
Կազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին հետ, Չորեքշաբթի 23 Մայիս, 2018-ին Այնճարի տարեցները վայելեցին լեռնագնացութիւն մը:
Մօտ 4-5 ժամուան ընթացքին անոնք երգերով ու պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը, հրապուրուած կանաչապատ Այնճարի գեղեցիկ տեսարանով:
Թող որ անոնց շուքերը անպակաս ըլլան մեր գլուխներուն վրայէն:
Վարձքը կատար այս մտերմիկ ձեռնարկը յաջողցնողներուն:



