Հազարաւոր տարիներ առաջ հրեշտակներ աւետեցին ըսելով « Լսեցէ՜ք ժողովուրդներ ծնաւ մեզ Փրկիչ», Շաբաթ 15 Դեկտեմբեր 2018-ին կէսօրէն ետք ժամը 6:00-ին ,Այնճարի Հայ Աւետարանական Գիշերօթիկի աշակերտները իրենց տաղանդներով Այնճարի ժողովուրդին աւետեցին Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան բարի լուռը:
Մասնակցութեամբ ՄԻՀՐԱՆ նուագախումբին, գիշերօթիկի աշակերտները իրենց տաքուկ ձայներով երգեցին ծննդեան երգեր, շուքերու յատուկ ներկայացումով մը փոխանցեցին ծննդեան պատքամը եւ մոմերու պարով ներկաններուն ստեղծեցին յատուկ մթնոլորտ: Յայտագրին աւարտին Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ ՝ Պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան իր սրտին խօսքը փոխանցեց ներկաներոգն որմէ ետք ՄԱՀԱԵՄ նախագահ՝ Վեր Մկրտիչ Գարակէօզեան փակեց յայտագիրը օրհնութեան աղօթքով: