Հանդիսութեան բացումին Ա. Կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի 2018-2019 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն բեմ բարձրացան, ուր 12-րդ դասարանի աշակերտները իրենց սրտին խօսքը փոխանցեցին առաջին դասարանի աշակերտներուն ինչպէս նաեւ բոլորին մաղթեցին յաջողութիւններով լի տարի մը:
Ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանու ըսաւ.« Այս տարեշրջանը կ’ուզեմ կոչել «Իմաստութեան» տարեշրջան, սակայն ոչ պարզ իմանտութիւն, այլ գործնական իմաստութիւն որ ոչ միայն մեր մտային կարողութիւններուն մէջ է, այլ իմաստութիւն մը որ կիրագործենք մեր կեանքերէն ներս» : Ան իր խօսքը շարունակեց.«Մենք այս գործնական իմաստութիւնը կը տեսնենք մեր ուսուցիչներուն գործին, պաշտօնեաներուն, ծնողաց միութեան գործերուն մէջ, կը տեսնենք մեր բարերարներուն սրտաբուխ նուէրներուն, գիւղիս քաղաքապետին և քաղաքապետական խորհուրդին տարբեր գործոնէութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան կազմակերպութիւններուն մէջ որոնք կամաւորապէս կը գործեն մեր գիւղի յառաջդիմութեան համար և յատկապէս «Հայ» մանուկը կրթելու եւ ճիշտ ճամբուն մէջ լքելու համար»: Ապա պատուելի Ագպաշարեանը իր խօսքը աւարտեց ու ըսաւ.« դող այս տարին մեր բոլորիս համար բարի տարի մը ըլլայ, և դող Աստուած մեզ առաջնորդէ ձեր աղօթքներով, և իր օրհնութեամբ լեցնէ մեր բոլորին կեանքերը. Բարի եկած էք բոլորդ և բարի վաճելում»:
Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի խօսքեն ետք տեղի ունեցաւ տեսայերիզի ցուցադրութիւն նախորդ տարուայ զանազան գործոնէութիւններուն մասին :
Ապա Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան խօսք առաւ եւ ըսաւ.« Ուսումը իսկապէս որ կենսական իմաստ մը ունի մեր կեանքէն ներս, դպրոցը այն հաստատութիւնն է որ լոյս և գիտելիք կը ճամբէ. Սակայն հայ դպրոցը այն դարբնոցն է, որ մարդ կը կերտէ»: Ան շարունակեց.« Այսօր, այս շատ հաճելի պատուն կ’ուզեմ վերյիշեցնել նոր սերունդներուն , թէ ինչ որ մենք կը գործենք այս գիւղին մէջ եւ կամ այլ հայկական շրջաններու մէջ իբր ծառայութիւն, սորված ենք այս դպրոցին մէջ, քոյր Հետուիկի ծառայութենէն»:
Քաղաքապետին խօսքէն ետք ետք վարժարանի աշակերտներէն Նազանի Ադամեան և Մարիա Աբելեան երգեցին « վեր կաց եղբայր իմ» երգը, ընկերակցութեամբ՝ սրինգի վրայ՝ Յասմիկ Այնթապլեանի և կիթարի վրայ՝ Սեւատա Անտոնեանի:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ու հնչեց վերամուտի առաջին զանգը , որմէ ետք հիւրերն ու աշակերտութիւնը հիւրասիրուեցան:
Բարի դպրոցական վերամուտ եւ բեղուն տարեշրջան բոլոր աշակերտներուն:
Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին , յատուկ առաքելութեամբ Այնճարի《Ս. Զէյթլեան》ժողովրդային կեդրոն այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ տիար Մխիթար Հայրապետեան:
Այցելութեան ներկայ էին գիւղիս պատկան մարմինները. ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ամբողջ կազմը, քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, թաղական խորհուրդն ու տիկնանց միութեանց անդամները, Լ.Օ.Խ. -ի 《Աղթամար》մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, ԼԵՄականները, պատանիները, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ և Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։
Ան դիմաւորուեցաւ Հայկական աւանդական Աղ ու հացով.
որմէ ետք կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ուր Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց նախարարին, ապա զինք հրաւիրեց իր սրտին խօսքը փոխանցէ. Նախ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ջերմ ընդունելութեան ու ըսաւ թէ «Բաւական ուրախ էի այս քանի մը ժամուան ընթացքին, որովհետեւ առաջին անգամն է որ Այնճար կ՛այցելէի»
կարելի է նաեւ նշել թէ նախարար անդրադարձաւ Հայրենիքին ու ըսաւ թէ «Հայաստանի յեղափոխութիւնը լաւ հող ստեղծեց մեզի համար, որպէսզի մենք հոգատարութիւն ցուցաբերենք նաեւ Սփիւռքին», շեշտեց նաեւ որ Հ.Հ. ներկայ կառավարութեան ռազմավարութիւնն վարած է ե՛ւ հայաստանակեդրոն ե՛ւ սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւն, որպէսզի համահայկական մեր ներուժը լաւագոյն ձեւով կարելի ըլլայ օգտագործել՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման:
Ապա նախարարը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն՝ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն, հայրենադարձութեան, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն, Սփիւռքի Նախարարութեան ծրագիրներուն առնչութեամբ եւ եզրափակելով ըսաւ, որ յեղափոխութեան նպատակը միայն իշխանափոխութիւն չէր, այլ ողջ համակարգի, աշխատելաոճի փոփոխութիւն, ոստում մը դէպի ժողովրդավարութիւն, ուր շեշտուած պիտի ըլլայ ժողովուրդին մասնակցութիւնը, ժողովուրդին իշխանութիւնը, իսկ կառավարութիւնը մշտապէս համարատու պիտի ըլլայ ժողովուրդին:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Ապա նախարարը ընկերակցութեամբ քաղաքապետին ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ուղղուեցաւ դէպի քաղաքապետարան ուր ան պարգեւատրուեցաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս խօշեանի կողմէ, որմէ ետք անոնք մեկնեցան դէպի «Ս. Պօղոս» եկեղիցի և ապա Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիրին մօտ ուր նախարարին մանրամասն բացատրուեցաւ Այնճարի եւ անոր պատմութեան մասին:
Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին՝ Ուրբաթ 14 Սեպտեմբեր, 2018-ին տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 103-րդ Ամեակի Տոհմիկ Երեկոն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Նելլի Վէքիլեան, Լիբանանի մօտ Հ.Հ. յարգարժան հիւպատոս Տէր և տիկին Լէոնարտ Ապաճեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, քաղաքապետ՝ Վարդգէս խօշեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, աւելի քան 1000 հայրենակիցներ:
Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Ռիթա Լաքիսեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն անդրադարձաւ Այնճարի առաջին տարիներու այնճարցիներուն կրած անտանելի նեղութիւններուն սակայն ըսաւ թէ Մուսալեռցի ժողովուրդը իր աննկուն կամքով միշտ յաղթական դուրս եկած է իր դժուարութիւններէն ոչ մէկ ատեն ընկրկած կամ վախցած հալածանքէն, պատնէշները խորտակած, լեցուած իր հերոսներու ոգիով, խոչընդոտները հարթած, տէր կանգնելով իր մշակոյթին, լեզուին, աւանդութիւններուն, որոնք եկած են հեռաւոր անցեալէն ու հասած մեզի: Մղած է հերոսամարտ, դիմելով ինքնապաշտպանութեան եւ իր սեփական ուժերով ապահոված է ընտանիքին գոյատեւումը, ու արժանապատուութիւնը, պահպանելու պապենական հողն ու հայրենի տունը: Ան շարունակեց իր խօսքը ներկայացնելով ՀՕՄ-ի հիմնադրութիւնը, հիմնուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, աշխարհասփիւռ հայութեան ծառայելու նպատակով, ըլլալու ազգին հոգատար մայրը:
Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղն ալ ըլլալով այս մեծ ընտանիքին մէկ անդամը, ջանք չէ խնայած մեր գիւղի հիմնադրութեան առաջին օրերէն բծախնդիր ու հաւաքական աշխատանքով, անձնուրաց, անսակարկ, կամաւոր ծառայելու իր ժողովուրդին:
Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց թէ պէտք է կերտել մեր նոր սերունդներուն մօտ զօրաւոր անհատականութիւն, հեռու պահել զիրենք յոռի բարքերէ, մղել զիրենք անդամագրուելու ազգային-հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող միութիւններուն մէջ ուր կամաւոր աշխատանքով պիտի ազնուացնեն իրենց հոգիները ու որպէս դպրոց պիտի սորվին ու շահին հաւաքական ու անհատական շինիչ փորձառութիւններ: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան որ ստանձնեց հովանաւորութիւնը այս ձեռնարկին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին ինչպէս նաեւ Այնճարի քաղաքապետութեան որոնք մօտէն հետեւեցան աշխատանքներուն սերտ ու ներդաշնակ գործակցութիւն ցուցաբերելով:
Ձեռնարկին հանդիսավարներն էին ընկհ. Ռիթա Քիւսպէկեան և պարոն Ժանօ Փամպուքեան, որոնք իրենց սրտաբուխ խօսքերով մթնոլորտը մեծ խանդավառութեան մէջ պահեցին:
Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց, վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սիլվա Սապունճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ թէ« Այսօր դարձեալ բախտը ունեցանք իրար հետ ըլլալու յիշելու Մուսա Լեռը, իր գիւղերով, որոնք տարագրուեցան Այնճար, ճահիճները վերածեցին պտղատու ծառերու պարտէզներու եւ աւանը դարձուցին Լիբանանի ամէնէն գեղեցիկ գիւղաքաղաքներէն մէկը»: Ան իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ ներկայ են այս ձեռնարկին եւ կը վայելեն Մուսալեռցիներուն աւանդական ուտելիքները և կը մասնակցին տօնական այս ուրախ երեկոյին: Շարունակելով ան աւելցուց թէ « Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անունով կը խոստանանք որ կարելին պիտի ընենք մեր բաժինը բերելու Այնճարի բարելաւման եւ յառաջդիմութեան, գործակցակցաբար «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան հետ և կը մաղթենք յաջողութիւն ձեր նուիրական գործին»:
Երեկոյին Ազգագրական և ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան նուագի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Ժողովուրդը խանդավառուած մթնոլորտէն շուրջպար բռնեց ու պարեց:
Ապա Խօսք առաւ Այսճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս խօշեան որ յայտնեց թէ մեր գիւղը կը պահէ իր սեփական ինքնութիւնը, որովհետեւ իր ժողովուրդի հաւաքական մասնակցութեամբ գիտէ արժանապատուութեամբ տէր կանգնիլ իր նախահայրերուն ժառանգած կտակին: Ապա աւելցուց թէ մենք աշխարհի մէջ այն եզակի, հայկական ուրոյն հաւաքականութիւնն ենք որ ամբողջութեամբ պահած է իր ընկերային, ժողովրդային, ազգային այն համակարգը որ ունէր Մուսալերան փէշերուն վրայ:
երեկոն շարունակուեցաւ Մուսալեռցի- Այնճարցի (թէնոր) երգիչ Գէորգ Հաճեանի հայրենասիրական երգերով:
Ձեռնարկին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիները վաճառեցին Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ և անուշեղէններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
Երեկոն շարունակուեցաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա լերան թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով` խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Վարձքը կատար բոլոր ըկերուհիներուն:
Կազմակերպութեամբ Համազգային «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին, Շաբաթ 22 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս , տեղի ունեցաւ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններուն Անկախութեանց 27-րդ տարեդարձներուն առիթով ու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 Ամեակին Նուիրուած « Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս և Վաւերագրական Լուսանկարներու ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ պէտք է ընկալել այս շնորհահանդէսը: « Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմը գեղատիպ վաւերագրական լուսանկարներով, համապատասխան մասնագիտական ծանօթագրութիւններով կը ներկայացնէ առաջին հանրապետութիւնը, անոր կերտիչները, հիմնական իրագործումները: իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ « բացառիկ հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք և նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում , նման ալպոմ հատորներու շնորհահանդէսներու կազմակերպում՝ մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան՝ այաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100- ամեակին առիթով:
Յասմիկ Այնթապլեան սրինգով նուագեց « Երազ իմ երկիր Հայրենի»: Ապա Լիլիթ Աբրահամեան ներկայացուց « Պինկէօլ» և «Թռչէի մտքով տուն» երգերը կիթառի ընկերակցութեամբ՝ Դանիէլ Գըժտրեանի:
Խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ ալպոմը լուսանկարներով, արխիւային նիւթերով լեցուն գիրք մըն է, որ կը բովանդակէ մասնագիտականօրէն ձեւաւորուած յստակ տեղեկութիւններ եւ կարելի է զայն նկատել համայնագիտարան մը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներուն մասին: Հատորը 8 ամսուան ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է: Հատորը կազմած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ և լուսանկարիչ՝ Գաբրիէլ Փանոսեան: Ան նշեց, որ ի պատիւ Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան լոյս տեսաւ գիրքին արեւելահայերէն տարբերակը, իսկ ի պատիւ Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններու լոյս տեսաւ արեւմտահայերէն տարբերակը: Ալպոմի իրագործումին մէջ իրենց դերը ունեցած են Հայաստանի պատմական թանգարանը, ՀՅԴ թանգարանն ու հիմնադրամը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Սարդարապատի Ազգագրական թանգարանը եւ Դրոյի եւ Համօ Օհանջանեանի թոռնուհիները: Ապա ան ներկայացուց ալպոմէն նկարներ որոնք ցուցադրուած էին սրահին մէջ եռոտանիներու և պատերու վրայ : Ան ըսաւ, թէ ալպոմը կ՛աւարտի լուսաւոր ձեւով` ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովով եւ Նեմեսիսի հերոսներով:
Իր խօսքի աւարտին Հաւաթեան ըսաւ. «Հրաշալի հրատարակութիւն մըն է, կ՛արժէ, որ երկրորդական կարգի աշակերտութեան իբրեւ դասագիրք օգտագործուի: Կան յստակ ու ամփոփ տեղեկութիւններ, որոնք շատ օգտակար են ընթերցողներուն համար»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան, որ սկիզբը յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առած եւ զարգացած է ալպոմին պատրաստութեան գաղափարը: Ան սկսած է մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին իր համեստ մասնակցութիւնը բերել: Ան սկսած է նկարներ հաւաքել, ապա խնդրած է Սեդա Գալստեանէն, որ նկարներու համապատասխան նիւթեր պատրաստէ, եւ արդէն ամիսներու աշխատանքով պատրաստուած է ալպոմը: Ան ըսաւ, թէ միշտ աշխատած է մարդոց օգտակար դառնալ: Ուրախացած է մարդոց օգտակար դառնալով: Իսկ ներկայիս շատ լաւ հասկցած է , թէ ի՛նչ կը զգայ մարդ, երբ ուրիշներ իրեն օգնեն: Ան ըսաւ, թէ ալպոմը, իր երկրորդ նախաձեռնութիւնն է, որ իր անձին համար կատարած է:
Իր խօսքի աւարտին Փանոսեան ըսաւ. «Հաճելի բան է, երբ քեզ կը գովեն: Երբ ալպոմը կը պատրաստէի, բախտաւորութիւն ունեցայ շօշափելու Արամ Մանուկեանի հագուստը: Չէք կրնար երեւակայել, թէ ի՛նչ զգացում ունեցայ, երբ Գարեգին Նժդեհի բաճկոնին կամ Սեւրի դաշնագիրի գրիչին դպայ: Այդ զգացումները կը փոխանցեմ բոլորիդ: Գիրքը կը նուիրեմ մեր բոլոր այն հերոսներուն, անձերուն, որոնք Հայաստանէն դուրս ապրեցան եւ Հայաստանը չտեսան, բայց սերունդները հայ մեծցուցին»: Ապա ան ներկաներուն հետ միասնաբար երգեց «Երազ իմ երկիր» երգը:
Ապա տեղի ունեցաւ ալպոմին գինեձօնը հանդիսապետութեամբ՝ Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեանի և գիւղի հոգեւոր հայրերուն Ալպոմի հեղինակ՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի և իր Տիկնոջ, ինչպէս նաեւ ալպոմը ներկայացնող Եսայի Հաւաթեանին:
Ձեռնարկի աւարտին Գաբրիէլ Փանոսեան ալպոմները մակագրեց ներկաներուն, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր, 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ,
ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութիւն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալիէմեզեանի:
Այնուհետեւ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դեպի Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր ուր պաշտօնական հիւրերը ծաղկեպսակ զետեղելով յարգեցին յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարդի նահատակներուն՝
ապա տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտե 103-րդ ամեակի և Այնճարի հիմնադրութեան 79-րդ Ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:
Տօնակատարութեան ներկայ էին Գերաշնորհ Տէր Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալիէմեզեան, բարեջան առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմի, Գերաշնորհ Տէր վարուժան Արքեպիսկոս Հերկելեան, Հայանտանի Հանրապետութեան Արտակարգ և լիազոր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան և Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս Լէոնարտօ Ապաճեան գիւղիս հոգեւոր հայրերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ծովասարի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ և օրուայ բանախօս Յակոբ Հաւաթեան, Այնճարի բարեզարդման յանձնախումբի նախագահ՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա Զուարթ Քեշիշեան արտասանեց տօնակատարութեան բացման խօսքը :
Զուարթ Քեշիշեան նախ բազմութիւնը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ յարգելու յիշատակը Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն, ապա ան ըսաւ, «մենք եկած ենք հաւաքաբար վկայելու եւ հաստատելու թէ հայ ժողովուրդը ոչ միայն պիտի շարունակէ ապրիլ, այլ իր զաւակներու աննկուն կամքի շնորհիւ ՝ հաստատ կամքով ու ինքնավստահութեամբ պիտի կերտէ ու նուաճէ իր ամբողջական երազներու իրականացումը»: Ան շարունակեց ըսելով «Այսօր՝ հոս, այս խորհրդաւոր եկեղեցոյ կից ու հերոսամարտի կերտիչներու ոգեղէն արձաններուն դիմաց պատահականօրէն չէ որ մէկտեղուած ենք: Մենք՝ պարզ ու սովորական հանդիպման մը կարգավիճակէն բոլորովին անկախ դրդապատճարով մը հոն ենք:»
Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժնով ելոյթ ունեցան Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկր. Վարժարանի աշակերտները ներկայացնելով « Վեր կաց եղբայր իմ» երգը:
Օրուայ պատգամախօս Լիբանանի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» գրատարածի Տնօրէն՝ Յակոբ Հաւաթեան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն ըսելով « Այսօր Լիբանանի տարբեր շրջաններէն հաւաքուած ենք այս եզակի հայաւանին մէջ եւ բնականաբար կը հասկնանք որ ընկերային ու ընտանեկան ջերմ միջավայր ստիղծելու առիթի ակռա է, Արդարօրէ՛ն ուրախանանք որ տակաւին հայրենիքի թէ Հայաստանի մէջ ու տարբեր ցամաքամասերու վրայ կը նշուի հայութեան հատուածի մը այս հերոսական սխրանքը:» Ան շարունակեց ըսելով.«Մուսա լերան հերոսամարտի մասին շատ բան կան գրուած ու տակաւին շատ բան կայ գրուելիք: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ այս թուականը այլիւս հոմանիշ է հայկական կարելոր արժէհամակարգի ուր ազգային նկարագրի իւրայատուկ գիծն է:» Վերջապէս ան իր խոսքը աւարտեց ըսաւ թէ « Միտք պատէ՛ Քարասուն օրեր, քարասուն արեգակի պէս, քարասուն դար կը լուսաւորեն. և մենք հաւաքուած այստեղ, մեր աչքերը յառած Մուսա լերան՝ ազգովին կը խոնարհինք համազգայինի հերոսապատումը կերտած մեր լերան նահատակներուն դիմաց ու կ՛ըսենք փա՛ռք քեզ Մուսա Լեռ ու յարգա՛նք քեզ Մուսալիռցի, պատի՛ւ քեց Այնճար իւ ապրի՛ս յաւէտ Այնճարցի...»
Բացման խօսքէն ետք հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերով ելոյթ ունեցաւ Թենոր՝ Գեւորգ Հաճեան:
Ապա Հայկական պարով մը ելոյթ ունեցան Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտուհիները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Նարէկ Արքեպիսկոպոս Ալիէմեզեան ուր ան գնահատեց պատգամախօսին ու հայրենակեցներուն ըսաւ թէ Միասնակամ պէտք է ըլլանք տերը կանգնելու մեր գիւղին եւ անոր բոլոր կարիքներուն:
Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ազգային- յեղափոխական երգերով` կատարողութեամբ Թենոր՝ Գեւորգ Հաճեանի:
Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: