Յորդանանի մշակոյթի նախարար Նաբիհ Շուքմի ներկայացուցիչը, Մշակույթի նախարարութեան նախարարի խորհրդական՝ Յասար Ալ-Խասաունան հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց արուեստագէտ Նարօտ Տումանեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսին, որ հիւրընկալուած էր թագաւորական մշակութային կեդրոնի կողմէն:
Ցուցահանդէսը կը պարունակէ աւելի քան 35 արուեստի ստեղծագործութիւններ, որուն շահերը պիտի յատկացուին արուեստի միջոցով դպրոցական երեխաներու, որբերու, ինչպէս նաեւ հաշմանդամներու կեանքերը կեանքի կոչելու ծրագրի մը իրագործման:
Նարօտ Տումանեան 16 տարեկան աշակերտուհի, աշխատած է հարաւային Յորդանան, ուր ան կազմակերպած էր ապակիի վրայ գծելու դասընթացք մը, ինչպէս նաեւ հաշմանդամներու համար արուեստանոց մը հիմնած է Մաանի մէջ:
Այս տարի, Նարօտ Տումանեանը ընդլայնած է իր ծրագիրը մայրաքաղաք Ամմանի եւ Իրպիտ նահանգի մէջ, մտադրելով հիմնել արուեստի ուսուցիչներու խումբ մը՝ հասնելու համար ծրագրի իրագործման: