Հովանաւորութեամբ՝ Լ.Օ.Խ.-ի շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ՝ Այնճարի քաղաքապետութեան, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր, 2017-ին բացումը կատարուեցաւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած, Ամանորեայ տօնավաճառին, մասնաճիւղիս «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս:
Բացման հանդիսութիւնը, աղօթքով եւ օրհնութեամբ, կատարեց Տէր Միւռոն Քհն. Աւէտիսեան: Ներկայ էին Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, քաղաքապետ ընկ. Վարդգէս Խօշեան, Կարմիր Լեռ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ժագ Տաղլեան, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութենէն, ընկերուհիներ՝ Մարօ Թազեան եւ Ցօղիկ Հաւաթեան, Լ.Օ.Խականներ եւ համակիրներ:
Տօնավաճառին իրնեց մասնակցութիւնը բերին, Աղթամար մասնաճիւղի ձեռարուեստի եւ ընկերային յանձնախումբերը, որոնք, իրենց ճարտար մատներով պատրաստած ձեռագործներ, յուշանուէրներ եւ հայկական ամանորեայ յատուկ ուտեստեղէններ վաճառեցին: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Այնճարէն այլ շնորհալի տիկիններ առիթին յատուկ արտադրութիւններով:
Վարչութեան անունով ընկհ. Լիզա Քէլէշեան Թիւմպէրեան բարի գալուստի խօսքերէն ետք, անդրադարցաւ հայկական ասեղնագործութեան եւ անոր պահպանման ու տարածման կարեւորութեան: Ապա Այնճարի քաղաքապետ՝ ընկ. Վարդգէս Խօշեան. դրուատեց հայ տիկնոջ դերը դարերու ընթացքին մինչեւ օրս: Որմէ ետք Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան նշեց իգական սերի կարեւորութեան մեր ընտանիքներէն ներս: Կարմիր Լեռ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ժագ Տաղլեան, ի տես ձեռնարկի յաջողութեան շնորհաւորեց ընկերուհիները: Ի վերջոյ, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան անունով, ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան խօսք առնելով շեշտը դրաւ հաւաքական աշխատանքի դրական արդիւնքին վրայ եւ հաստատեց թէ, պատկան մարմինները միշտ թիկունք կանգնած են Լ.Օ.Խ.-ի աշխատանքներուն յաջողութեան:
Տօնավաճառը շարունակուեցաւ նաեւ Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր-ին ուր, վաճառքին առընթեր, Կաղանդ պապուկը իր օգնականներով այցելեց Այնճարի երեխաներուն: Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ ան 200 փոքրիկներու բաժնեց նուէրներ. մեծ անձեռոց եւ ուտեստեղէն, տրամադրուած Այնճարի քաղաքապետութենէն:



