Լուրերու Արխիվ

Boghos Ghougassian 2218

Ձմրան շարունակուող տերեւաթափը չխնայեց խլելու վարժարանիս ծառէն ոսկեայ տերեւ մը…

Յանկարծակի կորուստը ընկեր Պօղոս Ղուկասեանի` խայթող կսկիծ մը պիտի մնայ վարժարանի ընտանեկան յարկին տակ:

Տակաւին երէկ էր, երբ ընկեր Պօղոսը, խնամակալութեան վերջին նիստին, խանդավառութեամբ կը զեկուցէր վարժարանի ամրապնդման ուղղութեամբ իր մէկ նախաձեռնութեան տարբեր խոչընդոտներու վերացումին մասին: Այնուհետեւ, կը յիշեցնէր, որ տարի մը առաջ իր մշակած այլ ծրագիրի մը USAID-ի կողմէ հաւանութեան արժանանալուն առիթով մեզի նուիրած գինիի շիշը պիտի բացուի, անմիջապէս որ ծրագիրի գործնական աշխատանքներուն մեկնակէտը նշանակուի…

Այսպէս էր. հակառակ ծանրաշարժ թուացող իր արտաքին կերպարանքին, ունէր պատանեկան վառ եռանդ եւ այդ եռանդով կը փորձէր համակել նոյնիսկ ամենաթերահաւատ անձը յատկապէս` գաղափարի գործնականացման իր յամա՛ռ, բայց լո՛ւռ ջանադրութեամբ: Չէր զեկուցեր մինչեւ շօշափելի առաւելներ ձեռք ձգած չըլլար աշխատանքի հունին մէջ:

Ժողովներուն, սկիզբէն մինչեւ աւարտ, իր ներկայութեան վարժեցուցած էր բոլորս, ըլլալու վերջին զեկուցողը. վարքագիծ մը, որ իր համեստ, ազնիւ ու համբերատար նկարագիրէն կու գար:

Պարտաճանաչ, յանձնառու եւ ճշդապահ` ամէն պարագայի տակ: Ունէր բոլորս զարմացնող ու ակներեւ տոկուն կամք մը, որ տեղի չէր տար ամենատարբեր արգելքներու եւ սրտնեղութիւններու առջեւ:

Ընկեր Պօղոսի մասնագիտութիւնն ու ասպարէզը, ինչպէս նաեւ գաղափարական ուխտաւորութիւնը համահունչ էին իր խառնուածքին: Համահունչ այս միասնութեան մէջ ոչ մէկ արհեստական ճիգ կար: Իր նկարագիրը այս բոլորին հարազատ համակեցութեան թարգմանն էր պարզապէս:

Այդպէս պէտք էր ըլլար, որովհետեւ ընկեր Պօղոսը գիւղի այն պատանիներէն էր, որ ուսման եւ գիտութեան ծարաւը յագեցնելու իր հրայրքին մէջ, իր մօր քաջալերանքին հետ, ի՛նք եւս պայքարեցաւ իր ճակտի քրտինքով եւ անխոնջ ու մաքառող մտասեւեռումով: Չբաւարարուեցաւ ուսողութեան եւ բնագիտութեան իր վկայականներով եւ գնաց Միացեալ Նահանգներ` մասնագիտանալու համար կենսոլորտային ճարտարագիտութեան, իսկ Անգլիոյ մէջ` այլընտրանքային գիւղատնտեսութեան մէջ:

Նկարագրային այս բնորոշման մէջ ակնբախ է, որ ընկեր Պօղոսը մաս կազմեց վարժարանիս ուսուցչակազմի այն սերունդի երիտասարդներուն, որոնք իրենց ուսման աւարտին եւ նոյնիսկ անոր զուգահեռ` վերադարձան գիւղ, թէկուզ` կարճ շրջանի մը համար եւ ապահովեցին ու ամրապնդեցին ազգային վարժարանի երկրորդական ուսման անցումը: Վարժարանիս աւելի քան 75-ամեայ պատմութիւնը ինչե՜ր չի պարտիր ուսուցչակազմի այդ սերունդին` թէ՛ ուսումնական որակի նուաճման առումով եւ թէ՛ ալ բարոյական պատգամներ իւրացնելու առումով:

Ուսուցչակազմի սքանչելի այս սերունդն էր, որուն տոկունութեան եւ հաւատաւոր ներկայութեան շնորհիւ, ամառնային դպրոցներու եկամուտով, քոլեճի կառոյցը իր համալրումները կատարեց, պատուհանները շինուեցան, շրջափակը կանաչապատուեցաւ, եւ այսօրուան շրջափակի պուրակները, որոնց շուքին հասակ կ՛առնեն սերունդները, ուսուցչակազմի այս սերունդի նախաձեռնութեան կը պարտինք…

Նոյն ուսուցչակազմի եւ շրջանաւարտներու վարժարանէն ներս ապահոված մշակութային եւ մտաւոր աշխուժութիւնն էր, որ ծնունդ տուաւ գիւղի «Դալար անկիւն»-ին, որուն մթնոլորտով եւ պարարտ ենթահողի վրայ հիմնուեցաւ նաեւ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը:

Անոնք քաջ համոզուած էին, որ գիւղի բարգաւաճումը եւ անոր վայել բոլոր ճոխութիւնները պիտի ծնին նախ եւ առաջ գիւղի նորահաս սերունդներու կրթութենէն, անոնց ջամբած ուսումէն…

Սքանչելի այս ուսուցչակազմին կարկառուն անդամներէն էր ընկեր Պօղոսը, որ զաւարեանականի իր ուխտաւորութիւնը կ՛ուզէր կենսագործել նաեւ իր գիւղին մէջ:

Հետագային նաեւ, երբ ընտանիք կազմեց եւ քաղաք հաստատուեցաւ, վերադարձի իր կամուրջը, նոյնիսկ` չներուած պայմաններու տակ, աշխուժ պահեց: Տարբեր փուլերով մաս կազմեց գիւղի տարբեր յանձնախումբերու եւ մարմիններու, ինչպէս նաեւ` վարժարանիս խնամակալ կազմերու:

Գիտական մտածելակերպի մարդ էր` յատկապէս: Կ՛առաջնորդուէր առարկայական տուեալներով,  քննական միտքն ու կշռադատուած մօտեցումները առողջ եզրակացութեանց անվրէպ ապահովագրութիւնը կը համարէր:

Վարժարանի գործունէութեան հոգածութեան ծիրէն ներս իր ուշադրութիւնը սեւեռած էր երկու ուղղութիւններու վրայ:

Առաջին` վարժարանի գիտական տարրալուծարանի գործունէութիւնը, ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ` աշակերտներու գիտական խոյզերու եւ նորարարութիւններու ներգրաւուածութեամբ: Պահանջկոտ էր այս իմաստով եւ շարունակ կը ջանար օգտակար հանդիսանալ:

Երկրորդ` ազգային կալուածները, իբրեւ նորահաս սերունդի կրթութեան մէկ կարեւոր յենարան: Ինչպէ՞ս ընել, որ կալուածներու ցանքն ու բերքը առաւելագոյն չափով ապահովագրուին բնութեան աղէտներէն. ի՞նչ ծրագիրով առաջնորդուիլ, որ կալուածները լաւ բերք ունենան, ի՞նչ ցանքատեսակներ որդեգրել, որ անվրէպ շուկայ կ՛ապահովեն եւ նուազ ծախսալից են…

Գոնէ վերջին փուլին, իր առաջադրած ծրագիրը ֆինանսաւորում ապահովեց, եւ նոր ջրհոր մը ունեցանք խողովակաշարի եւ ոռոգման ցանցի կցորդ ծրագիրի մը հաւանութեան ձեռքբերումով…

Դամբանականի մը սահմանները նեղ են արձանագրելու գիւղին մէջ նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացման համար ընկեր Պօղոսի ջանադրութիւնը, իսկ ո՞վ չի գիտեր, որ Լիբանանի տարածքին հեռաւոր անկիւններու եւ տասնեակ մը աւաններու կենսոլորտային, երկրագործական եւ վերանորոգուող ուժանիւթի տարբեր ծրագիրներ կը կրեն ընկեր Պօղոսի փորձագիտական եւ նոյնիսկ հեղինակային կնիքը:

Գիւղին հանդէպ իր առաքելութեան մէկ կարեւոր ուղենիշն էր այնճարցին դաշնադիր պահել հողին եւ բնութեան հետ, որքան ալ համայնական եւ անհատական կենսակերպերը փոխուած ըլլան, որովհետեւ պապենական կտակը պահելու նախանձախնդրութեան զուգահեռ, ան համոզուած էր, որ հողը մարդուս չի դաւաճաներ, միայն թէ զայն խնամելու գիտական ստոյգ արուեստին տիրապետենք…

Ան համոզուած էր, որ տնային եւ գիւղի համայնական տնտեսութեանց մէջ պէտք է պահել ու զարգացնել գիւղական տարբեր պահածոներու պատրաստութեան եւ ընդհանրապէս գիւղամթերքի ապահովման այնճարցիին աւանդութիւնները, միայն թէ գիտական որոշ գործելաոճ մը ժողովրդականացուէր…

Կը նեղանար, որ հողի ու բնութեան գիրկին մէջ բնակողներս, այս երկուքին առողջարար բարիքները անտեսած, կը դիմէինք դիւրամատչելի շուկայականին…

Այս տխուր առիթով, ներողամիտ եղէք, որ անհատական վկայութիւն մըն ալ կատարած ըլլամ:

Հօրս եւ ընկեր Պօղոսին մտերմութիւնը թագադրուած էր հօրս ամուսնութեան եւ անոր զաւակներուն ընկեր Պօղոսին կնքահայրութեամբ: Հօրս կորուստէն ետք, մանաւանդ, մենք զգացինք, որ ընկեր Պօղոսին համար կնքահայրութիւնը ընտանեկան տիտղոս մը չէր, երբե՛ք, այլ` իր ընկերոջ հանդէպ բովանդակ յանձնառութիւն, մահէ ալ անդին…

Ափսո՜ս, որ այսօր իր ալ կորուստը կը սգանք…

Սիրելի՛ ընկեր Պօղոս,

Կը խոնարհինք յիշատակիդ առջեւ եւ բոլորս կը խոստանանք քու նուիրած գինիի շիշը բանալ կիսատ ձգած գործերդ աւարտելուն պէս, քաջ համոզումով, որ բաժակդ բարձր պահող արժանաւոր ժառանգորդներ ունիս արդէն, սիրելի զաւակներդ` Գալէն, Սէրուժը, Հրակը եւ Դալարը:

Այո՛, ձմրան շարունակուող տերեւաթափը ոսկեայ տերեւ մը հողին կը յանձնէ վարժարանիս ծառէն, բայց ընկեր Պօղոսի՛ն իսկ բացատրութեամբ, ծառին ամենահարազատ պարարտացուցիչը իր տերեւներն են, եւ ծառը պիտի աճի այդ պարարտացուցիչով:

Այո՛, ընկե՛ր Պօղոս, վարժարանիս ծառը պիտի աճի եւ ուժով պիտի ծլարձակէ իր ամենաթանկագին տերեւներու հողի ընդերքին խառնած աւիշով: Ահաւասիկ նաեւ քու ներարկած աւիշովդ նոր սերունդը հասակ պիտի առնէ` հետեւելով գործի ու տիպար նկարագիրի օրինակիդ:

Յիշատակդ անթառա՛մ, սիրելի՛ ընկեր:

Արմէն Թաշճեան

 

?>