Լուրերու Արխիվ

0920musa1

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Երկօրեայ Տօնախմբութիւններ Քալիֆորնիոյ Մէջ

9-10 Սեպտեմբեր 2017-ի շաբաթավերջը իւրայատուկ եղաւ Քալիֆորնիոյ հայութեան եւ յատկապէս մուսալեռցիներուն համար: Անոնք անգամ մը եւս համախմբուեցան յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու այն հերոսներու յիշատակին, որոնք հաւատարիմ մնալով «Մահ կամ Ազատութիւն» կարգախօսին՝ ո՛չ ըսին թուրքին, մեծով ու փոքրով լեռ բարձրացան եւ քառասուն օրեր հերոսաբար պաշտպանեցին իրենց ինքնութիւնը: Այո՛, Մուսա լերան ժողովուրդը քաջաբար կռուեցաւ եւ 18 անմահ նահատակներ տալով՝ փրկուեցաւ ու մեր պատմութեան մէջ փայլուն էջ մը արձանագրեց:

Պատմութիւն կերտած մուսալեռցի ժողովուրդի յաղթանակը տօնախմբելու եւ իր նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար մատաղ բաժնելու հաւատքով, այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւնը կազմակերպած էր երկօրեայ տօնախմբութիւններ, որոնք տեղի ունեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ «Կարապետեան» սրահէն ներս:

Շաբաթ, 9 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահը ուրախ եռուզեռի մէջ էր: Մեծ թիւով մուսատաղցիներ համախմբուած էին հոն, անգամ մը եւս վերապրելու իրենց նախահայրերու հպարտանքը եւ յարգելու անոնց վառ յիշատակը: Մինչ սրահի խոհանոցին մէջ կը պատրաստուէր աւանդական մատաղը, միւս կողմէ, սրահէն ներս կ՛ընթանար նոյն նպատակին համար կազմակերպուած խրախճանքի երեկոն՝ մեծ թիւով մուսատաղցիներու մասնակցութեամբ:

 Ափսո՜ս, որ մուսատաղցի տարեց սերունդէն ներկայացուցիչներ գրեթէ չեն մնացած, սակայն մուսատաղեան աւանդութիւններուն տիրապետած անոնց ժառանգորդները ուրախութեամբ կը պատրաստէին մատաղը: Ուրախալի էր մանաւա՛նդ տեսնել երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ՝ յանձինս Ասպետ Բաբիսեանի (թմբուկ) եւ Յովիկ Գպրսլեանի (զուռնայ), մեծ ճիգ թափելով տիրապետած էին Մուստաղի աւանդական թմբուկի եւ զուռնայի գործածութեան: Անոնք մուսալեռցին յատկանշող պարեղանակը ճշգրիտ եւ ոգեւորիչ նուագելով՝ շուրջպարի հանեցին բոլոր ներկաները անխտի՛ր: Խրախճանքի հանդիսավարութիւնը վստահուած էր յօդուածագիրիս, որ իր խրախուսիչ խօսքերով կրցաւ ստեղծուած զուարթ մթնոլորտը բարձր պահել մինչեւ ուշ երեկոյ:

«Մենք, իբրեւ հպարտ մուսատաղցիներ՝ պարտաւոր ենք միշտ յիշատակելու եւ հպարտանքը ապրելու մեր պապերուն, որոնք լեռ բարձրանալով՝ 40 օրեր ինքնապաշտպանութեան մարտեր մղեցին, նահատակներ տուին, բայց եւ այնպէս գոյատեւեցին եւ մանաւա՛նդ՝ պատմութիւն կերտեցին: Ուրախ ենք, որ մեր սրբացած նահատակ հերոսներու երիտասարդ ժառանգորդները նաեւ կը հետեւին մեր աւանդութիւններուն, եւ այսօր կը հնչեցնեն մեր պապերու յաղթանակները յիշեցնող տիրական տհոլն ու զուռնան», ըսաւ հանդիսավարը:

Ուրախ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ ներկաները ոչ միայն երկար պարեցին, այլեւ իրենց նուիրատուութիւններով մատաղի ծախսերը հովանաւորեցին:

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ԿԱՅԾԱԿ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ

Կիրակի, 11 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց մուսալեռցիի ժառանգորդ նորաօծ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան՝ աղօթակից ունենալով նոյն եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Աւագ քհնյ. Վասիլեանը:

Պատարագին հանդիսապետեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ օրուան քարոզը եւ մատաղօրհնէքը կատարեց: Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամներէն դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, ռումանահայերու «Րաֆֆի» միութեան եւ շրջանի հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով մուսալեռցիներ։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. առաջնորդարանի բարերարներէն՝ հանգուցեալ Կայծակ Օհաննէսեանի այրին՝ Անահիտ Օհաննէսեան եւ հարազատները, բարերարի մահուան Ա. տարելիցի հոգեհանգիստին առիթով։

 Իր պատգամին սկիզբը, առաջնորդը յայտնեց, թէ յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօնի պահուն, յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի հանգուցեալ բարերար Կայծակ Օհաննէսեանի հոգւոյն համար. առաջնորդը, այս առիթով, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ բարերարի վաստակին ու բարեգործութիւններուն՝ նշելով, որ Ազգ. առաջնորդարանը, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին, «Րաֆֆի» միութիւնը եւ առհասարակ մեր ժողովուրդը տարի մը առաջ կորսնցուցին խոնարհ, ազնիւ եւ նուիրաբերող հայորդի մը, որ իր ծննդավայր Ռումանիայէն մինչեւ մեր ափերը գործեց լուսարձակներէ հեռու։ Ան այս առիթով ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալ բարերարի այրիին, հարազատներուն եւ «Րաֆֆի» միութեան։

Իր քարոզին մէջ, առաջնորդ հայրը ընդգծելով Մուսա լերան քաջարի ժողովուրդի գոյատեւելու կամքն ու մղած հերոսամարտի պատմական կարեւորութիւնը՝ ըսաւ. «Անհաւասար մարտերը աւարտեցան յաղթանակով. բուռ մը նահատակներու զոհաբերութեամբ՝ ժողովուրդը շահեցաւ գոյատեւման իրաւունքը: …Յարգանքո՛վ խոնարհինք Մուսա լերան հերոսամարտի կերտիչներու յիշատակին եւ աննահանջ կերպով շարունակենք անոնց կտակին կենսագործման մեր երթը»:

ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Պատարագի աւարտէն ետք, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ նորընծայ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի ու սարկաւագներուն, թափօրով ուղղուեցաւ «Կարապետեան» սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Հոգեւոր առաջնորդը անգամ մը եւս ընդգծելով Մուսա լերան ժողովուրդին պատմական արարքը՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Քալիֆորնիոյ «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան եւ բոլոր մուսալեռցիներուն, որոնք անմար կը պահեն իրենց հերոս պապերուն յիշատակը: Ապա հրաւիրեց ներկաները խմբերգելու «Մուսա լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք» երգը՝ մաղթելով, որ Աստուած ընդունելի գտնէ օրուան մատաղը:

 Այնուհետեւ, բեմը յանձնուեցաւ օրուան պատգամախօս՝ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Հայկական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանին, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար, եւ իբրեւ հպարտ մուսալեռցի՝ տարիներու յաջորդականութեամբ ներկայացուց հայ, օտար եւ թուրք հեղինակներու այն բոլոր հրատարակութիւնները, որոնք անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Մուսա լերան հերոսամարտին, Մուսա լերան պատմութեան ու ժողովուրդին, անոր Այնճար փոխադրութեան ու գոյատեւման մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ՝ Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած եւ այդ մարտերէն երեք նկարներ կրող դրոշմաթուղթի հրատարակութեան, որ մեծապէ՛ս գնահատելի է: Դոկտ. Շէմմասեան նաեւ քաջալերեց ներկաները ունենալու բոլորիս ծանօթ «Խոստումը» ժապաւէնէն օրինակ մը եւ անոր վաճառքի քարոզչութիւնը կատարելու, որովհետեւ անոր հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին: Ան նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ շուտով Մուսա լերան Վագըֆ գիւղին մէջ բացումը պիտի կատարուի հայկական արդիական կեդրոնի մը, որ պիտի ունենայ նաեւ իր թանգարանը, ուր պիտի տեղադրուին Մուսա լեռը եւ յատկապէս Վագըֆ գիւղը յատկանշող նկարներ եւ իրեր:

 Եզրակացնելով, Շէմմասեան քաջալերեց ներկաները եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը՝ հետաքրքրուելու, ընթերցելու եւ իմանալու Մուսա լերան մասին պատմող նորութիւնները, որպէսզի իրենց հոգեկան եւ իմացական կապը միշտ մնայ Մուսա լերան հետ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մատաղի բաշխումը: Ներկայ ժողովուրդն ու մուսալեռցիները ճաշակեցին համադամ մատաղը, զրուցեցին տեղւոյն եւ հեռաւոր շրջաններէ ժամանած իրենց հայրենակիցներուն հետ, ապա մուսալեռցի նահատակներու քաջութեամբ վերանորոգուած վերադարձան տուն՝ պահանջատիրութեան ոգին խորապէ՛ս դրոշմած իրենց էութեան մէջ:

Մարօ Քէշիշեան

?>