Կիրակի 18 Փետրուար 2018ին առաւօտեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ և Անմահ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանիյիշատակին եւ տեղի ունեցաւ Ծաղկեպսակի զետեղում, Մովսէս Տէր Գալուստեանի կիսանդրիի առջեւ:
Ապա «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղականութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն, որուն ներկայ էին գիւղիս հոգեւոր հայրերը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան:
Խօսք առաւ ընկեր Եսայի Հաւաթեան, ուր Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի գործերուն մասին գրուած յօդուածի մասին տեղեկութիւններ տուաւ ներկաներուն:
Իր սրտին խօսքը փոխանցեց Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց, վեր առնելով բոլոր Մուսա Լեռցիներուն ներդրումները ազգային կեանքի մէջ: