Պարէտ Մարոնեանի «Women of 1915» ֆիլմի ցուցադրութիւն
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին երէկ` Կիրակի, 29 հոկտեմբեր, 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պրն. Յակոբ Այնթապլեան, որ ներկայացուց Պարէտ Մարոնեանը, նշելով որ ան որոշ ժամանակ մը ապրած է Այնճարի մէջ, եւ ահա այսօր կը գտնուի մեր մէջ, իր գնահատելի աշխատանքով, որ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ցուցադրուեցաւ եւ այսօր կը ցուցադրուի Այնճարի մէջ, ներկայութեամբ Պարէտ Մարոնեանին:
Շուրջ մէկուկէս ժամ հանդիսատեսը ժապաւէնին ընդմէջէն վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը, հայ ժողովուրդի զաւակներուն կրած խոշտանգումները, տառապանքները, մասնաւորապէս հայ կնոջ ապրած տանջանքները, սարսափազդու պահերը, բայց նոյն ատեն նաեւ ոտքի կանգնելու վճռակամութիւնը, ապրելու եւ պայքարելու կամքը, ապրելու եւ իրեն հետ ապրեցնելու նաեւ ուրիշներ: Ժապաւէնը անդրադարձաւ նաեւ այն մարդասէր օտար քոյրերուն, որոնք իրենց հանգիստ երկիրները ձգելով հասած են հայ ժողովուրդին, օգնութեան ձեռք երկարած եւ ամէն գնով աշխատած պահել, գուրգուրալ, եւ կրկին ոտքի հանել հայ որբերը:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Պարէտ Մարոնեան, որ ըսաւ, թէ մեծ ուրախութիւն է իրեն համար գտնուիլ Լիբանան, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ ժապաւէնին վրայ մեծ թիւով մարդիկ աշխատած են եւ ան միշտ փորձած է իր երախտագիտութիւնը յայտնել անոնց: Ան նշեց, որ ժապաւէնը միջազգային աշխատանքներով մէջտեղ եկած է. աշխարհի տարբեր կողմերէն հայեր եւ ոչ հայեր սիրայօժար օժանդակած են ժապաւէնի պատրաստութեան: Ան ըսաւ, որ միջազգային տարողութիւն ունեցող պատմութիւններ պատահած են մեզի` հայերուս, եւ մենք ձեւը գտած ենք մեր պատմութիւնները միջազգայնականացնելու եւ ներկայացնելու հազարաւոր մարդոց: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ «Ցեղասպանութեան որբերը» իր առաջին ժապաւէնը յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի, իսկ այսօր կը յայտարարէ, որ նոյն ճամբով պիտի տանի «1915-ի կիները»:
Ապա Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վազգէն Գալոշեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը, որ աւարտին պատասխանեց ժապաւէնի մասին ներկաներուն ուղղուած հարցումներուն: