Լուրերու Արխիվ

Կազմակերպութեամբ LRI ոչ կառավարական մարմինին և գործակցաբար Այնճարի քաղաքապետութեան  Այնճարի փառատօնի մարմինին,  Երեքշաբթի 30 հոկտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 11:00ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ , տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը , որուն հիմնական նիւթն էր Այնճարի մէջ Լիբանանի ամենամեծ հանրային պարտէզի կառուցման աշխատանքներուն հետ առնչուող ծրագիրներու ներկայացում:

Հանդիպումին  ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայերը, Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, և գիւղի զանազան միութեանց ներկայացուցիչները ,ինչպէս նաեւ  USAid բաժանմունքի ներկայացուցիչները:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան ըսելով. « Այսօր շատ խորհրդանշական և պատմական օր մը կը թուի ինծի համար վերջնականացնելու որոշումը յեմնելու համար Լիբանանի մեջ առաջին հանրային պարտէզը մեր գիւղին՝ Այնճարի մեջ». Ան աւելցուց, «այս գործունէութիւնը պիտի փաստէ համագիւղական այնպիսի աշխատանք մը որ պիտի աւելցնէ գործի կարելիութիւնները Այնճարի բնակիչներուն համար, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէն մէծ թիւով զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ և բոլորը պիտի ուզեն գալ հոս և վայելէլ մեր գիւղի մէջի  հանրային պարտէզը»: Իր խօսքի աւարտին քաղաքապետը հրաւիրեց դոկտ. Մայա Նահմէ-ն՝  ոչ կառավարական մարմինի տնօրէնուհիին և օրիորդ Ժօուէլ Սալամէ-ին որ LRI ծրագրի համակարգողն էր, և խորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ինչպէս նաեւ իրենց գործակիցներուն ճգնաջան աշխատանքին որ կը կատարեն յանուն մեր գիւղի բարգաւաճման:  Ապա դոկտ. Մայա Նահմէ-ն ներկաներուն ընդհանուր տեղեկութիւն մը տուաւ Այնճարի մէջ Լիբանանի ամենամեծ հանրային պարտէզի կառուցման աշխատանքներուն հետ առնչուող ծրագիրներուն մասին և ըսաւ.«Մենք ուզեցինք Այնճարը ըլլայ այն վայրը որ պիտի կարուցուի Լիբանանի ամենամեծ հանրային պարտէզը,  որովհետեւ այս  գիւղը և իր մէջի բնակիչները կրցած են և պիտի կրնան պահել բնութիւնը և իր մէջ գտնուող բնական հարստութիւնները: Ան աւելցուց,«Հանրային պարտէզը շատ  մեծ ներդրում պիտի ունենայ գիւղին, բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ իր շրջապատին վրայ»: Որմէ ետք խօսք առաւ օրիորդ Ժօուէլ Սալամէ-ին որ LRI ոչ կառավարական մարմինին մասին փոքր տեղեկութիւն մը տուաւ, ապա տեսաերիզի վրայ մանրամասն տեղեկացուց ներկաներուն ծրագրին  մասին: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը դոկտ. Մայա Նահմէի և ներկաներուն միջեւ, և զրոյցի աւարտին օրիորդ Ժօուէլ Սալամէ-ն ներկաներէն պատանջեց գործոնէութեան քարտէսին վրայ մօտէն ակնարկում մը կատարեն որ պատրաստուած էր LRI ոչ կառավարական մարմինին կողմէ  և խնդրեց որ իրենց քննարկումները զետեղեն թուղթերուն վրայ: 

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն և ներկաները գոհ սրտով մեկնեցան սրահէն:

 

 

IMG_4635.JPG

 

IMG_4638.JPG

 

IMG_4641.JPG

 

?>