Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, Ուրբաթ 20 Ապրիլ, 2018-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տունէն ներս տեղի ունեցաւ շարադրական մրցում մը, նիւթ ունենալով Հայաստանի անկախութեան 100 ամեակը:
Այնճարի Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան եւ Հայ Աւետարանական Երկրորդական վաժարաններէն մասնակիցներուն թիւը հասաւ 20 աշակերտներ եւ աշակերտուհիներու:
Մրցումի աւարտին անոնք հիւրասիրուեցան:
Արդիւնքները՝ հետագային: