Հ.Յ.Դ. զինանշանին վրայ ուխտած էին տիպար Դաշնակցականներ ծառայելու կուսակցութեան նպատակներուն, ի գին ամէն զոհողութեան, մինչեւ իսկ նուիրաբերելու իրենց կեանքը:
Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը յիշատակելով ընկերներ Զաւէն Թաշճեանի, Պէտիկ Ինճէեանի և Վաչէ Տաղլեանի նահատակութիւնը, այցելեց ընկերներուն ընտանիքներուն ու հարազատներուն, յուշանուէր յանձնեց և շնորհաւորեց նոր տարին և Սուրբ ծնունդը: