Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան և տարեցներու յանձնախումբին, Երեքշաբթի 15 Յունուար 2019-ի կէսօրին
« Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ճաշկերոյթ մը գիւղիս տարեցներուն համար, բարերարութեամբ՝ Տիգրան և Վրէժ Գարաքէշիշեան եղբայրներուն, իրենց մօր յիշատակին: Ներկայ էին գիւղին հոգեւոր հայրերը , քաղաքապետը և շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին՝ Ցողիկ Հաւաթեան:
Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Յասմիկ Քէնտիրճեան երախտագիտական խօսքեր ուղղելով տարեց սերունդին, որոնք իրենց կարելին ըրին զարգացնելով գիւղս և հասցնելով զայն այսօրուան բարգաւաճ վիճակին:
Ճաշասեղաններու օրհնութենէն ետք, ձեռնարկին հանդիսավար ընկհ. Ծաղիկ Հապէշեան հակիրճ կերպով փոխանցեց Ամանորի ազգային տոհմիկ սովորութիւնները ապա խաղերով տարեցներուն ուղղեց հարցումներ:
Ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցաւ մեր գիւղի զաւակներէն՝ Նշան Վարդանեան խանդավառելով մամիկներն ու պապիկները, որոնք շուրջպար բռնեցին և պարեցին երիտասարդ ընկերուհիներուն հետ:
Կաղանդ պապայի ժամանումը ծանրաբեռնուած բարերար եղբայրներու կողմէ տրամադրուած նուէրներով տարեցներուն ոգեւորութիւնը կրկնապատկեց: Իսկ Ճաշկերոյթին ներկայ 100-ամեայ տարեց մամիկը հատեց կարկանդակը:
Աւարտին, վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Ռիթա Լագիսեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տարեցներուն մաղթելով անոնց առողջութիւն և արեւշատութիւն, հաստատելով նաև որ Լ.Օ.Խ.-ը միշտ պատրաստ է ծառայելու, օգնելու և խնամելու գիւղի բոլոր մամիկներն ու պապիկները ինչպէս նաև Լ.Օ.Խ.-ի կեդրոնը իրենց պատսպարանն ու տունն է :
Տարեցները մեկնեցան ժպիտը անոնց դէմքերուն, օրհնութեան և երախտագիտական խօսքեր արտասանելով Լ.Օ.Խ.-ի ընտանիքին և բարերար եղբայրներուն: