
18 մայիս զուգադիպի լաչինի ազատագրման որ գլխաւոր եւ միակ կամուրջն էր հայաստանի եւ լեռնային ղարաբաղի միջեւ։Այս օրը ունեցաւ կրկնակի եւ արժէքաւոր նշանակութիւն ,որովհետեւ Այնճար այցելեցին Արցախի հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան,նախարարի խորհրդական Տիգրան Նաճարեան,Մարտակերտի եւ կովսականի քաղաքապետներ Միշա Գիւրճեան եւ Ռազմիկ Մարգարեան եւ ՀՅԴ արցախի կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկեր Վահագն Տատայեան,Արցախի հանրապետութեան միջին արեւելքի մշտական ներկայացուցիչ մասթըր կարօ Քէպապճեան։Պատուիրակութիւնը արժանացաւ պաշտօնական դիմաւորութեան ի ներկայութեան Այնճարի մէջ գործող բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչներուն։ՀՄԸՄ փողերախումբի նուագակցութեան տեղի ունեցաւ աւանդական աղի ու հացի արարողութիւնը եւ հայկական տարազը կրող պարմանուհիներու կողմէ յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը։Պատուիրակութիւնը քաղաքապետարանի դահլիճի մէջ հանդիպում ունեցաւ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի հետ եւ տեղի ունեցան փոխադարձ ծանօթացման արտայայտութիւններ։Պաշտօնական այս հանդիպումը եզրափակուեցաւ համագործակցական յուշագիրի ստորագրութեան արարողութիւն Այնճարի քաղաքապետ պրն վարդգէս Խօշեանի եւ Կովսականի քաղաքապետ պրն Ռազմիկ Մարգարեանի միջեւ, որմէ ետք փոխանակուեցան յուշանուէրներ։ Ապա շրջեցան գիւղի տեսարժան վայրերը ։ իսկ երեկոյեան ընկերային խրախճանքի մթնոլորտի մը մէջ կարելի եղաւ կողմերը աւելի մտերմիկ եւ հարազատ սեղանի մը շուրջ մէկտեղել։
















