Լուրերու Արխիվ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, երէկ` երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2018-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ,  Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը` հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, որուն խաղարկութեան մէջ ընկերակցեցան Այնճարի Ազգային «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանի եւ Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց մտաւորական, գրող, թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը` անդրադառնալով նշեալ բոլոր մարզերուն մէջ անոր վաստակին եւ արժէքին:

Ներկայացման աւարտին կատարուեցաւ Խրիմեան Հայրիկի կերպարը հարազատօրէն ներկայացնող դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի պարգեւատրումը: Համազգայինի անունով խօսք առաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, որ բարձր գնահատելով ներկայացուած թատերական գործը, իբրեւ երախտիքի նշան յուշանուէր յանձնեց Մարգարեանին:

IMG_4811.JPGIMG_4771.JPGppp.jpgIMG_4766.JPG

?>