Երեքշաբթի 28 Օգոստոս, 2018-ին մահացաւ Սիրվարդ Ղուկասեան (ծնեալ 1920) յետ երկարատեւ հիւանդութեան
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի 29 Օգոստոս, 2018-ին կէսօրէ ետք ժամը 4-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Ապա ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի «Մուսալեռ» սրահին մէջ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն
Օրերս Այնճարի «Դալար անկիւն»-ի շրջափակում տեղի ունեցաւ մի համերգ, որ գեղեցկացրեց եւ իմաստաւորեց այդ գիւղաքաղաքի առօրեան: Լեցուն հանդիսատեսի առջեւ ելոյթ ունեցաւ երիտասարդների մի խումբ, որն իր բազմաբնոյթ կատարումներով (հայկական, եւրոպական, ճազ, պլիւզ եւ այլ) մեծապէս գրաւեց ներկաների ուշադրութիւնը եւ արժանացաւ բուռն ջերմ ծափողջոյնների: Ելոյթ ունեցողներն էին. Դանիէլ Գժտրեան (կիթառ), Րաֆֆի Թասլաքեան (դաշնամուր), Ալեքս Շաննաքեան (հարուածային գործիքներ), Շաղիկ Հապեշեան (ջութակ), Շանթ Փալազեան (պաս-կիթառ), Արի Վարդանեան (կիթառ), երգչուհիներ Լիլիթ Աբրահամեան եւ Լեթիսիա Հեքիմեան: Այս երիտասարդները հրաւիրել էին գեղեցկացնելու իրենց համերգային ելոյթը տարիքով իրենցից մեծ, սակայն իր էութեամբ ու կատարումով երիտասարդ այնճարցի մտաւորական Գօգօ Սգայեանին: Այս կազմով յիշեալ համերգի մտայղացող-կազմակերպիչներն էին Դանիէլ Գժտրեանը եւ Րաֆֆի Թասլաքեանը:
«Մենք տակաւին փորձառութիւն չունենք նման ելոյթների, բայց ընդամէնը մէկ ամսում կարողացանք մեր սրտի թելադրանքով ստեղծել այս խումբը: Պէտք չէ մոռնալ, որ մենք, հայերս ունենք երիտասարդ տաղանդներ եւ պէտք է նրանց ներկայացնել մեր ժողովրդին, զարգացնել նրա մշակութային ճաշակը, հաճելի պահեր պարգեւել», ասում է Դանիէլը: «Երբ միմիանց հանդիպում եւ համագործակցում են 2-3 տաղանդաւոր երիտասարդներ` արդիւնքը չի ուշանում ու լինում է զգալիօրէն մեծ»,- ճշմարտացիօրէն յաւելում է Րաֆֆին:
Այո՛, Այնճարի այդ համերգը վառ ապացոյցն է վերոյիշեալ խօսքերի: Եւ ո՛չ միայն: Պարզապէս կարելի է զարմանալ, թէ ինչպէս երաժշտական մասնագիտական լիակատար ուսում չունեցող (որոշ դէպքերում ընդհանրապէս չունեցող) երիտասարդը ունակ է այդքան կարճ ժամանակում պատրաստել եւ հանդէս գալ այսպիսի բարձրամակարդակ կատարումով: Զարմանալ եւ հիանալ: Հիանալ, թէ՛ նման համերգ կազմակերպելու երեւոյթով, եւ թէ՛ բուն մասնագիտական առումներով: Դրանցից անհրաժեշտ է նշել այս երիտասարդների կատարողական բարձր մակարդակի հետեւեալ բաղադրիչները. երաժշտական հնչիւնների մաքուր արտաբերում, միասնական համանուագի (ensemble) վարպետութիւն, արդի եւրոպական աշխարհածանօթ ճազային երաժշտութեան որակեալ, բարձր մասնագիտական ինքնամշակում (improvvisazione)` ինչն ըստ էութեան բացառիկ երեւոյթ է, նաեւ արտայայտիչ զգացմունքային հարուստ մեկնաբանութիւն: Մասնագիտական այս բարձր յատկանիշները առկայ էին ողջ համերգի ընթացքում, իւրաքանչիւր կատարողի մօտ, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ: Յիշատակման է արժանի նաեւ այն աչքագրաւ նրբութիւնը, որ երգերի կատարողները` Լիլիթ Աբրահամեանը, Լեդիսիա Հեքիմեանը, Գօգօ Սգայեանը օժտուած էին նաեւ որոշակի դերասանական ձիրքերով, եւ իրենց հոգեհաճոյ կատարումները (Լ. Աբրահամեան` «Լուսին», Լ. Հեքիմեան` «Լը պոէմը», «Գ. Սգայեան` «Պելլա չաօ» եւ այլն) հարստացրեցին նաեւ պատեհ դերասանական ելեւէջներով:
Գնահատանքի է արժանի այն փաստը, որ համերգին ներկայ էր Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը: Ասելով իր սրտի խօսքը, եւ արժեւորելով տաղանդաւոր երիտասարդների այս հիանալի ելոյթը, Վ. Խօշեան շնորհակալութիւն յայտնեց նրանց եւ իրաւացիօրէն շեշտեց, որ նման երեւոյթները անհրաժեշտաբար պէտք է քաջալերուեն եւ ունենան իրենց զարգացման շարունակական ընթացքը: Արդարացի եւ ճշմարտացի է քաղաքապետի խօսքը: Բացի այդ, անկեղծ լինելու համար ընդունենք, որ մեր իրականութեան մէջ առկայ է մեր ներկայիս երիտասարդ սերունդը յաճախակի, երբեմն չափից աւելի փնովելու, քննադատելու միտումը: Սակայն անհրաժեշտ է որպէս ազգային, ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ մարդկային պարտաւորութիւն` տեսնել եւ գնահատել մեր այսօրուայ նաեւ տաղանդաւոր ստեղծագործասէր երիտասարդութիւնը եւ հնարաւորինս, այո՛, քաջալերել նրա կեանքի եւ գործունէութեան ուղին:
Մինչ նոր հանդիպո՜ւմ, մինչ նոր համերգնե՜ր…
ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր
Երեւան-Պէյրութ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ 3 Օգոստոս, 2018-ին տեղի ունեցաւ «Շաուրմա»ի երեկոյ:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս Համազգայինը եկաւ հայրենակիցները միացնելու ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, վաճառելով տարբեր տեսակի ուտեստեղէն ու խմիչք:
Վարձքը կատար բոլորին:
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ս. Աստուածածնայ տօնը Կիրակի, Օգոստոս 13ին աւանդական շուքով նշուեցաւ Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Զանազան երկիրներէ, ինչպէս՝ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Հոլանտայէն եւ Գանատայէն, նաեւ Պոլիսէն բազմաթիւ հաւատացեալներ Վագըֆ գացած էին։
Արարողութիւններուն հանդիսապետեց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան։ Արարողութիւններուն մասնակցեցաւ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան, իսկ պատարագը մատոյց տեղւոյն քահանայ հայրը՝ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։
Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։ Ներկայ ժողովուրդին խաղող եւ հերիսայ բաժնուեցաւ։
Նախորդ գիշեր, Շաբաթ օր, ներկաները հաւաքուեցան Վագըֆ գիւղը, ուր սարքուեցաւ ճաշկերոյթ ու խրախճանք կազմակերպուեցաւ այս առթիւ։ Կաթսաներու մէջ եփուեցաւ հերիսան՝ յաջորդ օրը ժողովուրդին բաժնուելու համար։ Գիշերուան փայլը աւելցուց երգիչ Պարթեւը, որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց իր երգերով ու նուագներով։ Ժողովուրդը կրակին շուրջ պար բռնեց՝ տօնական մթնոլորտի մէջ։
Նշենք, որ Գարեգին արք. Պէքճեան Ուրբաթ օր մեկնեցաւ Վագըֆ, նախագահելու համար եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեանց։
Տեղապահ սրբազանը գիւղի մուտքին դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ 40-50 հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը տհոլ-զուռնայով ու շուրջպարով դիմաւորեցին Գարեգին սրբազանը։ Սրբազանը «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս ու կատարեց իր ուխտի աղօթքը, որմէ ետք ան վագըֆցիներուն հետ մէկտեղուեցաւ ընթրիքի սեղանի շուրջ։
Շաբաթ օր, սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, ուխտաւորները նաեւ այցելեցին Մուսա լերան ու շրջակայքի նախկին հայաբնակ գիւղերը, ընկերակցութեամբ Վագըֆ գիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդուհի Քիւչիւքմսըրլեանի։