Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղը, 20 տարիներէ իր աւանդութիւն դարձուցած է Տարեցներու Ս. Յարութեան ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 27 Ապրիլ 2019-ին, գործակցաբար վարչութեան և Տարեցներու յանձնախումբին: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ ճաշարան Արեւի «Պայծառ» սրահէն ներս Բարերարութեամբ Ճաշարան Արեւի տնօրէնութեան, իրենց մեծ մօր Պայծառ Քիւրտեանի յիշատակին: Ներկայ էին գիւղիս հոգեւոր հայրերը, Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան և գիւղի 75 տարիքը բոլորած բոլոր տարեցները:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ. Լիզա Թիւմպէրեան, շեշտը դնելով Լ.Օ.Խ-ականի անսակարկ ծառայութեան հոգիին, օգնելու պատրաստակամութեան ի մասնաւորի տարեցին և կարիքաւորին, որոնք 80 տարիներ ամբողջ ջանք չխնայեցին վերածելու Այնճարը «Դրախտի»: Ան Մաղթեց անոնց ուրախ և առողջ կեանք:
Օրուան հանդիսավար՝ ընկհ. Ռիթա Քիւստպէքեան պատշաճ մէջբերումներ կատարեց անոնց քրտնաջան անխատանքին, 80 տարիներու վաստակին և Այնճարի կերտումին, որոնք այդ ճահիճը վերածեցին այսօրուայ գեղեցիկ և նախանձելի վիճակին:
Հանդիսավարը թարմանեցնելու համար մեր տարեցներու յիշողութիւնը, կատարեց հարց-պատասխանի խաղ մը:
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուց գիւղիս զաւակներէն՝ երգչուհի Սեւան Հաճեան, իր ճոխ երգացանկով, ինչպէս նաև փոքրիկն Սագօ Տէմիրճեան երգեց մայրերու նուիրուած երգ մը:
ընկերուհիները Թոնիրի հացով լեցուն «Տապուղ»-ը բռնելով շուրջպար կատարեցին խանդավառելով պապիկները և մամիկները որոնք մոռցան իրենց ոտքերուն ցաւերը և միացան ընկերուհիներուն պարին:
Ապա բաժնուեցաւ թոնիրի հացը բոլոր ներկաներուն:
Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ և կարկանդակի հատում 1939 -ի ծնունդ տարեցներուն կողմէ որպէս խորհրդանիշ Այնճարի հիմնադրութեան 80 ամեակին:
Օրուան շնորհակալական խօսքը մատուցեց ընկհ. Ռիթա Լագիսեան, մաղթելով բոլոր տարեցներուն արեւշատութիւն, առողջ կեանք թոռներուն և ծոռներուն շուքին ներքեւ, ինչպէս նաև յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերար Ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան մաղթելով իրենց յարատեւ վերելք:
Հաւաքը վերջ գտաւ տարեցներու օրհնութեան խօսքերով, որոնք մեկնեցան գոհունակ սրտով, մաղթելով Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կորով և բեղուն գործունէութիւն: