Լուրերու Արխիվ

Շաբաթ 11 Մայիս 2019-ին կեսօրէ ետք պաշտօնական այցելութեամբ Այնճար այցելեց Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Տիար Ժըպրան Պասիլը :

«Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի մուտքին նախարարը ընդունուեցաւ աւանդական աղ ու հացով , ու յանձնուցաւ իրեն ծաղկեփունջ մը:

Ի ներկայութեան հայկական երեսփոխան պլոքի և կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի և զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի և ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի նուագակցութեամբ ու ժողովրդային ողջոյններով, բոլոր պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու ընդհանրապէս ներկաները բարձրացան կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահ ուր Տիկին Մարի Մարաշլեան-Ղուկասեան վարեց հանդիսաւարութիւնը, ապա Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան ողջունեց ներկաները շեշտելով որ Լիբանանեան մեր հայրենիքը այսօր որևէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներու միահամառ ու անխունջ զօրակցութեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին որ բարձր գնահատեց Ազգային Ազատ Հոսանքի և Դաշնակցութեան մինչեւ 2005 –էն ի վեր անխափան պահուած սերտ յարաբերութեան ու անվերապահ գործակցութեան:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ինք՝ Արտաքին գործոց նախարար՝ Ժըպրան Պասիլ, որ հիացումով արտայայտուեցաւ իրեն հանդէպ եղած ընդունելութեան ոճին ու բնոյթին: Ան իր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը արտայայտեց հայ ժողովուրդին ու անոր՝ Լիբանան բերած բազմատեսակ նպաստի ուղղութեամբ: Ապա յայտարարեց թէ Ուրբաթ՝ Մայիս 10 Մայիս 2019-ի Լիբանանի կարավարութեան նստին արդէն իսկ որոշում գոյացած է Այնճարի մէջ կարուցել ճարտարարուեստի մեծ արհեստանոց մը, որ իր բարերար դերն ու նշանակութիւնը պիտի ունենայ Այնճարին և շրջապատին:

Հանդիսութեան աւարտին Քաղաքապետը հրաւիրեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որպէսզի միասնաբար քաղաքապետութեան կողմէ յուշանուէրը յանձնէ Ժըպրան Պասիլի:

Կեդրոնի բակը տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Այս ձեռնարկին յիշուած անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին, Նախարար՝ Հասան Մրատ, Երեսփոխաններ՝ Միշէլ Տահէր ու Սալիմ Աունը. Նախկին Նախարար՝ Կապի Լայունը, կեդրոնական Պէքաայի քաղաքապետներն ու թաղապետները, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Գիւղի համայնքները, միութեանց ներկայացուցիչները և հոծ բազմութիւն:

IMG7170
IMG7156
IMG7153
IMG7160
IMG7166
IMG7146
IMG7175
IMG7137
IMG7173
IMG7187
IMG7188
IMG7189
IMG7190
IMG7134
IMG7177
IMG7193
IMG7209
IMG7206
IMG7213
IMG7214
IMG7218
IMG7243
IMG7234
IMG7260
IMG7253
IMG7257
IMG7263
IMG7274

?>