Լուրերու Արխիվ

0921Nareg2


Վերջին Օծում Հոգելոյս Նարեկ Ա. Քհնյ. Շրիգեանի

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան թեմը ու հաւատացեալ ժողովուրդը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին վերջին յարգանքը մատուցեցին բազմավաստակ հոգեւորականի մը՝ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին, որ աւելի քան 60 տարիներ ծառայեց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին ու մեր ժողովուրդին, կերտեց պատկառելի վաստակ, վայելեց մեր ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը, եւ իր երկրաւոր կեանքը կնքեց Սեպտեմբեր 12ին։

Վախճանեալ քահանայ հօր վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի ունեցան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, ձեռամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ աղօթակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու։ Արարողութեան մասնակից եղաւ նաեւ Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։ Պատարագը մատուցեց Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան։

Սրբազանը սրբալոյս Միւռոնով եւ մեր եկեղեցւոյ կարգով կատարեց վերջին օծումը։ Արարողութեան աւարտին, ընթերցուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի ցաւակցական գիրերը։ Նշենք, որ վախճանեալ քահանայ հայրը, իբրեւ ուսուցիչ եւ հոգեւորական, ծառայած է Այնճարի, ապա նաեւ Արեւմտեան թեմի վեց եկեղեցիներու ծխական համայնքներուն։

Դամբանականը արտասանեց առաջնորդը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Նարեկ քահանայի կեանքի ուղեւորութիւնն ու նուիրեալ աշխատանքով կերտուած վաստակը։ Իբրեւ առաջնորդող մտածում՝ ան մէջբերեց կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակէն հետեւեալ տողերը. «Ամուր եւ հաստատուն մնացէք, միշտ աւելիով աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար, գիտնալով, որ ձեր յոգնութիւնը առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ»։ Ան նշեց, որ այսօր, տրտմութեամբ լեցուն սրտով հաւաքուած ենք վերջին յարգանը մատուցանելու Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին, որ հեղինակաւոր անհատականութիւն էր եւ նուիրեալ հոգեւորական։ Ան իր կեանքը կերտեց մեր եկեղեցւոյ եւ հայկական ուսումնարաններուն ծառայութեան ճամբով, եղաւ ընտանեսէր հայր ու ամուսին։ Առաջնորդը վեր առաւ վախճանեալ քահանայ Հօր նկարագրային հիմնական գիծերը, ընդգծելով, որ ան հաւատացեալ, քաջ, յանձնառու, չարքաշ ու հետեւողական մշակ մըն էր ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ։ Ան եղաւ եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն, սկսելով Այնճարէն մինչեւ Արեւմտեան թեմը, մնաց Կիլիկեան Ս. աթոռին հաւատարիմ առաքեալը, եղաւ կարգապահ, եւ կարգապահութիւն ներշնչեց գործակիցներուն, իր հօտը առաջնորդեց իբրեւ քաջ հովիւ։ Ան թէեւ ֆիզիքապէս կը բաժնուի մեզմէ, սակայն իր ետին կը թողու գեղեցիկ եւ մնայուն ժառանգութիւն մը, նաեւ կեանքի վաստակէն բխած յիշատակներ, որոնք մեզի հետ պիտի մնան ընդմիշտ։

Նարեկ քահանային վերջին հրաժեշտի այս պահը, շարունակեց սրբազանը, հոգեւորականներուս համար ուխտի վերանորոգման օր է, որպէսզի մենք եւս, վախճանեալ քահանայ հօր կերտած վաստակին հետեւողութեամբ վերակենսաւորենք մեր ծառայական առաքելութիւնը եւ շարունակենք սպասարկել մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։ Ան յանուն թեմին մէջ ծառայող միաբաններուն, հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ ցաւակցութիւն յայտնեց վախճանեալ քահանայ հօր զաւակներուն՝ Ցոլակի, Նեկտարի, Սալբիի, Նայիրիի, քրոջ՝ Սօսիի եւ անոնց ընտանեկան հարազատներուն, նշելով որ, Յոբի խօսքերով՝ տէր հայրը իր կեանքը կը կնքէ իբրեւ հասուն եւ արդիւնաբեր հասկ, ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ վախճանեալ քահանայ հօր յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ երկնային արքայութեան մէջ, ուր պիտի վերամիանայ երէցկին Պայծառի եւ իրմէ բաժնուած զաւակներուն։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վախճանեալ քահանայ հօր մարմինը փոխադրուեցաւ եւ վերջնական հանգիստի համար ամփոփուեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ։