Կազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին եւ նախագահութեամբ Պեքաայի նահանգապետ Անթուան Սուլէյմանի, Շաբաթ 9 Դեկտեմբեր, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին լուսաւորուեցաւ Այնճարի հրապարակին վրայ զետեղուած տօնածառը:
Տօնածառի լուսաւորման հանդիսութեան ներկայ էին Պեքաայի նահանգապետ Անթուան Սուլէյման, Այնճարի բարեզարդման յանձնախումբի նախագահ՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Միջին Պէքայի քաղաքապետութիւններու համախմբումի նախագահ Պրն. Մոհամմէտ Ալպասըթ, Մաքսէի քաղաքապետ Պրն. Աթէֆ Ալ Մայս, Այնճարի փոխ քաղաքապետ իրաւաբան Նազօ Անտէքեան, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի շեփորախումբի կատարողութեամբ քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք, խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ նշեց որ Այնճար միշտ ցոյց կու տայ ու կը վայելէ փոխադարձ յարգանք շրջակայ գիւղերէն:
Ապա, խօսք առաւ Պեքաայի նահանգապետ Անթուան Սուլէյման, որ իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց ներկաները Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով, ապա ան ըսաւ. «Հայ ազգը, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն է աշխարհի վրայ, մինչեւ օրս կը քալէ Յիսուս Քրիստոսի ճամբուն վրայ, որ սիրոյ, ներողամտութեան եւ խաղաղ կեանքի ճամբան է:» Ան շարունակեց. «Հայ ժողովուրդը մշակոյթով հարոստ, արուեստի տէր ազգ մըն է, եւ մենք չենք զարմանար այսօր այս նախաձեռնութեան դիմաց, ուր ամբողջ Այնճարը կը փայլի տօնական մթնոլորտի մը մէջ:»
Ապա, ան պարգեւատրուեցաւ յուշանուէրով մը Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ:
Հանդիսութեան աւարտին, պաշտօնական պատուիրակութիւնն ու ներկաները մեկնեցան «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոն, ուր հիւրասիրուեցան:
Պաշտօնական պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ-ի համալիրը:




