Լուրերու Արխիվ

Հովանաւորութեամբ Այնճարի « Կարմիր Լեռ» կոմիտէին և  կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին,   Շաբաթ 6 Հոկտեմբեր 2018-ին երեկոյեան ժամը  7:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս  տեղի ունեցաւ   Հայաստանի  Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններու առիթով ազգագրական և ազգային երգերու երեկոն ուր ելոյթ ունեցան Հայրենի երգիչներ՝ Գոհար Յովհաննիսեան , Ռուբէն  Սասունցի և Աղասի իսպիրեան:
  Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով՝ Նաթալի Քէնտիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: Ան յայտնեց թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններու առիթով՝ ազգագրական և ազգային երգերու փառատօն է այսօր»: Շարունակելով ան ըսաւ.«Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը Մայիս 28-ին, անգնահատելի ներգործութեամբ յատկապէս սփիւռքի Հայութեան կեանքին վրայ: Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններուն դէմ, դպրոցներու եւ ակումբներու մթնոլորտին մէջ Մայիս 28-էն ժառանգուած տեսիլքը հետապնդուեցաւ և այդ տեսիլքով հայրենիք կերտուեցաւ և իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիներ դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին: Մայիս 28-ը գերազանց հպարտութեան աւանդը ձգեց սփիւռքին, և իրականութիւն դարձուց երկրորդ հանրապետութիւնը»: Ապա բեմ հրաւիրեց ազգագրական և ազգային երգերու մեկնաբաններ՝ Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի և Աղասի Իսպիրեան:
              Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Հայրենի երգիչները երգեցին ազգագրական եւ Ռազմահայրենասիրական երգեր: Խանդավառուած ազգագրական երգերու ջերմութենէն ժողովուրդը շուրջպար բռնեց ու յագեցուց իրաւ արուեստի ծարաւ հոգիները` ամրապնդելով մշակութային կամուրջը Հայաստանի եւ Այնճար հայաւանի մէջ:
Արդարեւ, Համազգայինը, որուն նպատակն է ձգտիլ լաւագոյնին, գեղեցիկին, որակաւորին` խթանելով բարձրորակ արուեստը, անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահպանելը եւ տարածելը օրէ օր աւելի կը դժուարանան, եկաւ դարձեալ ըսելու. «Մենք տէրն ենք մեր մշակոյթին ու նախանձախնդիր` զայն հարազատօրէն փոխանցելու մշակութասէր հանրութեան»:

1.JPG

IMG_4192.JPG

8.JPG

9

 

?>