Չորեքշաբթի 20 Փետրուար 2019-ին առաւօտեան ժամը 10։30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն այցելեց Լիբանանի մէջ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան ՝Վահագն Աթաբէկեան, որուն կ՝ընկերակցէր դեսպանատան Գ. Քարտուղար Տիար՝ Դաւիթ Ալաբերդեան։
Այցելութեան ներկայ էին գիւղիս պատկան մարմինները. Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ընկերները, քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, գիւղիս 3 եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, թաղական խորհուրդներն ու տիկնանց միութեանց և Լ.Օ.Խ. -ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները, և գիւղիս մէջ գործող զանազան միութեանց վարչութիւնները:
Ան դիմաւորուեցաւ Հայկական աւանդական աղ ու հացով, ապա կեդրոնի «Զաւէն Թաշճեան» սրահէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ միութեանց ներկայացուցիչներուն հետ, հանդիպման աւարտին պրն. դեսպանը պարգեւատրուեցաւ Յուշանուէրով մը:
Ապա դեսպանը ներկաներուն հետ ուղղուեցաւ դէպի «Հ.Մ.Ը.Մ.»-ի մարզահամալիր, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոն և դարմանատուն, Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցի, «Պօղոս Սնապեան»-ի տուն թանգարան, Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարան ու եկեղեցին, քաղաքապետարան, «Պօղոս Ղուկասեան» պուրակ ուր տեղի ունեցաւ ծառատնկում: Ապա բոլորը միասնաբար այցելեցին Ազգային «Յառաջ» և «Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան, Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիր ու «Ս. Պօղոս» եկեղեցի և մօտէն ծանօթացաւ Այնճարի և անոր պատմութեան մասին։
Այցելութեան աւարտին եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը ուր զոյգ վարժարաններու աշակերտները հանդէս եկան երգեցողութեամբ, ասմունքով, նուագով, և պարով։
Աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ, մեծայարգ պրն. Դեսպանը մեծ հիացումով անդրադարձաւ Այնճարի հայեցի դիմագիծի պահպանման համար տարուող աշխատանքներուն:
Հ.Յ.Դ.《Կարմիր Լեռ》 Կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն, ընկեր՝ Զոհրապ Յովսէփեանի մահը որ պատահեցաւ այսօր առաւօտեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Շաբաթ 9 Փետրուար, 2019-ին մահացաւ Լուսին Թօփալեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի կէսօրուան ժամը 2։30֊ին Այնճարի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին եկեղեցւոյ 《Հետուիկ》 սրահին մէջ յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։00, իսկ Երեքշաբթի օրը հանգուցեալին քրոջ բնակավայրը(Այնճար)։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:
Շաբաթ 9 Փետրուար, 2019-ին մահացաւ Արշալոյս Հապեշեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ կէսօրուան ժամը 12։00֊ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին《Ս. Պօղոս》 եկեղեցւոյ 《Գ. Կիւլպէնկեան》 սրահին մէջ յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։00։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն: