Շաբաթ, 7 Ապրիլին, Հ.Յ.Դ. "Յառաջ" Պատանեկան Միութեան կրտսերները ունեցան արշաւ մը՝ դէպի Այնճարի պարտէզները։ Նախ, ընկ.Եսայի Հաւաթեան խօսեցաւ Այնճարի պարտէզներուն մասին՝ անդրադառնալով անոնց տարածութեան, բաժանումին, պտղատու ծառերու տեսակին եւ այլն։ Ան նշեց, որ հողը բարեբեր կ'ըլլայ, երբ կ'աշխատինք եւ քրտինք կը թափենք անոր համար՝ շեշտելով հողին տէր մնալու կարեւորութիւնը։
Երկրորդ դասախօսն էր պրն. Պերճ Թիւմպէրեան, որ անդրադարձաւ Այնճարի բնութեան մաս կազմող կենդանիներուն, որոնց գոյութեան պահպանումը խիստ անհրաժեշտ է գիւղի կեանքին համար։
Արշաւի ընթացքին, կրտսերները խաղերով, հարցումներով եւ ձեռային աշխատանքով հաւաքեցին բնութեան մասին գիտելիքներ եւ միասնաբար ապրեցան հաճելի պահեր։