Ազգը Միացեալ Քայլերու Ակնկալութեամբ (Չարտասանուած խօսք՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Բնականաբար գիտէի, որ համաժողովին խօսք առնողներուն տրուած ժամանակը քանի մը վայրկեան պիտի ըլլար, հետեւաբար անհրաժեշտ էր, որ խօսքս կրճատէի` «մատը վէրքին վրայ դնել»-ով , ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը:
Հետեւաբար խօսքս սահմանափակեցի` ինծի համար ամէնէն հրատապ թուացող հինգ հարցերու անդրադառնալով, կարելի եղածին չափ սեղմ եւ յստակ կերպով:
Ա.- Մեծագոյն ներդրումը մարդու վրայ կատարուած ներդրումն է. հետեւաբար հայութեան ամբողջ ներուժը պէտք է օգտագործել կրթութեանբնագաւառին վրայ` առաջնահերթութիւն նկատելով սերունդներու պատրաստութիւնը թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Ուսեալ, կրթուած եւ հայրենասէր սերունդը կրնայ լուծել հայութեան դիմաց ցցուող բոլոր խնդիրները: Հետեւաբար ուսուցիչները պէտք է վարձատրուին ինչպէս երեսփոխաններն ու նախարարները:Կարելի չէ կէս անօթի դաստիարակներով լաւ սերունդ պատրաստել: Միայն որակաւոր ուսուցիչներէն առողջ սերունդ դուրս կու գայ: Պէտք չէ մտահան ընել, որ Թիֆլիսի «Ներսիսեան»-ի, Պոլսոյ «Կեդրոնական»-ի, Կարնոյ «Սանասարեան»-ի, Էջմիածնի «Գէորգեան»-ի, Երուսաղէմի «ժառանգաւորաց»-ի շրջանաւարտներն էին գլխաւորաբար հայոց պատմութեան վերջին շրջանի կարեւորագոյն դերակատարները: Հայ ուսուցիչը ազգի փրկութեան բանալիներէն մէկն է եւ պէտք է արժանանայ ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ նիւթական քաջալերանքի:
Բ.- Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները, որոնք կը գործեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, բացի ընթացիկ պետական աշխատանքներէն, պէտք է ունենան ազգային օրակարգ: Ազգային օրակարգի մէջ կ՛իյնան սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու աշխուժացումը, հայկական մասնագէտ մարդուժի դէպի հայրենիք առաջնորդելը,օտար ձեռներէցներու սիրաշահումը, մշակութային կապի զարգացումը, սփիւռքահայ ուսանողներու հայրենիքի մէջ մասնագիտանալու քաջալերումը…
Սփիւռքահայը պէտք է զգայ նեցուկը իր հայրենիքին, մանաւանդ` ճակատագրական պահերուն: Երբ երկու տարի առաջ վտանգաւոր կացութիւն ստեղծուեցաւ Մուսա Լեռ-Այնճարի շրջակայքը, «դուրսէն» արագ արձագանգ չեղաւ դժբախտաբար, մինչ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն հայրենի արձակագիր Մուշեղ Գալշոյեան կը դիմէր պետութեան` արտօնութիւն խնդրելով Լիբանան մեկնիլ իր վտանգուած քոյր-եղբայրներուն օգնութեան հասնելու համար:
Հայաստանի դեսպաններուն աշխատանքը շատ աւելի մեծ տարողութիւն պէտք է ունենայ: Անհրաժեշտ է նաեւ հիւպատոսներու թիւի բարձրացումը` տարածուելով բոլոր հայկական միջավայրերէն ներս:
Գ.- Հայութիւնը, առանց մեր կամքին, տարածուած է աշխարհի չորս ծագերուն: Այս իրողութիւնը իր բազմաթիւ թերութիւններով հանդերձ, կրնայ նաեւ առաւելութիւն մը նկատուիլ: Վերջապէս, քանի՞ ազգեր ունին մեր հնարաւորութիւնները աշխարհի տարածքին: Բոլոր բնագաւառներուն մէջ հայութեան հնարաւորութիւնները անսահման են: Պէտք է բացայայտել եւ ազգի հզօրութեան ի նպաստ օգտագործել այս հնարաւորութիւնները:Հայութիւնը սփիւռքի մէջ, իր կազմակերպուած կառոյցներով, անգնահատելի գանձ է հայրենիքին համար: Սփիւռքի մէջ հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, Հայ եկեղեցւոյ համայնքներու լաւ կազմակերպուածութիւնը կրնայ մեր ազգը վերածել ամէնէն ամուր, ամէնէն արդիւնաբեր եւ ամենաուժեղ ազգերէն մէկը:
Դ.- Պէտք է վերջնականապէս յստակացնել հայ ժողովուրդի ապագայի տեսիլքը: Ինչի՞ կը ձգտի հայութիւնը:
Հզօր, խաղաղ, անվտանգ, զարգացող, պահանջատէր եւ արդար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններո՞ւ:
Հզօր, պահանջատէր, զարգացող եւ հայաստանեան ուղղուածութիւն ունեցող սփիւռքի՞:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ծիծեռնակաբերդի հռչակագիրի վերջին կէտը (Պաշտպան կանգնիլ հայրենի սրբազան ժառանգութեան` ծառայելով յանուն `
– Առաւել հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան,
– Անկախ Արցախի առաջընթացին եւ զօրացման,
– Աշխարհասփիւռ հայութեան գործօն համախմբման,
– Համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացման) եթէ կ՛ամբողջացնէ մեր բոլորին տեսիլքը, զայն պէտք է վերածել հայկական պատուիրաններու, որոնք պէտք է տարածուին բոլոր հայկական կեդրոններուն, դեսպանատուներուն, ակումբներուն, կրթական հաստատութիւններուն եւ բոլոր հայկական բնակարաններուն մէջ: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է սրբութիւն նկատէ այս պատուիրանները` իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց իրագործումին:
Ե.- Ազգը միացնող քայլերու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Հայութեան տարբեր հատուածները աւելիով իրարու կապուած պահելու համար պէտք է աշխատիլ նուազեցնել տարբերութիւնները եւ ցցուն դարձնել նմանութիւնները: Անհրաժեշտ է ազգը միացնող քայլերու նախաձեռնել: Կարելի է քանի մը օրինակներ տալ.
Ա.- Հայոց լեզուի միատեսակ ուղղագրութեան որդեգրում: Անկարելի է այսպէս շարունակել: Ազգ մը չի կրնար մէկ լեզու եւ երկու ուղղագրութիւն ունենալ:
Քաջալերական էր լսել սփիւռքի նախարարութենէն, թէ այս հարցով մասնագէտներու յանձնախումբ մը կազմուած է: Յուսանք, որ կարելի ըլլայ եզրակացութեան մը հասնիլ:
Բ.-Արագ, ճշգրիտ եւ տարածուն լրատւութիւն, որ իրարու աւելի կը ծանօթացնէ եւ կը մօտեցնէ հայութեան տարբեր հատուածները: Ուրախութեամբ կարելի է ըսել, որ այս ծիրին մէջ նկատելի է արդէն որոշ աշխատանք:
Գ.- Հայաստանի ազգային ժողովին մէջ անհրաժեշտ է սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող երեսփոխաններու ներկայութիւնը: Չմոռնանք, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կային խումբ մը երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնէին արեւմտահայութիւնը: Եթէ ճիշդ է, որ ափիւռքի մէջ կ՛ապրին շուրջ 7 միլիոն հայեր, ապա անհրաժեշտ է, որ այդ հայութիւնը ունենայ իր ներկայացուցիչները Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ: Բաւարար չէ մէկ նախարարական պաշտօնով գործադիր իշխանութեան մէջ սփիւռքը ներկայացուած նկատել:
Դ.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հայութիւնը պառակտելու նպատակով, հայրենի մեր ժողովուրդին ներկայացուեցաւ խեղաթիւրուած պատմութիւն մը, մանաւանդ` հայոց պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանը: Հանրապետութիւն կերտած ղեկավարները անտեսուեցան եւ հակահայ գործիչներ մեծարուեցան: Ժամանակը եկած է, որ արժանին մատուցուի արժանաւորին, եւ դատապարտուին ազգին վնաս հասցուցած շինծու «ղեկավարներ»-ը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը լաւ առիթ է այս սրբագրութիւններուն համար: Ուրախացնող երեւոյթ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական յանձնաժողովի յառաջացումը, որ կոչուած է լաւագոյնս կազմակերպելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը: Ճիշդ քայլ է նաեւ Երեւանի քաղաքապետութեան ծրագիրը` հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցնելու Երեւանի մէջ: Ակնկալելի է անշուշտ, որ Արամ Մանուկեանը դառնայ Հանրապետութեան հրապարակի խորհրդանիշը: