Լուրերու Արխիվ

Կիրակի, 12 Մայիս 2019-ին,«Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, Յաւարտ Ս. և Անմահ Պատարագի,  տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ննջեցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու և անդամուհիներու յիշատակին, որմէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը  ուղղուեցաւ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ :

Ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրեր, Հ.Յ.Դ. «կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետը, Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը,  Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի վարչական կազմն ու  Լ.Օ.Խ-ական ընկերուհիներ:

Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Ռիթա Լագիսեան որ վեր առաւ ԼՕԽ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ննջեցեալ հիմնադիրներուն, բարերարներուն և ընկերուհիներուն  ծառայութեան ոգին, որոնք գերադասելով իրենց անհատականը անսակարկօրէն նուիրուեցան մասնաճիւղի յառաջդիմութեան ու վերելքին:

Յաջորդաբար խօսք առին Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, որ շեշտը դրաւ գողգոթայի խաչին ըսելով որ իւրաքանչիւր Լ.Օ.Խ-ական այդ խաչը իր ուսին կրելով ամէն ջանք ի գործ դրած է հասնելով տարեցին, հիւանդին, և աշակերտին: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն և բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան մասնաճիւղին:

Ապա Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի Ցողիկ  Հաւաթեան գնահատեց մասնաճիւղի գործունէութեան ունեցած դաշտերը իր դարմանատունով, կրթական  ու առողջապահական ոլորտներով միշտ վերելքի մէջ է շնորհիւ ընկերուհիներու ծառայասիրութեան:

Աւարտին Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեան իր օրհնութիւնը յայտնեց Լ.Օ.Խ-ի բոլոր ընկերուհիներուն ինչպէս նաև թող ննջեցեալ ընկերուհիներուն  հոգիները երկինքի արքայութեան արժանանան ու խաղաղութեան մէջ ննջեն:

Ապա պահպանիչով փակեց յարգանքի այս հանդիսութիւնը:

Ընթացքին տեղի ունեցաւ նաև հոգեսուրճի մատուցում: 

 

IMG-20190512-WA0036
IMG-20190512-WA0038
IMG-20190512-WA0037
IMG-20190512-WA0035
IMG-20190512-WA0034
IMG-20190512-WA0033
IMG-20190512-WA0032
IMG-20190512-WA0031
IMG-20190512-WA0030

?>