Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի եզրափակման և վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 22 Յունիսի երեկոյեան, վարժարանիս շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ՝ գիւղիս հոգեւոր հայրերու, Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, ուսումնական խորհուրդի ու Լ.Օ.Խ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, վարժարանիս տնօրէնութեան ու խնամակալութեան, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, պատկան մարմիններու և միութիւններու ներկայացուցիչներուն, բարերարներու, ուսուցիչներու, ծնողներու և բազմաթիւ հայրենակիցներու:
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարժարանիս վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու ողջունելէ ետք ներկաները հաստատեց ըսելով՝ «վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը՝ տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչակազմ և ծնողներ, իրենց ճիգը չխնայեցին քաջալերելու, համբերելու և նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին, որ յագեցուց կրթական հարուստ ծրագիրը, փորձառական բաժինները, զանազան առիթներու հետ առնչուած ձեռնարկներն ու տօնակատարութիւնները՝ իւրայատուկ դարձնելով վարժարանիս վերելքը»: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն և անհատներուն, որոնք տարբեր առիթներով և զանազան միջոցներով օգտակար կը հանդիսանան մանկապարտէզին: Ան ըսաւ. «Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի այս տարուան հանդէսը նուիրուած է հայրենի մեծանուն գրագէտ ու բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Մանկապարտէզի փոքրիկները Թումանեանի հեքիաթներէն պիտի ներկայացնեն՝ «Բարեկենդանը», «Ուլիկը», «Անբան Հուրին», «Շունն ու Կատուն» և «Կաթիլ մը Մեղրը» երգախառն ու պարային թատրոններու ընդմէջէն:
Ապա բեմը յանձնուեցաւ փոքրիկներուն, որոնք մանկական պատումներով ու ոճով, սակայն իմաստասիրական խորքով, հանդիսատեսին ամրագրեցին գիւղի 80-ամեայ երթին:
Օրուան գեղարուեստական յայտագրին, իւրայատուկ փայք տուին ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք հանդէսի ընթացքին, բեմը կենդանացուցին Թումանեանի հեքիաթային տիպարներով:
Կոկոն և ծաղիկ դասարաններու երգչախումբի «Անբան Հուրին» երգի կատարումով, ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Այսպէս ծիլ, բողբոջ, կոկոն և ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին շարք մը պարեր՝ «Ուլիկներ», «Մեղուներ», «Շունն ու կատուն» և «Հոյ Նազան»ը: Անոնք իրենց մանր ու ճկուն շարժումներով խանդավառեցին ներկաները, որոնք բուռն ծափահարութեամբ արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձը, որոնք հրաժեշտ տուին իրենց ուսուցիչներուն և մանկապարտէզին:
Նախքան վկայականներու բաշխումը, ծաղիկի շրջանաւարտներուն իր պատգամը փոխանցեց վարժարանիս տնօրէն՝ Արմէն Թաշճեան:
Ան իր խօսքը ուղղելով ծաղիկ դասարանի աւարտականներուն ըսաւ, թէ «քառամեայ ժրաջան խնամք մը բուրումնաւէտ ծաղիկներու փունջ մը կը յանձնէ նախակրթարանին. առատ այս փունջը լաւագոյն ընծան է մեր գիւղին, անոր հիմնադրութեան 80-ամեակին առթիւ:
Տնօրէնը հաստատեց, թէ այս ծաղկեփունջը ներկայացնող հանդէսը «լաւագոյն փաստն է ապացուցելու, որ հայ դպրոցի առաքելութիւնը կը շարունակէ սնանիլ մանկական գրականութեան մեծ վարպետին՝ Յովհաննէս Թումանեանի մեղրի կաթիլներով՝ ի սպաս հայ մանուկի զուլալ ինքնութեան. իր տոհմնականութեամբ և նահապետական ոգիով, նախնեաց ու մեծերու անհուն յարգանքով, բնութեան ու հողի պաշտամունքով, ինչպէս նաեւ իր հայրենասիրութեամբ՝ Թումանեան հոգեհարազատ է Մուսա լեռցի Այնճարցիներուս»:
Ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ բոլորին ծանօթ դրուագով Թումանեան իր ամենայն հայոց բանաստեղծի ուժգնութեամբ՝ գաղթականութեան առջեւ կը համարձակէր բանալ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վեհարանի դռները, վեհարանն ալ պատսպարանի վերածելով. Յովհաննէս Թումանեանի իր անզիջող սկզբունքայնութեամբ հանդերձ, անհուն բարութեամբ՝ մեծ հաշտարար մըն էր հասարակութեան մէջ:
Վերջապէս տնօրէնը խօսքը ուղղեց ծաղիկներուն ու մաղթեց որ իրենց ստանալիք վկայականներով «պատրաստուին Թումանեանը 250 տարեկան դարձնելու, ինչպէս նաեւ մեր սիրելի գիւղը 180 տարիներով ե՛ւս ապրեցնելու»:
Ապա տնօրէնը շնորհաւորելով ծաղիկները, իրենց ծնողներն ու մանկապարտէզի անձնակազմը, բեմ հրաւիրեց գիւղիս ծխատէր քահանայ՝ Տէր Միւռոն Աւետիսեանը, ազգային ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ՝ Վաչէ Թազեանը, ինչպէս նաեւ վարժարանիս նեցուկ կանգնող բարերարներէն՝ Յարութ Զէյթլեանը, որպէսզի միասնաբար կատարեն վկայականներու բաշխումը:
Հրավառութեամբ ու բոլոր փոքրիկներու բեմ բարձրանալով փակումը կաարուեցաւ օրուան հանդիսութեան: