
Կազմակերպութեամբ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին, Ուրբաթ 8 Դեկտեմբեր, 2017-ին առաւօտեան ժամը 10-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնքեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ նախաճաշ:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկ. Վարդուկ Գապագեան եւ թամատան էր Տիկ. Նարէ Քէօշկէրեան:
Ներկաները ուրախ մթնոլորտով պարեցին Այնճարի շուրջ պարը, եւ բարձր տրամադրութիւններով ու նուէրներով մեկնեցան տուն:























