Լուրերու Արխիվ

 

49719540_2437495766292312_3804196372521943040_n.jpg

Շաբաթ, 12 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի հայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:

Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան Վարուժան արք. Հերկելեան, Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, գիւղին հոգեւոր հովիւները, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ:

Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն Սեւատա Անտոնեան: Ան նախ ներկաները հրաւիրեց վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակ եւ մահացած ընկերներուն: Ապա, կարճ եւ կուռ խօսքով մը ան անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեայ գործին ու վաստակին, իբրեւ հայկական յեղափոխութիւնը դարբնող, պետականութիւն կերտող, սփիւռք կազմակերպող, Հայ դատ հետապնդող եւ արցախեան պայքարի մասնակից կուսակցութիւն: Իր խօսքին մէջ, Անտոնեան շեշտեց դաշնակցական երիտասարդութեան դերը` կուսակցութեան աշխատանքներուն մէջ, նշելով, որ գաղափարական եւ մարտունակ երիտասարդութիւնը կը հանդիսանայ առողջ եւ ամուր ապաւէնը ՀՅ Դաշնակցութեան ներկային եւ ապագային:

49899216_2437496039625618_6181699278981824512_n.jpg

Իր խօսքի աւարտին, Անտոնեան նշեց, որ ժողովրդային տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլար եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Սակայն, կամքէ անկախ պատճառներով, ան կը բացակայի եւ օրուան պատգամը կը փոխանցէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան:

Բացման խօսքէն ետք, ժողովրդային եւ ազգային-յեղափոխական երգերու նուագներով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Հնչեցին «Կաքաւիկ»-ը, «Նուպար-նուպար»-ը, «Քելէ-քելէ»-ն եւ «Արիւնոտ դրօշ»-ը, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

50058596_2437496126292276_4700336230770933760_n.jpg

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ Վիգէն Աւագեան` փոխանցելու օրուան պատգամը:

Օրուան պատգամախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ աշխարհի չորս կողմը սովորութիւն է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին ներկայանայ տարեկան զեկուցումով, հաշուետուութեամբ: Գործէն ծնած` գործի կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան տարեդարձին կը խոնարհի այն ժողովուրդին առջեւ, որ կը հաւատայ իր գործին ու կը մնայ իր կողքին` բաժնեկիցը դառնալով իր դժուարութիւններուն եւ իրագործումներուն:

Դաշնակցութեան 128-ամեայ երթին մասին խօսելով` Աւագեան նշեց, որ իր ժողովուրդին հետ մեծ ցնցումներէ անցաւ Դաշնակցութիւնը: Ան ճաշակեց 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան, հայրենազրկումի եւ տարագրութեան դառն բաժակը, նաեւ` ազգովին յարութիւն առնելու, հայրենիք անկախացնելու եւ պետականութիւն կերտելու յաղթանակի արբեցնող բաժակը: Դաշնակցութիւնը կրնկակոխ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի քայլերուն եւ դաշնակցական բջիջ ու միաւոր ստեղծեց հո՛ն, ուր հայութիւնը համախումբ եւ ազգային կազմակերպ կեանքի հրամայականը զգաց: Դաշնակցութեան քաղաքական առաջնորդութեամբ հայ ժողովուրդը իր քրտինքն ու վաստակը խառնեց իր նոր հայրենիքներու ժողովուրդներու ճիգին, շաղուեցաւ անոնց հետ, ու վայելեց բոլորին համակրանքն ու վստահութիւնը: Դաշնակցութիւնը գործեց, ընթացք եւ ուղղութիւն տուաւ հայ կեանքին, դեր ու ղեկավարութիւն ստանձնեց մեր ճակատագիրին սպառնացող ամէնէն վճռական պահերուն: Յոգնեցաւ ան, բայց չհանգչեցաւ: Ինկաւ, բայց միշտ վերականգնեցաւ:

Շարունակելով, Աւագեան հաստատեց, որ բնական պայմաններու մէջ չգործեց Դաշնակցութիւնը: Այսօր ալ ան կը գործէ միջազգային ու շրջանային անբնական պայմաններու մէջ: Թեւակոխած ենք նոր  փուլ մը, ուր մեծապետական ուժերու մրցակցութիւնները ստեղծած են զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական բախումի անվերջանալի դաշտեր:  Ճակատողը մեծերն են, տուժողը` փոքրերը: Ընդհանուր թոհուբոհին մէջ, Հայաստանն ու հայութիւնը անվնաս չեն մնար, ընդհակառակն` իւրաքանչիւր քայլափոխի անոնք դէմ յանդիման կու գան իրենց սեփական ինքնութիւնը պահպանելու, կազմակերպուելու եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու անյաղթահարելի դժուարութիւններու:

49864076_2437496176292271_7107252091181072384_n.jpg

Այնուհետեւ, Դաշնակցութեան աշխարհատարած գործունէութեան ընդհանուր ակնարկ մը նետելով` Աւագեան յայտնեց, որ սփիւռքեան ճակատի վրայ, այսօր, ի գին մեծ զոհողութիւններու, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը, սփիւռքը հայրենիքին շուրջ համախմբելու կենսական դերակատարութիւնը` հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները դիտելով իբրեւ հաւասար կողմերու յարաբերութիւն:

Հայաստանի մասին խօսելով` Աւագեան ընդգծեց, որ մեծ աշխատանք կայ տարուելիք` յատկապէս ժողովրդային շարժումով իշխանափոխութիւն ապրած մեր հայրենիքին մէջ, ուր այսօր ականատեսը կ’ըլլանք քաղաքական նոր դաշտի եւ պետական նոր համակարգի մը ծննդեան երկունքին: Նորանկախ մեր հայրենիքը, ՀՀՇ-ական եւ Հանրապետական վարչակարգերէն ետք, դեկտեմբեր 9-ի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններով թեւակոխած է փաշինեանական իշխանութեան փուլը, յուսալից, որ ժողովրդային արդար սպասումները կ’իրականանան շուտով եւ Հայաստանի մէջ կը հաստատուի իրաւունքի, բարոյականութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավար համակարգ:

«Փաշինեանական իշխանափոխութիւնը, անկասկած, կարեւոր քայլ մըն է մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար,- շարունակեց Աւագեան,- բայց նաեւ` անբաւարար, եթէ երբեք ան պիտի մնայ անցեալի ստուերներու դէմ կատարուած պայքարի ծիրին մէջ: Նախկին վարչակարգի ու անոր ներկայացուցիչներուն դէմ շղթայազերծուած արշաւները չեն կրնար լուծել առկայ հարցերն ու դժուարութիւնները, եթէ երբեք նախկինը քանդելէ ետք` աւելի լաւը կառուցելու, նոր ծրագիրներով երկիրը յառաջ տանելու ծրագիրներ չմշակուին ու չներկայացուին մեր ժողովուրդին: Իսկ նման ծրագիրներ մշակելու համար անհրաժեշտ են պետական իմաստութեամբ լուրջ աշխատանք, սկզբունքային, բանիմաց մարդիկ, նոր որակի քատրեր, որոնք պիտի կարենան իրականութեան վերածել այն, ինչ որ Դաշնակցութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը պահանջէ Հայաստանի մէջ`

«- Հայրենի ժողովուրդի ընկերային վիճակի բարելաւում եւ հայ մարդու արժանապատիւ կեանքի ապահովում:
«- Տնտեսական արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն, պայքար` անօրինականութեան, փտածութեան եւ ստուերային տնտեսութեան դէմ:
«- Երկրի կայունութեան հաստատում, հանդուրժողութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծում:
«- Քաղաքակիրթ աշխարհին յատուկ արժէքներու որդեգրում. ժողովրդավարութեան ամրապնդում, օրէնքի գերակայութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորում:
«- Ազգային արժեհամակարգի կարեւորում եւ աւանդական-բարոյական հասկացողութիւններու պահպանում:
«- Հայկական գործօնի հզօրացման ռազմավարական յստակ ծրագիրներով 21-րդ դարու չափանիշներով զարգացող պետութիւն»:

Աւագեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Արցախին եւ ըսաւ, որ Արցախին տիրութիւն ընելը եւ միջազգային ատեաններուն մէջ զայն պաշտպանելը հայրենի իշխանութիւններուն պարտքն է: Արիւնով շահուած հայրենիքի այդ մասը մե՛րն է եւ սակարկութեան չի կրնար դրուիլ: Սահմանին ամբողջ երկայնքին, թշնամին օրական կը խօսի ուժի լեզուով, կը գործէ բարոյական եւ քաղաքակրթական տարբեր արժեչափերով, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն արցախեան յաղթանակով նուաճուած խաղաղութիւնը:

Լիբանանեան կեանքի ընդհանուր իրավիճակին մասին խօսելով` Աւագեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանը եղած է ու կը մնայ համաձայնական ժողովրդավարութեան, հանդուրժողութեան եւ համակեցութեան երկիր, որ ցարդ կարողացած է տոկալ ու ապրիլ շնորհիւ իր զաւակներուն համերաշխութեան: Լիբանան կը կորսնցնէ իր քաղաքական միութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, եթէ զայն բաղկացնող ուժերէն մէկը կամ միւսը դադրի ընդհանրական արժէքներով եւ նպատակներով առաջնորդուելէ: Ան աւելցուց, որ ամէն երկրի մէջ ներքին անհամաձայնութիւններ եւ տարակարծութիւններ կրնան գոյութիւն ունենալ, սակայն երկիրները կ’ապրին ու կը զարգանան ո՛չ թէ ժողովուրդին ներքին հակասութիւնները շեշտելով, այլ` ազգային միասնականութեան ենթահողը ամրապնդելով:

Աւարտին, Աւագեան շեշտեց, որ «առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան կը գտնուի քաղաքական բարդ կացութեան մէջ: Լիբանանահայութիւնը ճակատէ՛ն դիմագրաւած է այս երկիրը հարուածած բոլոր փոթորիկները եւ ամէն անգամ ալ պատուով դուրս եկած է անոնցմէ, շնորհիւ իր աչալրջութեան, կազմակերպ կեանքին եւ ազգային-միութենական աշխուժ կառոյցներուն: Ձեռնածալ կարելի չէ նստիլ, պէտք է կրկնապատկել ու բազմապատկել աշխատանքի մեր ճիգերը եւ քայլ առ քայլ ամրացնել մեր ներքին դիմադրականութեան համակարգը այնպէս մը, որ ան կարենայ յաղթահարել երկրին ու գաղութին սպառնացող քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային այլազան դժուարութիւնները: Հարկ է իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պատասխանատուութեան բաժինը եւ ամուր մնայ պատնէշի վրայ: Ազգային-միութենական մեր միաւորներէն իւրաքանչիւրը կոչուած է առաւելագոյն ուժականութիւնը ցուցաբերել ընդհանրական մեր ճիգին, այլապէս չենք կրնար դիմադրել պայմաններու պարտադրած չարիքին: Տոկունութիւնը, յարատեւութիւնը եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը կը հանդիսանան փրկութեան մեր միակ ուղին այս անորոշ ներկայէն դուրս գալու համար»: Vidaus apdailos darbai, būtų remontas ir įrengimas Vilniuje konkurencinga kaina svetainėje bustovizija.net

49310572_2437496532958902_3719512274713444352_n.jpg

Վիգէն Աւագեանի պատգամէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ հայրենի արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան-Մըրրօ, որ ազգային-յեղափոխական երգերու շարքով մը պանծացուց ՀՅ Դաշնակցութեան անուանի ֆետայիներուն յիշատակը: Անդրանիկին, Կարնեցի Գարեգինին, Քեռիին, Դրոյին ու անոնց զինակից ու գաղափարակից դէմքերուն նուիրուած իր երգերով ան գովքը հիւսեց հայկական յեղափոխութեան: Արսէն Գրիգորեան չմոռցաւ յիշելու նաեւ հայկական բանակը եւ դիրքերու վրայ հսկող հայ զինուորներուն նուիրեց «Մարտիկի երգը»: Ապա, ժողովրդային-ազգագրական երգերու շարանով մը, աւելի քան մէկ ժամ ան խանդավառեց ներկաները եւ իսկական տօնախմբութեան տեսք մը տուաւ ձեռնարկին: Ներկաները երգիչին ընկերացան դրօշներու ծածանումով, երգերով ու պարերով:

50104233_2437496352958920_3155862177198374912_n.jpg