Ճիշդ է, որ Պօղոս Սնապեան նման խորագրով հատոր մը ունի, սակայն այս գրութիւնը աւելի իր զարգացուցած գրականութեան ու ոճին կը վերաբերի, որ հիմնականօրէն տպաւորութեան մը, մտածումի մը, խռովքի մը կամ հակազդեցութենէ մը սկիզբ կ՛առնէ:
Սնապեան «Յեղափոխութեան համար» իր երկրորդ հատորով ըմբոստ, յեղափոխական մարդու դիմապատկեր մը կը ստեղծէր իրեն համար: Ան ինքզինք բնորոշող մէկ բառով գեհենական մըն էր, որ կ՛ընդվզէր շրջապատի իրականութեան դէմ, յատկապէս` երէցներուն: Գրութիւնները` «Անառակ հայրը», «Գեհենականները», «Արտաշէսները դուրս», «Յեղափոխութեան համար»` բոլորն ալ կը բխին նոյն դժգոհութենէն, մտածումի եւ ապրումներու պոռթկումներ են: Անառակ հայրը իսկապէս անառակ չէ, պարզապէս առիթ չէ տուած իր անկախութիւնը եւ յեղափոխական ոգին դրսեւորող տղուն ինքզինք ըլլալու եւ զայն հալածած է: Անառակ հօր մեղանչումներուն ընդմէջէն արձակագիրը կ՛ըսէ այն, ինչ որ պիտի ուզէին ըսել ու ընել հայրերը: Նոյն կեցուածքը կը տեսնենք «Արտաշէսները դուրս»-ին մէջ, ուր իր ընդվզող հերոսը կը պաշտպանէ Արտաւազդը` ընդդէմ Արտաշէսներու եւ առկայ կացութիւնը անփոփոխ պահելու միտող տիպարներուն: Այս մէկը գաղափարական կամ քաղաքական կեցուածքներու տեսակէտներէ չի բխիր անպայման, որովհետեւ Սնապեան եւ իր շրջապատը ընդհանրապէս նոյն գաղափարական-կուսակցական շրջապատին կը պատկանին, այլ առաւելաբար նախորդ սերունդի կրաւորականութենէն ծնունդ կ՛առնէ: Ասոր համար իր գեհենականը պիտի ըսէ. «Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Որովհետեւ մենք տեսանք, որ ուսուցիչ չէին ուզեր մարդիկ, այլ իրենց գիտցածը ուրացողներ կը փնտռէին: Պատրաստուած մարդ չէին ուզեր, այլ կ՛ընտրէին պարտադրուելու ընդունակները միայն: Արժէքները կը հալածէին վերջապէս եւ ստուերներու տուն կու տային: Յաջողած էին վերջին հաշուով ասպարէզը ձախողածներու եւ ստրուկներու կալուածի մը վերածելու իրենց տխուր մտադրումին մէջ: Ասոր համար վարժապետներ տեսանք մենք, որոնք սերունդներ ամբողջ վարակեր էին կրաւորականութեան ախտով» (1): Գեհենական այս երիտասարդը յաճախ, տառապանքէ զատ, ոչինչ տեսած է կեանքէն, նիւթական դժուար պայմաններու տակ կ՛ապրի, իր գեղեցիկ սկզբունքներուն համար կը հալածուի եւ հարազատ միմիայն իրեն նման քանի մը գեհենականի կը վստահի, որովհետեւ յաճախ դաւադրութեան զոհ գացած է իրեն հետ ճամբայ ելած տղոցմէ:
Հատորին եօթը գրութիւններէն միայն երկուքը պատմողական նկարագիր ունին. առաջինը «Անձիս սատանայացումն է», որ կապ ունի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց դպրոցի փորձառութեան հետ, ուր առաջին օրերուն յայտարարած է իր` Դաշնակցութեան հանդէպ համակրանքը եւ ուսուցիչի մը ու կարգ մը անձերու կողմէ` հալածանքի ենթարկուած, իսկ միւսը «Վերջին դասը»-ն է, նոյպէս Ժառանգաւորացի օրերուն հետ աղերս ունի, ուր Յակոբ Օշականի հետ իր փորձառութիւնը կը գտնենք եւ Օշականի մահուան գոյժին ցնցիչ ազդեցութիւնը:
Ճիշդ է, որ «Կորստական թոյներ»-ը լոյս կը տեսնէ 1970-ին (2), «Ես այդ շունն եմ» (3) հատորէն ետք, սակայն հատորը կազմող գրութիւնները լոյս տեսած են 1962-ին հրատարակուող «Բագին» ամսագրի առաջին տարիներու թիւերուն մէջ, այսինքն վեցէն եօթը տարի անցած է երկրորդ հատորէն: Սոյն գրութիւններու ստեղծումը յաճախ կը զուգադիպի Սնապեանի Ֆրանսա, գլխաւորաբար Փարիզ իբրեւ ազատ ուսանող կեցութեան շրջանին, նաեւ` Թուրքիա, Պուլկարիա, Եուկոսլաւիա, Աւստրիա եւ Գերմանիա կատարուած շրջապտոյտի մը: Բագին ամսագիրը իր երկրորդ թիւին մէջ, երբ «Ծաղիկներ»-ը կը հրատարակէ, վերոգրեալ ճամբորդութեան մասին տեղեկացնելէ ետք, հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Իր տպաւորութիւններէն կազմած է շարք մը գրութիւններ, որոնց մաս կը կազմեն հետեւեալ էջերը: «Բագին»-ի մէջ յաջորդաբար պիտի տանք նոյն շարքին մաս կազմող «Հողը», «Ծովը», «Լեռը», «Կռունկը» եւ անջատ խորագիրներ կրող ուրիշ գրութիւններ (4):
Այստեղ բնորոշ բառը «տպաւորութիւններ»-ն են, որովհետեւ ճիշդ է, որ տպաւորութիւններու ազդեցութեան տակ տողեր կային «Յեղափոխութեան համար»-ին մէջ, սակայն աւելի կային խորհրդածութիւններ, մենախօսութիւններ, ըմբոստութեան պոռթկումներ եւ, ինչպէս նշեցի, պատմողական էջեր: Այստեղ աւելի սեղմ էջերու մէջ աւելի թելադրական ձեւով մտածում մը, հոգեվիճակ մը, ապրում մը, հակազդեցութիւն մը կամ ընդվզում մը կը փոխանցուի: Կարծէք Սնապեան գտած է դրսեւորումի այն տարազը, որ նախորդ հատորին մէջ կը փնտռէր: «Ծաղիկներ»-ը Քրիստափորի գերեզմանին վրայ տեսած ծաղիկներուն համար` յուզումի եւ խորհրդածութեան ալիքներով կ՛ողողուի, թէ ո՞վ համարձակած է այդ խորհրդայնացած, բռնակալական երկրին մէջ ծաղիկներ զետեղել յեղափոխական մեծ քուրմի գերեզմանին: Պոլսոյ մէջ սկիզբը պիտի խանդավառուի` անցնելով Սկիւտարէն Բերա, Պանք-Օթոմանէն, Պապ-էլ-Ալիէն, Մարմարայէն, այսինքն` այն բոլոր վայրերէն, ուրկէ անցած են` Զօհրապը, Զարդարեանը, Վարուժանը, Տեմիրճեանը, Դուրեանը եւ արեւմտահայ գրականութեան բոլոր միւս մեծերը, սակայն «Ալլա՜հ էքպէր»-ի հնչիւնը այնտեղ իր տրամադրութիւնները կը թունաւորէ: Հակազդեցութիւնը բուռն է եւ համատարած այս թրքութեան մէջ կը խորհրդածէ. «Ասո՞նք էին,- կ՛ըսեմ գեհենական աղօթքս շարունակելով,- ասո՞նք, ա՞յս մարդերը, այս մարդոց հայրե՞րն էին, որ յօշոտեցին անմեղ ու անպաշտպան մեր ժողովուրդը: Մեռեալ աչքերով մեզի նայող այս տղուն հա՞յրն էր, որ փշրեց Զօհրապի գանկը: Երկու ոսկոր ու կտոր մը դեղին կաշի այս ծերունի՞ն էր, որ քրքջաց մեր հեթանոս ու արու քնարահարին երկարատեւ հոգեվարքին ի տես» (5):
Այսպէս, ան կը փոթորկի գետին ինկած, ճմռթկուած սպիտակ թուղթին համար, «եանա եանա» կ՛այրի Սայաթ Նովայի բառերէն ու երաժշտութենէն եկած հրեղէն ալիքով, իր ամէնէն աւելի պէտք ունեցած պահուն կը գտնէ մեր սիրելի կռունկը, այսինքն հայութիւնը կազմաւորող ու բնորոշող գլխաւոր արժէքները հոս կը գտնուին, ինչպէս նաեւ` գիրին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը: Սակայն նախորդ հատորներէն տրամադրութիւններ կան տակաւին, յաճախ նախկին դժուար փորձառութիւններ կասկածներու տեղի կու տան: «Ծառին առջեւ» գրութիւնը կը սկսի այսպէս. «Մռայլ բան մը կը հետեւի ինծի օրերէ ի վեր: Մէկը դարձեա՞լ վատութիւն մը սկսած է բուծանել արդեօք: Անյայտ պատճառներէ եկած վիշտ մը կը կրծէ զիս: Ի՞նչ դաւ է արդեօք, որ կը նիւթուի կրկին: Պղտոր ալեկոծութիւն մը կը զգամ երակներուս: Ո՞վ սկսած է թոյն պատրաստել նորէն» (6):
Այս գործը նաեւ առիթ է հեղինակին համար ինքնիր դիմանկարը ծանօթացնելու, յստակացնելու եւ ամբողջացնելու: «Արեւը» գրութեան մէջ կը տեսնենք, որ փոքրիկը կը փորձէ լեռ բարձրանալ` արեւը գրկելու համար, ինչ որ իր մայրը կ՛անհանգստացնէ, որովհետեւ` «Մօրս պապենական արեան մէջ խենթութեան երակ մը ստուգուած էր: Անոնք գիւղին տուած էին վաւերական չորս-հինգ խենթեր: Անոնցմէ փոխանցուած ժառանգութեան մը կասկածը տիրական էր ալեկոծ մանկութեանս ծանօթ բոլոր մարդոց մօտ» (7):
«Տունը» գործին մէջ թուելէ ետք ծննդավայրէն սկսեալ բնակած բոլոր տուները, կը տեսնենք, որ անհանգիստ կը զգայ Անթիլիասի մէջ ծովահայեաց գեղեցիկ տան մէջ բնակելու, որ աւելի քաղքենի ճաշակի մը կը յարմարի, քան` իր Պուրճ Համուտի սենեակին, ուր իր զեղումները, տենդերը, յուզումները, պոռթկումներն ու դառնութիւնները արձանագրած է: Կ՛աւելցնէ. «Իմ երեք մոլութիւններուս յագուրդ տուո՜ղ տուն, գրամոլութեան, կնամոլութեան, խաղամոլութեան կենսատու եւ կորստաբեր կայք» (8): Ինչպէս կը տեսնենք, սովորական արժէքներ չեն իր փնտռածները. սրբութիւններու կողքին, հոն կորստական թոյներ կան, անսովորին հետեւելու մղում, որ ըմբոստի, գեհենականի դիմապատկերին հետ աւելի հաշտ կը մնայ, եւ ինք այս պատկերը կը փայփայէ:
Այս շարքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ «Պարը» այն իմաստով, որ գրութեան մէջ, անկախ տպաւորութիւններէ բխած զօրաւոր ապրումներէն, պատումը յստակ է եւ դասական պատմուածքի տարրեր կարելի է տեսնել այնտեղ, ինչպէս հանգոյց մը` Մուսա Լերան հայութեան երկրորդ հեռացումը իր բնաշխարհէն, գործողութեան զարգացում` մինչեւ ծովափնեայ անտառակին մէջ գաղթականներու հաստատումը եւ անոնց վիճակը. գագաթնակէտը, որ ժողովուրդին ըմբոստ շուրջպարն է` ընդդէմ Աստուծոյ, ճակատագրին ու տարերքին, եւ` լուծումը, որ հաւաքական փորձառութենէն իր սորված դասն է` դիմանալու կեանքի ամենադժուար պահերուն եւ փորձութիւններուն: Փաստօրէն գրութիւնը իր ամբողջութեան մէջ անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ կը զարգանայ եւ պատմողին կը սորվեցնէ, որ քանի այդ ահաւոր կացութեան մէջ իր հաւաքական պարով ժողովուրդը կրցաւ գտնել իր ներքին ուժը եւ գոյատեւել, ինք եւս կրնայ յաղթահարել իր դիմագրաւած խնդիրները, այսպէս, կեանքի ամենադժուար պահերուն, մտքով կը փոխադրուի այդ պահը, դարձեալ կը լսէ թմբուկին ձայնը, կը պարէ բոլորին հետ, ներքնապէս կը զօրանայ եւ գիտէ, որ այդ փորձութենէն եւս դուրս պիտի գայ: Պատումի ձեւով նման գրութիւններու կը հանդիպինք «Աղքատներու աւանդութիւնը» (9) հատորին մէջ, ինչպէս` «Գիշերային մահազանգ»-ը կամ «Ախոռին մէջ»-ը, որոնք նոյնպէս Մուսա Լեռէն հեռանալուն կամ Այնճար հաստատուելուն հետ կապ ունին: Ամէն պարագայի, զուտ պատումի-պատմուածքի յղացքին մօտեցող գրութիւնները սովորաբար անձնական փորձառութիւններու վրայ հիմնուած են, եւ այդ պատճառով` տուեալ հատորին մէջ ամփոփուած:
Տպաւորութիւններու հենքով կազմուած այս գրականութիւնը շատ աւելի խորունկ շնչառութեան վրայ կը ժայթքի եւ մտածումներու, խոստովանութեան եւ հաստատումներու շուրջ հարիւր էջնոց դրսեւորում կը դառնայ «Ես այդ շունն եմ» հատորին մէջ: Մեկնակէտը օրաթերթային կարճ գրութիւն մըն է. գաղթականութենէ ետք Ֆրանսա ապաստանած տղոցմէ երկուքը, Ալպիական լեռներու ստորոտին, երբ հայերէն կը զրուցեն ու բարձրաձայն կ՛երգեն, գամփռ մը զիրենք իր անհանգիստ շարժումներով կ՛առաջնորդէ հոն հաստատուած հայու մը տունը` բնազդաբար զգալով իր տիրոջ եւ այս երիտասարդներուն լեզուին ու երգին նմանութիւնը: Այսպէս, Սնապեան կը դառնայ իր երկրի ու ժողովուրդի ամենասրբազան ապրումներուն եւ իղձերուն ունկնդիր շունը: Անշուշտ գաղափարախօսական զօրաւոր շերտ մը կայ գրութեան մէջ, սակայն այդ մէկը տարբեր քննարկումի նիւթ է եւ պէտք է դիտուի վաթսունական թուականներու ազգային իրականութեան շրջագիծին մէջ: Կենսականը Սնապեանի համար հաւատարմութիւնն է լեզուին, ազատութեան, ազգային արժէքներուն ու սրբութիւններուն, որոնց համար պատրաստ է պայքարելու ի գին ամէն զոհողութեան: Փաստօրէն, եթէ պահ մը մոռնանք իր առաջին գործը` «Ժամանակ չկայ», որ վիպագրական ու օրագրային սեռերու միջեւ տատանող փորձ մըն է, այս երեք հատորներուն մէջ, տասնամեակի մը վրայ երկարող փնտռտուքներէ ետք, Սնապեան կը գտնէ իր ձայնը, տպաւորութիւններու հենքով իր ապրումները, մտածումները, խռովքները եւ ընդվզումները արտայայտող իր գրականութեան ինքնուրոյն ձեւն ու ոճը, իր գրական դիմագիծը:
————————–
1.- Սնապեան, Պօղոս. «Յեղափոխութեան համար», բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 2007, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, էջ 48: Առաջին տպագրութիւնը` 1956-ին:
2.- Սնապեան Պօղոս. «Կորստական թոյներ», Պէյրութ, 1970. Համազգայինի տպարան:
3.- Սնապեան, Պօղոս. «Ես այդ շունն եմ», Պէյրութ, 1966. Ատլաս տպարան:
4.- «Բագին» ամսագիր, Ա տարի, Փետրուար, էջ 18:
5.- «Կորստական թոյներ», էջ 64:
6.- «Կորստական թոյներ», էջ 129:
7.- «Կորստական թոյներ», էջ 51-52:
8.- «Կորստական թոյներ», էջ 43:
9.- «Աղքատներուն աւանդութիւնը». Պէյրութ, 1983, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան:
————————————————
Եանա-Եանա
Եանա-եանա ման եկած շրջանի մը հանդիպեցայ քեզի առաջին անգամ, ու առաջին հաղորդութիւնը կատարելէ ետք` հետեւեցայ հետքերուդ, ջրերուդ ալիքներով, գրերուդ խորհուրդով, խրճիթներէն մինչեւ պալատ առաջին բխումէդ մինչեւ վերջին պոռթկումդ, ջրերուդ ալիքներով, գրերուդ խորհուրդով: Ու ինչ որ գտայ` ջուր չէր, հեղուկ կրակ էր եւ գիրդ անհանգչելի բոց: Կրակին մէջ ու բոցին մէջ ման եկայ, անոնց լոյսով փնտռեցի քեզ, գաղտնիքդ: Ջուրիդ անունը սիրտ դրի, գրիդ անունը միտք դրի: Սիրտդ սէր անուանեցի ապա, միտքդ` ազատութեան տենչ: Թագուհիներուն սիրտը ալեկոծող ծովածաւալ սէր: Թագաւորները խուճապի մատնող խրոխտ խօսք: Ջո՛ւրդ: Գի՛րդ:
Խմեցի: Կարդացի:
Ինծի կը թուի, թէ ես հոն էի, երբ պալատին դարպասները բացուեցան առջիդ:
Մտար ներս ու եանա-եանա փայփայած ծաղիկներուդ անունները տուիր եւ բոյրերը արբեցուցին մթնոլորտը: Բառեր արտասանեցիր եւ քարերը շունչ առին, եւ հառաչանքներուդ մէջ դրած աստուածային շեշտիդ ի լուր` բացուեցան պալատին տառապած սրտերը եւ խմբուեցան շուրջդ: Անգամ մը եւս ու ամբողջական թափով յանձնեցիր ինքզինքդ քամանչայիդ խռովարար լարերուն ու խռովեցար երազիդ ուշացած յայտնութեամբ, եւ խռովեցիր պալատական շղարշներու մէջ աննիւթացած երազային հոգիները:
Դուն տեսար անոնցմէ մէկը, ամէնէն աղուորը, բառերուդ կրակով ու հրաշքով այլակերպուած հրեղէն բանաստեղծութիւնը: Ակնարկը հանդիպեցաւ ակնարկիդ, ժպիտը շոյեց վիրաւոր հոգիդ, զգացիր այրող հրաւէրը ապա, որ պալատներու մէջ թեթեւ շարժումն է ու դողահար մարմինը: Արիւնդ խենթեցաւ մէկէն եւ կրակին վրայ զգացիր բռնկումի պատրաստ հոգիդ: Այդ ակնարկը աւելի տաքցուց ձայնդ, շարժումը աշխուժացուց քամանչայիդ լարերը եւ ժպիտը գունաւորեց ողջ բառարանդ:
Ինքն էր, սէրն էր, յայտնութիւնը, յարութիւնը, քու փնտռածդ, բայց գտածդ անհասանելին էր նորէն, երազ էր, կարօտիդ սաստկացումը, ահաւորը:
Քու ջո՛ւրդ այդպէս էր, ուրիշ ջրէն էր, ջունո՜ւն, ու անկարելին էր նորէն, երա՛զն էր, այլ երազը որքա՜ն իրականութիւն կուտակած էր մէջդ, որքան ուժ, անթարգմանելի որքա՜ն ճոխութիւն:
Ինծի կը թուի, թէ ես հոն էի, երբ գերագոյն լարումով մը վերջին կարօտդ պոռթկացիր ու լեցուցիր պալատը: Զուարթութիւն մը երեւցաւ դէմքերուն վրայ, իրենց զուարթութիւնը մէկ մէկու հաղորդելու պէտք մը զգացին ունկնդիրներդ: Անոնք իրարու նայեցան, գոզալը` քեզի կը նայէր: Գոզալին յափշտակութիւնը հմայաթափ ըրաւ թագաւորը: Թագաւորը խոժոռեցաւ: Մէջլիսի միւս մեծամեծները հետեւեցան թագաւորին, ու սկսան երգել իրե՛նց երգը, սկսան փսփսալ: Դոստիրդ դուշման դարձան մէկէն ու մէկը վերացումի բեղմնաւոր պահուդ ընդհատեց թռիչքդ եւ քեզի համար սարքուած ողբերգութեան վերջին արարին մէջ ցուցադրեց խորտակուած քամանչադ:
Պալատէն ելար հայհոյուած մարդու մը պէս: Հասայ ետեւէդ: Նայեցայ աչքերուդ: Լսեցի բառերդ: Բայց թուեցաւ, թէ մարած էին աչքերուդ կրակները եւ բառերդ զօրութիւն չունէին: Գլուխդ կախ ու աշխարհէն բեզարած` բռնեցիր վանքին ճամբան, իսկ ես` հին ապերախտ, ձգեցի քեզ առանձին ու նորէն ինկայ աշխարհ, նորէն թափառեցայ իմաստնասիրած երկիրներուն մէջ, թաղերուն մէջ, բաղերուն մէջ. ուրիշ սազանդարներու հետ անցայ Հընդըստան նորէն ու հասայ Փռանգստան: Բայց ուրիշներուն մօտ չգտայ այլակերպուելու քու ընդունակութիւնդ, իրերը այլակերպելու քու մոգութիւնդ:
Քու ջավահիրներուդ վրայ սիրտ մը կ՛այրէր, էրուա՛ծ, այս ջավահիրները տրոփ չունին:
Քու վարդերդ վարաղնած էին, վարարա՛ծ, այս վարդերը արին չունին:
Քու ատլասդ արեւէն գոյն առած էր, արեգա՛կ, այս ատլասները հմայք չունին:
Յոգնեցայ իրերու իրականութենէն ու մարդերու կաւեղէն կազմուածքէն: Անոնց ցրտութենէն, ասոնց չորութենէն, ու ապա դարձեալ մտայ այն ճամբաները, ուրկէ դուն անցար եանա-եանա:
Եանա՜-եանա՜…
Ուրիշ ձեւով ապրա՞ծ ես միթէ դուն. աշխարհին, իրերուն, էակներուն ու գոզալներուն նայա՞ծ ես բնաւ առանց սրտիդ եանա-եանա մասնակցութեան: Եւ ո՞վ կրցած է այրիլ քեզի չափ, այրելով ապրիլ, վարարիլ եւ իր ողջակիզուած սրտին բոցով պատռել դարերուն մութը եւ փութալ ուրիշ դարերու եանա-եանա այրողներուն սփոփանքին: Ուրիշներու պէս` քանի՜ անգամ դիմեր եմ քեզի եւ անդարման մնացած վէրքերէդ ժայթքած եանա-եանա երգերով քանի՜ անգամ օրօրած ես զիս, դուն` մտածումիս մէջ փոխուած անուն, ու մեր աշխարհին ու սրտերուն մէջ եանա-եանա ման եկող անհատնելի ժառանգութիւն:
Ես կը սիրեմ տարերքիդ ա՛յս բաժինը, տաղերդ տաղող այս հուրը, եանա-եանա այրող անհատնելի այս ընդհանուրը…
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ
«Կորստական թոյներ»
————————————————