Երեքշաբթի 7 Նոյեմբեր, 2017-ին, մահացաւ Դշխուն Տուտագլեան Կիւտէշեան (Ծնեալ 1940):
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի 8 Նոյեմբեր, 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:
Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցած Պէյրութի միջազգային 15-րդ մարաթոնին դարձեալ մասնակցեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութը ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան: Այսպիսով, ան մարաթոնի գլխաւոր մրցումին` 42,195 քիլոմեթր վազքին մասնակցեցաւ յաջորդաբար 15-րդ անգամն ըլլալով:
Լեւոն Թաշճեանէն բացի մարաթոնին մասնակցեցան նաեւ բազմաթիւ լիբանանահայեր, նաեւ Այնճարցի երիտասարդներ, որոնք այս մարաթոնին վազեցին հազարաւոր լիբանանցիներու կողքին:
Լեւոն Թաշճեան արձանագրելով 4 ժամ 32′ 00″ արդիւնք մը, իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի, Շաբաթ, 4 Նոյեմբեր, 2017-ին առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Այնճարի ՀՄԸՄ–ի նորակառոյց համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք՝ Հայկազեան համալսարանի, ՔԱՀԼ-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի պասքեթպոլի խումբերուն միջեւ:
Մրցաշարքին նպատակն էր դրամահաւաք ի նպաստ՝ ՔԱՀԼ-ի:
Յայտագիրը ընդգրկեց ճաշ եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի պասքեթպոլի աղջիկներու խումբին այցելութիւն:
Մրցումներէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխում, ուր բաժակներ ստացան Հայկազեան համալսարանի պասքեթպոլի խումբը՝ հանդիսանալով երկրորդ եւ ՔԱՀԼ-ի պասքեթպոլի խումբը՝ հանդիսանալով առաջին: Նաեւ, լաւագոյն մարզիկի բաժակ ստացաւ գիւղիս զաւակներէն` Վարագ Քէօշէեան:
Մրցաշարքին աւարտին խօսք առաւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ նշեց թէ Այնճարի ՀՄԸՄ–ի նորակառոյց համալիրը այսպիսի նախաձեռնութիւններու համար է որ հիմնուեցաւ, վառ պահելով ամէն հայ երիտասարդի մէջ մարզական ոգին:
«Հորիզոն»-Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ պատրաստուած «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին վրայ հիմնուած այս ցուցահանդէսը առաջին անգամ ներկայացուած էր Մոնթրէալի մէջ 2015-ին, օժանդակութեամբ Գանատայի կառավարութեան ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Գանատական դեսպանութեան:
Մոնթրէալի ցուցադրութենէն ետք, վերջապէս ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Կեդրոնական գրադարանին մէջ, 1 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, օտար հիւրերու բազմամարդ ներկայութեամբ: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ Մարմնին եւ «Սառա Քորնինկ» հիմնարկին կողմէ, համագործակցութեամբ հրէական «Սառա եւ Շէյմ Նիւպըրկըր» ողջակիզման ուսուցման կեդրոնին՝ ողջակիզման ուսուցման նուիրուած շաբթուան նախօրէին, որ տեղի կ՚ունենայԹորոնթոյի մէջ ամէն տարի Նոյեմբերի առաջին շաբաթը (Նոյեմբեր 2-9): Սոյն ձեռնարկին յատուկ հրաւէրով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայ Դատի յանձնախումբը եւ «Սառա Քորնինկ» կեդրոնը տարեկան դրութեամբ:
Թորոնթոյի Կեդրոնական գրադարանի երրորդ յարկին անկիւններէն մէկը տրամադրուած էր այս ցուցադրութեան, որուն տեւողութիւնը պիտի ըլլայ ամբողջ Նոյեմբեր ամիսը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին գրադարանի պաշտօնէութիւնը, ապա «Սառա Քորնինկ» կեդրոնի վարչական կազմի անդամ ընկեր Լեւոն Սարմազեանը հրաւիրուեցաւ իբրեւ բեմավար:
Առաջին հերթին ան հրաւիրեց հրէական ողջակիզման կեդրոնի ներկայացուցիչը, որ իր սրտին խօսքը փոխանցէ՝ ցեղասպանութեան եւ ողջակիզման ուսուցման շաբթուան առթիւ:
Ձեռնարկին գլխաւոր հիւրն էր Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորին, որ շեշտեց պատմական իրողութիւնները յիշելու կարեւորութիւնը եւ դաստիարակելու նոր սերունդը մարդկային իրաւանց եւ խտրականութեան դէմ, ապագայի ցեղասպանութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու առաջքը առնելու ոչ միայն Գանատայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան բարձր գնահատեց Թորոնթոյի հայ գաղութը, իր մարդկային գիտակցութեան համար, զոր լաւապէս արտայայտած էր վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, երբ մեծ հոգատարութեամբ ընդունած էին սուրիահայ գաղթականները:
Ան բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնը, մարդասիրութիւնն ու վերանորոգուելու եւ վերապրելու կամքը, ինչպէս՝ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, նոյնպէս Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմներուն ընթացքին:
Ընկեր Լեւոն Սարմազեան ներկայացուց ներկաներէն ամենատարեց մուսալեռցի ընկեր Քրիստափոր Գազանճեանը՝ իբրեւ ըմբոստութեան սերունդի ներկայացուցիչ, ապա բեմ հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Օնթարիոյի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Գրիգոր Շիթիլեանը, որ փոխանցէ իր պատգամը: Ան հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք 100-ամեակի Գանատայի յանձնախումբի աշխատանքները, հաստատեց, թէ Մուսա Լերան հերոսամարտը միայն մէկն է այն բազմաթիւ ծառացումներուն, զորս հայ ժողովուրդը դրսեւորեց ցեղասպանութեան տարիներուն, ինչպէս՝ Վանի, Սվազի, Ուրֆայի, Զէյթունի եւ Այնթապի մէջ: Ապա 100-ամեակի Մարմնին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Սառա եւ Շէյմ Նիւպըրկըր» ողջակիզման դաստիարակութեան կեդրոնին, որ առիթ ընծայեց «Սառա Քորնինկ» կեդրոնին ճամբով ծանօթացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը «Մուսա Լերան 40 օրեր»ուն ընդմէջէն:
Ձեռնարկին աւարտին Թորոնթոյի քաղաքապետին նուիրուեցաւ նորատիպ օրինակ մը «Անմոռուկ» Մատեանէն, որ ամփոփումն է Թորոնթոյի եւ Հարաւային Օնթարիոյի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն:
Հովանաւորութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի Մասնաճիւղի վարչութեան, սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, Կիրակի, Նոյեմբեր 5, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00ին, Այնճարի ՀՄԸՄ–ի նորակառոյց համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ-ի Վերամուտի Պաշտօնական Արարողութիւնը:
Այնճարի փողերախումբի առաջնորդութեամբ, սկաուտական փաղանգը տողանցելով ուղղուեցաւ դէպի «Ս. Պօղոս» եկեղեցի, ապա Այնճարի ՀՄԸՄ–ի նորակառոյց համալիր: Յայտագիրը ընթացք առաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց սկաուտական աստիճանատուչութիւնները:
Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետը, Հ.Մ.Ը.Մ Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, Այնճարի մարմիններու ներկայացուցիչներն ու Հ.Մ.Ը.Մ-ի համակիրները
Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց քոյր Տաթեւ Ադամեան: Ողջունելով ներկաները, մաղթեց բոլորին որ 2017-2018 տարեշրջանը ըլլայ բեղուն գործունէութեամբ և յաջողութիւններով լի տարի մը, համայն Հ.Մ.Ը.Մ-ի ընտանիքին համար:
Յայտագիրը ընթացաւ սկաուտական խումբերու ներկայացումով:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ:
Կեցցէ՜ Հ.Մ.Ը.Մ-ի ընտանիքը, մանաւանդ անոր չարքաշ և հայրենասէր սկաուտները: