Լուրերու Արխիվ

Կիրակի,9 Դեկտեմբեր 2018,ժամը 18:00ին, Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Այնճարի Հիմնադրեան 80 ամեակի նուիրուած համերգ։

Հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Պարոյր Սեւակ Մասնաճիւղին։

Երեկոն, սկիզբ առաւ Համազգայինի շրջանային վարչութեան ներկայացուցչի՝Կարէն Եօսուլքանեանի  բացման խօսքով, որ կոչ ուղղեց մուսալեռցիներուն որ ըլլան  ուրախ իրենց կերտած գիւղով եւ լեցնեն Այնճարը մանուկներով։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան, Համազգայինի մասնաճիւղին, Եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ այն անձերուն որոնք լռելեայն կ՚օժանդակեն միշտ Գուսան սենեկային երգչախմբի յարատեւութեան եւ բոլոր բարերարներուն։

Օրուան պատուոյ հիւրն էր Տիկին Լիբանուհի Լուրջեան որ ինք եղած է առաջին ծնունդը Այնճար հաստատուելու տարին՝ 1939ին։

Համազգայինի Գուսան Սենեկային Երգչախումբը իր համերգը ներկայացուց ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի։

Համերգի առաջին եկեղեցական գործերու բաժինը նուիրուած էր 30 տարի առաջ երկրաշարժի նահատակներուն։ Ան ընդգրկեց՝

Եկմալեան պատարագէն բաժիններ մենակատարութեամբ Յարութիւն Քալօղլեանի եւ Սիրան Արծրունիի։

Անոր յաջորդեց «Գուսան»ի  յատուկ ձօնուած, Վահէ Բեգոյեանի կողմէ յօրինուած,  Գրիգոր Նարեկացիի Ողբերգութեան մատենէն Բան Ձ, մենակատարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի։

Համերգի ընթացքին Մեսրոպ Յովհաննէս կը ներկայացնէր երգուելիք բաժինները։

Ապա, Գուսան Երգչախումբը կատարեց Զարեհ Սրբազանի «Իմաստութիւն Հօր»ն ու «Տէր ողորմեա»ն։

Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Այնճարի մէջ ծնած մանուկներուն,  եւ ընթացաւ հետեւեալ ձեւով։

«Քնիր իմ Բալիկ» օրօրը, Կարա-Մուրզայի շարքը եւ ռուսական ժողովրդային երգ «Քալինքա» մենակատարութեամբ Կարինէ Անդրանիկեանի եւ ջութակի ընկերակցութեամբ Ռիթա Աստիքեանի։

Ապա, երկու մեներգներ «Բութինեայի Օրորոցային» մենակատարութեամբ Մարալ Շաննաքեանի եւ «Կիւլօ» մենակատարութեամբ Գէորգ Քէօշկերեանի։

Երրորդ բաժինը՝ ընդգրկեց հայրենասիրական, ֆիտայական եւ լիբանանեան երգեր։

Գրիգոր Փիտեճեանի «Թիփի փորան» մենակատարութեամբ Խաչիկ Գրիգորեանի

Ապա Թուֆիք Սքքարի «Իտի ու Իտաք» լիբանանեան բազմաձայն երգը, Իւեզեանի «Կիլիկիա»ն, եւ Կոմիտաս վարդապետի պարերգային շարքը «Վարդ ա, եարս», «Երեւան բաղ եմ, արել» եւ «Արեւը կայնէ կէսօր»։

Անկէ ետք, «Քիսթինիք»ով որ է Մուսալերան բարբառը, խօսք առաւ Կարէն Եօսուլքանեան ուր կատարեց մաղթանքներ 80ամեակի բացումին եւ կոչ ուղղեց Այնճարցիներուն որ ալ աւելի ուռճացնեն իրենց գիւղը։

Յետոյ, Գուսան երգչախումբի արական կազմը երգեց Տօլար պապուկի գրած ու եղանակած ու Զարեհ սրբազանի բազմաձայնած «Մուսալեռցիներու Քայլերգը»։

Աւարտին, նախքան քաղաքապետին՝ Վարդգէս Խօշեանի խօսքը՝ երգչախումբի կողմէ յուշանուէր փոխանձուեցաւ Քաղաքապետին։

Խօշեան խօսք առաւ, շնորհակալութիւն յայտնելով խմբավարին եւ իւրաքանչիւր Գուսանականի։ Ան հրաւիրեց որ

Այնճարցիներու եռանդը եւս աւելի ըլլայ ինչպէս հիմնադիր սերունդը այս գիւղին, որպէսզի աւելի հռչակաւոր ըլլայ ոչ միայն շուրջի գիւղերուն, կամ Լիբանանի այլ աշխարհի մէջ։ Նաեւ նշեց թէ 80 ամեակը մեծաշուք կերպով պիտի տօնախմբուի 2019ին։ Եւ փակեց գալիք ծննդեան տօնական աշխատանքներուն մասին տեղեկացնելով։

IMG4995
IMG5014
IMG4986
IMG5026
IMG5040
IMG5036
IMG5031
IMG5024
IMG5027
IMG5034
IMG5040
IMG5042
IMG-20181211-WA0056
IMG5047