Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2018-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի «Հարսանիք թիկունքում» թատերական ներկայացումը. Այնճարի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ ներկայ գտնուեցան նաև գիւղիս միութիւններու վարչական կազմերը, որ մեծ հիացումով և յուզումով հետեւեցան ներկայացումին:
'