«Ոգին Ապրիլեան՝ շաչող-շառաչող,
Լեզուով պողպատէ, խօսքով երկաթէ,
Անյաղթ կը գոչէ.- Կենդանի ենք դեռ...»
Ժագ Ս. Յակոբեան
Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, Երեքշաբթի՝ 23 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան եղեռնի 104-ամեակի հսկումի երեկոն :
Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի և Արցախի քայլերգներով,ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը, Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց ընկեր Պարոյր Սթամպուլեան: Ան ըսաւ.-« Մեզի համար փառաւոր անցեալը՝ մեր անձեռնմխելի սրբութիւնն է, ներկան՝ մեր արմատներուն ուժն ու սնունդը ծլարձակող շարունակութիւնը, իսկ ապագան՝ բիւրաւոր նահատակներու, հին թէ նոր հերոսներու արեամբ ջրդեղուած Ամբողջական Հայաստանն է»: Ապա ան իր խօսքը հաստատեց ու ըսաւ.-«Մենք հպարտ ենք մեր արմատներով, որոնք կը գտուին հայրենիքի ամբողջ տարածքին, մինչդեռ մեր թշնամիին արմատները ոչնչացուած են շատ կանուխ՝ որոնք կը կոչուէին սելճուք, չերքէզ կամ ընդհանրապէս վաչկատուն ցեղ»: Ան իր խօսքը աւարտեց յայտնելով.-« իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, անգամ մը ևս կը բարձրացնենք մեր արդար պահանջներուն իրագործումը: Հայ դատը պիտի շարունակուի նոյնիսկ երբ դարեր ալ անցնին, պիտի շարունակուի մինչեւ յաղթական դրօշը պարզած ազատագրենք մեր նախահայրերուն կառուցած Մուշը, Սասունը, Վանն ու Մուսա Լեռը»:
Բացման խօսքին յաջորդեց Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն եռեակ մը, որ ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» ասմունքէն բաժին մը, ինչպէս նաև «Տլէ Եաման» երգը:
Օրուան բանախօսն էր Ընկեր Գրիգոր Էքմէքճեան.որ ըսաւ.- «Հսկումի այս երեկոները կը կազմուին ոչ թէ միայն յիշելու մեր 1.5 միլիոն նահատակները, ոչ թէ միայն թուրքիոյ դրօշը այրելով կամ զայն կոխկռտելով անոր մարտահրաւէր կարդալու, այլև հրաւէր մըն են, կոչ մըն են իւրաքանչիւր հայորդիի որ այստեղ կը գտնուի այսօր, ինքզինք արժեւորելու, ինքնին անձը և խիղճը քննութեան առարկայ դարձնելու, հանդէպ իր կատարած կամ չկատարած աշխատանքներուն, որդեգրած կամ չորդեգրած հայավայել ու ինչու չէ նաև դաշնակցականավայել կեցուածքներուն, և վերջապէս նախաձեռնած կամ չնախաձեռնած պահաջատիրական քայլերուն»: Էքմէքճեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ,«սիրելիներ, ոևէ հակամարտութեան ընդմէջէն յաղթական դուրս գալու գաղտնիքներէն մէկն է, լաւապէս նախապատրաստուած ըլլալու կողքին, ունենալ մտային, քաղաքական, կազմակերպական և հարկ եղած պարագային մարտական բաւարար ճկունութիւն, հակառակորդին, կամ այս պարագային թշնամիին անակնկալի մատնելու և հակակշիռը ի նպաստ մեր կողմ դարձնելու:
Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով,-« Ժամը հասած է ազգովին վերականգնելու, և այսօր՝ այստեղ վերանորոգելու մեր հաւաքական կամքը, վերահաստատելու մեր ուխտը, չխնայելով ոչ մէկ ճիգ, չճանչնալով ոչ մէկ ցաւ, ոչ տառապանք հարկ եղած պարագային նաև կեանքի գնով հասնելու համար սրբազան յաղթանակին՝ Ազատ, Անկախ և Միացեալ Հայաստանին»:
Այնուհետեւ, Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիներէն դարձեալ եռեակ մը ներկայացուց Նարէ Գեորգեանի « Զինուորի Մօր» երգը, տեսաերիզի ընկերակցութեամբ, որմէ ետք, Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին «Ապրելու ենք Ապրիլ» պարը:
Աւարտին՝ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն խումբ մը ընկերներ ներկայացուցին «Ու՞ր էիր Աստուած» կենդանի պատկերը ու ջահերը յանձնելով գիւղի հոգեւոր հայրերուն, ներկաներուն հետ միասին սրահէն դուրս եկան վառելով Լ.Ե.Մ-ի փաղանգին ջահերը:
Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով: Հոծ բազմութիւնը, առաջնորդութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ-ի Այնճարի շեփորախումբին եւ Լ.Ե.Մ-ական ու պատանի ջահակիրներուն, ուղղուեցաւ դէպի գիւղի բերդի հրապարակը ու ականատես եղան «Ապրելով Ապրիլ» կարգախօսին կրակվառութեան: Քայլարշաւը շարունակելով մասնակիցները հասան «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ կից գտնուող Մուսա լերան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ, որմէ ետք՝ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութենէն ընկեր մը ներկայացուց «Ահաւոր Բան Մը Այնտեղ» ասմունքը:
Հսկումը աւարտեցաւ գիւղի հոգեւոր հայրերու պահպանիչով: