Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Այնճար Մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, Շաբաթ 25 նոյեմբեր 2017ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնքեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լիբանանեան խոհանոցի երեկոյ, որուն ընթացքին սկաուտները վաճառեցին լիբանանեան ուտեստեղէն եւ գեղարուեստական յայտագրով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Վարձքը կատար քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Ծնողական Յանձնախումբին՝ Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ տեղի ունեցաւ “Ladies’ Night”:
Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ծնողական Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Թալին Շաննաքեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կը կանգնին յանձնախումբի եւ վարժարանի աշխատանքներուն:Ան շարունակեց ըսելով թէ սոյն խրախճանքի հասոյթը պիտի տրամադրուի վարժարանի գոց խաղավայրի շինութեան:
Ներկաները Ճոխ եւ անակնկալներով լեցուն երեկոյ մը անցուցին երգչուհի Լարաի հետ՝ որուն նուագով ընկերակցեցան Յակոբ եւ Շանթ Փիլաւճեանները, իսկ օրուայ թամատան էր օրիորդ Լուսիկ Քէնտիրճեանը:
Երեքշաբթի 21 Նոյեմբեր, 2017-ին Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտները լսելէ ետք հերոսական պատմութիւններ ու միասնաբար լիբանանի դրօշակով պաստառ մը շինելէ ետք այցելեցին քաղաքապետարան, ու իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները ներկայացուցին քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին, որ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ պաստառին պատրաստութեան, որուն վրայ ան ստորագրեց:
Երկուշաբթի՝ 13 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Միջնակարգ եւ Երկրորդական դասարաններու աշակերտները՝ իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէնութեանց հետ ուղղուեցան Պէյրութ՝ այցելելու Լիբանանի նախագահական պալատ:
Այցելութիւնը՝ զորս անակնկալ էր աշակերտութեանց եւ ուսուցչակազմին, կազմակերպուած էր Լիբանանի Անկախութեան Տօնին առթիւ:
Պատուիրակութիւ...նը ժամանեց նախագահական պալատ, յատուկ արտօնագրութիւններ ստանալէ եւ ապահովական գործարկութիւններէ անցնելէ ետք :
Այնուհետեւ աշակերտները առիթը ունեցան շրջելու եւ ծանօթանալու նախագահական պալատի տարբեր բաժանմունքներուն:
Աշակերտները այցելեցին նաեւ նախարարական ժողովասրահը՝ ուր անոնց առիթը տրուեցաւ իրենց խօսքը ուղղելու լիբանանի նախարարական կազմին:
Ապա յատուկ գործունէութիւններու միջոցաւ՝ աշակերտները ծանօթացան Լիբանանի եւ շրջանի պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ այլ օգտաշատ գիտելիքներու:
Վերջապէս վարժարանիս աշակերտութիւնը, ուսուցչակազմը եւ տնօրէնութիւնը լուսանկարուեցաւ Լիբանանի նախագահ՝ Միշէլ Աունին հետ:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնքեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները, Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ, մեկնեցան քաղաքապետարան, ու իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները ներկայացնելէ ետք, լիբանանի դրօշակը ներկայացնող յուշանուէր մը նուիրեցին քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանին: Այնուհետեւ, մանկապարտէզի փոքրիկները ծանօթացան քաղաքապետարանի տարբեր բաժանմունքները: