Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային Վարչութեան ,եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Ամանորի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ ՝ Ուրբաթ 14 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ Ետք Ժամը 2:30ին ճաշարան «Արեւի» մէջ:
Ներկայ էր Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին՝ Ցողիկ Հաւաթեան, Լ.Օ.Խ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղէն ընկերուհիներ , գիւղի քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով Լ.Օ.Խ-ական ընկերուհիներ և համակիրներ:
Ձեռնարկին Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ընկհ. Ռիթա Լագիսեան: Ան ողջունեց ընկերուհիները ու ըսաւ. «Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղը միշտ արթուն է և նուիրուած ծառայելու իր ժողովուրդին առանց ակնկալութեան և առանց ժամանակի սահմանումին, հոն է ուր կարիքը կայ: Ան շարունակեց ըսելով թէ «Լ.Օ.Խ-ը ունի վսեմ յանձնառութիւն բարձրացնելու հայ կնոջ կարողականութիւնը, մղելու կինը որ իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ և իր դերակատարութիւնը ունենայ գիւղի գոյատեւման պայքարի հանրային և ազգային կեանքին մէջ, գիտնայ պահել իր ընտանիքը,յաջողի ու զարգանայ, փայլի իր աշխատանքի միջավայրին մէջ և յառաջատար դեր ունենայ մեր հասարակական գործին մէջ: Աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկին յաջողութեան սատարող կամաւոր ընկերուհիներուն , ընկերային յանձնախումբին, նուիրատուներուն, և քաղաքապետութեան:
Ապա բեմ հրաւիրեց Տիկին Մարինէ Գարայեան որ ստանձնէ կաղանդի այս ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը:
Տիկին Մարինէ Գարայեան ներկայացուց հայաստանի գաւառներու նոր տարուան աւանդութիւնները տեսաերիզի ցուցադրութեամբ, ապա խաղերով և անակնկալներով ուրախ ու հաճելի կաղանդի տօնական պահեր յաջողեցաւ փոխանցել ներկաներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ մասնակից դարձան և վայելեցին ուրախ և անմոռանալի ժամեր: Ձեռնարկին ընթացքին ներկաները ճաշեցին, ապա փոքրիկներուն հետ ցնծութեամբ երգերով և պարերով դիմաւորեցին կաղանդ պապան որ իր նուէրները բաժնեց փոքրիկներուն և հաճելի ու ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց:
Ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն և նուիրատուութիւն:
Ձեռնարկը խանդավառեց «Dj Hoven» որ իր երգացանկով հրապուրեց բոլորը:
Ներկաները գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան ճաշարանէն: