Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.- ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, Երկուշաբթի 23 Ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակին նուիրուած հսկում:
Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամները, երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, գիւղիս հոգեւոր հայրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ քայլերգներով, որմէ ետք ընկ. Արտակ Կէօքճեան արտասանեց Լ.Ե.Մ.ի խօսքը: Ան ըսաւ. «Ապրլիեան արիւնարբու իրականութիւնը, 20րդ դարու առաջին եւ տակաւին անպատիժ ոճիռը կը հարուածէ իւրաքանչիւր հայու հոգին: Կարելի՞ է մոռնալ այն շրջանը երբ հանդիպեցան սուգն ու պայքարը:
Երբ հայ մայրը ստիպուեցաւ իր զաւակը խեղդել որ անօթութեան ճիչերով կը պատռտէր մօր սիրտը: Այդ զաւակը, որուն լացի ձայնը կ'արձագանգէ եւ կը չարչարէ իրաքանչիւր անտարբեր հայու էութիւնը, մղելով զայն դառնալու զինուորը պահանջատիրութեան պայքարին:»
Ընկ. Կէօքճեան շարունակեց. «Յանձնառու պայքարի անշեղ քայլերով ուղուինք դէպի լուսաւոր ապագան որուն մենք կը հաւատանք: Տէրը ըլլանք մեր դատին, շարունակենք պայքարիլ խիզախօրէն, ունենալով Չաւուշներու, Սերոբներու, Վիգէններու, ու Մհերներու աննկնուն կամքն ու քաջութիւնը: Եւ որովհետեւ ժառանգորդներն ենք Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն, անոնց առաքելութիւնը մեզմով պէտք է շարունակուի անխափան:»
Ապա, Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին պար մը:
Օրուայ պատգամախօսն էր ընկեր Եղիա Թաշճեան: Ան ըսաւ. «Աւելի քան մէկ դար անցաւ եւ կարծեմ ժամանակը վաղուց եկաւ. գործնապաշտ քայլեր առնենք եւ ինքնաքննարկում կատարենք, թէ մեր անցեալին, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայ հերանկարներուն: Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, թէ մարդ անհատը գործնապաշտ պէտք է ըլլայ, իրապաշտութիւնը կարեւոր է, սակայն երբեմն մեզ կը կուրցնէ: Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ չկայ արդար կամ անարդարի հարց, այլ միայն ուժը կ'իշխէ եւ հոս է գործնապաշտութիւնը»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի երգչախումբը, որմէ ետք Նազանի եւ Նարօյ Ադամեանները ներկայացուցին երգ մը, ու Սօֆի Գալուստեան ներկայացուց ասմունք մը:
«Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկ. Կարօ Փիլաւճեան: Ան ըսաւ. «Այսօր կ'ոգեկոչենք հայոց եղեռնի 103- րդ ամեակը, ցաւով ու տառապանքով խառնուած ներքին ուժով, սակայն երբեք պէտք չէ մոռնանք որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի այսօր այլ գոյներով եւ տուեալներով: Մենք, իրաւունք չունինք ո՛չ տկարանլու, եւ ոչ ալ յանձնուելու այնքան ատեն որ մեր մէջ կ'ապրին մեր բոլոր նահատակներուն վրէժը, սուրբ մանուկներուն ճիչը, ու մայրերուն սուրբ աղօթքները, այնքան ատեն որ մեզ ժառանգաբար կը փոխանցուի մեր պատմութեան ահաւոր, բայց խիզախ պատկերները:»
Ան շարունկեց. «Կը վստահինք Հ.Յ.Դ.-ին, որ մինչեւ օրս կ'ապրինք Դաշնակցութեան ընձեռած բարիքներով ունեցանք հայրենիք իր իսկ զոհողութիւններով եւ ունեցաւ դրօշ իր իսկ պահպանման աշխատանքներով: Ուստի հաւատանք նաեւ, որ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներն են, որ պիտի շարունկեն այս ուղին ու Այնճարի եւ Պեքաայի մեր առաջադրած թեկնածուն Պրն. Ճորճ Փուչիկեանն է, որուն ուժ պիտի հայթայթենք որպէսզի յաղթանակ արձանագրէ այս երեսփոխանական ընտրութիւններուն: »
Բեմ բարձրացաւ Լ.Ե.Մ.ի նուագախումբը, ներկայացնելով երեք երգեր: Ապա, կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի ընկերները:
Ձեռնարկին պաշտօնական բաժնի աւարտին, ներկաները սրահէն դուրս գալով ականատես եղան կրակով ներկայացուած հատուցման ժամուն:
Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով: Հոծ բազմութիւնը առաջնորդութեամբ շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշահամալիր, ուր Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» Պատանեկան Միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին ասմունք մը ապա ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ:
Հսկումը աւարտեցաւ աղօթքով` գիւղի հոգեւոր հօր կողմէ: