Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Կիրակի 4 Փետրուար 2018-ին տեղի ունեցաւ Թաու Լու մրցաշարք, մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւն, Լուէյզի եւ Հ.Մ.Ը.Մ Անթիլիաս:
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Այնճարի սեւ գօտիներու միութեան մարզիչներու՝ Տիկ. Սարին Փալուլեանի եւ Օրդ. Սօսէ Գազանճեանի վերահսկողութեան տակ:
Այնճարի սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները մետալներ ստացան Աննա Հերկելեան, Անի Գազանճեան, Ճէյսօն Աբիկեան, Մայքըլ Մարտիկեան, Ալէքս Գապաքեան, Հալլա եւ Ժատ Ալ Աժամի, Ուաժիհ Հարադի, Վարանդ Անտոնեան եւ Սերօ Գալէմքէրեան:
Տիրանալով 24 մետալի եւ ապահովելով 132 կէտ` Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւնը գրաւեց 2-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա (175 կէտ), իսկ երրորդ` Սքուեր Ֆիթ (131 կէտ):