
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին Կիրակի 20 Մայիս, 2018-ին տեղի ունեցաւ Թաու Լու մրցաշարք Պուտա Ատմա մարզահամալիրէն ներս, մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւն, եւ Հ.Մ.Ը.Մ Անթիլիաս:
Այնճարի սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները մետալներ ստացան Անի Գազանճեան, Ճէյսօն Աբիկեան, Մայքըլ Մարտիկեան, Ալէքս Գապաքեան, Հալլա եւ Ժատ Ալ Աժամի, Ուաժիհ Հարադի, Վարանդ Անտոնեան, Քրիսթէլ Գազանճեան, Մաթիլտա Գէօհուլեան եւ Արինա Աբրահամեան:
Տիրանալով 25 մետալի եւ ապահովելով 129 կէտ` Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւնը գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա (229 կէտ), իսկ երկրորդ` Սքուեր Ֆիթ (154 կէտ):























