւ թուրքին, ե՛ւ յաջորդող սերունդներուն:»
Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ, ուր Համազգայինի «Քնար» պարախումբը ներկայացուց ազգագրական պար մը:
Օրուան պատգամախօս ընկ. Յակոբ Հանտեան ըսաւ. «Այսօր, մենք կը նշենք Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 ամեակը: Ժամանակը շատ բաներ փոխած է, սակայն թշնամին կը մնայ նոյնը: Թուրքը թուրք է, չի փոխուիր: Ան տակաւին կը պայքարի իր համաթուրանական երազներուն հասնելու: Այս դարուս, պէտք է արթուն ըլլալ, որովհետեւ համաշխարհայնացման ալիքը կը սպառնայ բոլոր ազգերու զաւակներուն, հեռացնելով անոնց իրենց ազգային արմատներէն, սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն»:
Ընկ. Յակոբ Հանտեան վեր առաւ Մուսա լերան ժողովուրդի սխրանքի կարեւորութիւնը 1915 թուականին, ինչ որ իրագործուեցաւ ժողովուրդի քաջութեան, միասնականութեան եւ առողջ բնազդի գոյութեամբ:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութիւններով ու հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ, ուր ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերու մեկնաբան, հայրենի երգիչ՝ Սեւակ Ամրոյեանը եւ աշուղական երգերու մեկնաբան՝ Գարմէն Աճէմեանը:
Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ. «Նոյնիսկ 100 տարի ետք եւ որքան ալ որ տարիները անցնին, Մուսա լերան հերոսամարտի յիշատակը վառ կը մնայ ամէն հայու հոգիի մէջ, միշտ յիշելով անոր խորհուրդը ու նակատակներուն զոհողութիւնն ու սխրագործութիւնները:»
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Տհոլահարներու համոյթը:
Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ազգային- յեղափոխական երգերով` կատարողութեամբ երգիչներ Սեւակ Ամրոյեանի եւ Գարմէն Աճէմեանի, ինչպէս նաեւ Լալէ Զէյթլեան ներկայացուց պալէի պար մը:
Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:






