
Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» մանկապարտէզի կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնախմբութիւնը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ 12 Մայիս, 2018-ին ,Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարժարանիս մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Լենա Սթամպուլեան, ողջունեց ներկաները՝ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը , հոգեւոր հայրերը, գիւղիս պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, Ազգային Երեսփոխան՝ Տոքթ. Խաժակ Այնթապեանը, «ԼՕԽ»-ի Շրջանային Վարչութիւնը, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, օրուան պատգամախօս՝ Տիկ. Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ մայրերն ու մեծ մայրերը: Ձեռնարկին յայտագիրը ներկայացնելով ան փոխանցեց, որ օրուան հանդիսութիւնը պիտի արտայայտէ մանուկներուն շրթներէն հոսող երախտագիտութիւնն ու բիւր յարգանքը իրենց մայրերուն հանդէպ:
Տիկ Լենա հաստատեց թէ միայն մայրն է, որ կրնայ յաղթահարել կեանքի որեւէ դժուարութիւն՝ պահելու համար իր ընտանիքը դառնալով այդ սուրբ օճախին ճրագը:
Շարունակելով իր խօսքը ան աւելցուց, - «Մայրերու օրուան այս տօնակատարութիւնը Հայաստանի Անկախութեան 100 ամեակի սեմին կը գտնուի, ու մենք չենք կրնար չյիշել հայ մօր դերը, անկախութեան կերտման ճանապարհին:
Եզրափակելով իր խօսքը, վարիչ մանկապարտիզպանուհին մաղթեց, որ հայ մայրերու զաւակներուն աչքին լոյսը արեգակի պէս շողայ ու պայծառութիւն բերէ հայ ազգին:
Ապա ընթացք առաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը : Ծիլ , բողբոջ եւ կոկոն դասարանի աշակերտները արտասանեցին, որմէ ետք կոկոն ու ծաղիկ դասարանները ներկայացուցին «և Արեւ» և «Մայրիկիս» երգերը, այնուհետեւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մօր նուիրուած խօսքեր արտասանեցին:
Օրուան պատգամը փոխանցեց՝ Տիկ. Քամիլա Երկանեան Քէշիշեան, որ հայ մօր դերը վեր առնելով, յայտնեց թէ իւրաքանչիւր մայր իր բազմաբնոյթ դժուարութիւններով, պէտք է շարունակէ իր նուիրեալ առաքինութիւններն ու առաքելութիւնը հայ մանուկին ու պատանիին մարդակերտման ու դաստիարակութեան մարտահրաւէրներուն ընդառաջ:
Տիկ Քամիլա նախ ՝ մօր նուիրաբերումը դրուատելով վեր առաւ Հայ Մօր մարտնչումը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ:
Ապա ան ներկայացուց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան խորհուրդին վրայ խարսխուած ամբողջական ինքնութեան մը հրամայականը, ուր հայ մօր դերակատարումը անփոխարինելի է: Պատահական չէ՛ որ հայ մեծանուն գրողներ, երաժշտականներ, նկարիչներ ու քանդակագործներ, կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, իրենց արուեստով արժեւորած և սրբացուցած են հայ մօր կերպարը, ինչպէս՝ Յովհաննէս Շիրաղ, Պարոյր Սեւակ, Մուշեղ Իշխան և շա՜տ ու շա՜տ մեծութիւններ: Մենք ալ մեր կարգին, կ՛ուգանք երախտիքի մեր ձօնը նուիրել այն մայրերուն, որոնց համբերութեան, գիտակցութեան, նուրիումի և սիրոյ շնորհիւ կ՛ապրինք ու կը կերտենք վաղուան մեր պայծառ օրը:
Հայ մօր վճռորոշ եւ նուիրական դերը ներկայացնելով Տիկ Քամիլա անդրադարձաւ՝ թէ Ո՛վ է հայ մայրը, երբ օրըստօրէ ուռճացող համամարդկային տագնապները զանազան առիթներով կ՛ոչնչացնեն մեր ազգային նկարագիրը, ինքնութիւնը, ջերմ կենցաղն ու մեր աւանդութիւնները:
Ան հաստատեց, որ այսօրուան երիսատասարդ հայ մօր ուսերուն դրուած է ո՛չ միայն իր զաւակներուն կենցաղային ու մարդկայինն դաստիարակութեան խնդիրը, աել նաեւ ի տարբերութիւն ուրիշ ազգերու, հայ դատի հետապնդման, Արցախեան պահանջատիրութեան, Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ երեւցող յոռի երեւոյթներու կանխարգելման ամբողջ ծանրութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:
Եթէ հայ զինուորին դերը հայրենիքի պաշտպանութիւնն է, եթէ հայ ուսուցիչը կոչուած է հայեցի դիմագիծի դարբնումին իսկ հայ արուեստագէտը հայ մշակոյթի սերմնացանն է, հապա հայ մայրը այս բոլորին հանրագումարով հայ ընտանիքին որմնադիրն է և կոչուած է հայ ընտանիքի հիմը ամուր պահելու բոլոր տեսակի ցնցումներէն:
Ապա բեմ բարձրացաւ Դ. Ե. Զ. կարգերու երգչախումբը մայրերու «Գարնան երգով», որուն յաջորդեց ծաղիկ դասարանի իւրայատուկ պարը:
Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը, 7-րդ դասարանի աշակերտներէն ՝ Սեւան Սարգիսեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մեր Մայրերը» բանաստեղծութիւնը:
Յայտագիրը վերջ գտաւ Ա.Բ. կարգերու պարախումբին «ծամերու պարով»:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:


















