Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական Վարժարանի Աւարտական Հանդէս
Ուրբաթ 28 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական Վարժարանի ամավերջի հանդէսը, վարժարանի շրջափակէն ներս:
Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի և Հայաստանի զոյգ քայլերգներով վարժարանի «Նայիրի երգչախումբի» կատարողութեանբ, ապա 6րդ եւ 12րդ դասարաններու շրջանաատները բեմ բարձրացան "Պարը" ասմունքով եւ Մուսա Լերան աւանդական Տհոլ Զուռնայի պարեղանակով որմէ ետք տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի ընթերցում եւ աղօթք՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի կատարողութեամբ:
Հանդէսի ընթացքին շրջանաւարտ դասարաններու աշակերտները ընկերկցութեամբ վարժարանի «Նայիրի երգչախումբ»ին կենդանի պատկերով, ասմունքներով եւ պարերով ներկայացուցին Այնճարի 80 տարիներու անկիւնադարձային եւ կարեւոր հանգրուանները : Այնուհետեւ բեմ բարձրացան վարժարանի պատուոյ ցանկի արժանացող աշակերտները, որուն յաջորդեց 6րդ և աւարտական աշակերտներու ուղղերցներու ընթերցումը:
Օրուայ պատգամախօս Օրդ. Սոնիա Սիսլեան' խրատական եւ խրախուսական խօսքեր ուղղեց աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն :
Պատգամախօսին յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, պարգեւատրումները, Այնճարի 80-ամեայ ծեռունիներուն սրտի խօսքի փոխանցումը, Ջահի փոխանակումը, ծնողաց խորհուրդի և վարժարանի շրջանաւարտից միութեան անդամներու գնահատանքը։ Ապա Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան կատարեց հանդէսին հուսկ բանկը։
Հանդէսը աւարտեցաւ վարժարանի քայլերգով եւ օրհնութեան աղօթքով: