ՍՈՒԶԻ ՍԹԱՆՊՈՒԼԵԱՆ
Մշտադալար այդ դափնին մեր ընտանիքի ծառը կը համարուէր: Ան մեր ընտանիքին ամբողջ պատմութիւնը կը պարփակէր իր մԷջ: Մուսա Լերան հերոսամարտի մարտիկներուն կամքի ուժով պատրաստուած այս ծառին ծիլը մեծ հայրս, իբրեւ թանկագին յիշատակ, իրեն հետ բերած էր, երբ Մուսա Լերան ժողովուրդը գաղթի ծովուն քմահաճ ալիքներուն ենթարկուելով` եկած եւ հաստատուած էր Լիբանան, Այնճար:
Պատահական չէր, որ մեծ հայրս իր Մուսա Լերան պարտէզի ստուար եւ զանազան ծառերէն ընտրած էր մշտադալար դափնին, որ շուտով պիտի դառնար մեր ընտանիքին դափնեկիրը` ապրելով պապուկիս կրած կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:
Ան հասակ առած է հօրս հետ, ներկայ եղած` անոր հարսանիքի խնճոյքին, իր անուշաբոյր տերեւներով շաղած` նոր հարսին հինան, հետզհետէ աճած, մեծցած եւ հօրս շէնքի կառուցման հետ հասակ նետած ու բարձրացած էր մինչեւ երկրորդ յարկ` դառնալով վիթխարի եւ յաղթանդամ: Մշտադալար ներկայութիւն էր ան մեր բակին մէջ, մեր մանկութեան կը խաղայինք ու կը վազվզէինք, եղբայրներս կը մագլցէին անոր հաստաբուն կոճղին` պահուըտելու համար խիտ տերեւներուն մէջ. մեծ մայրս թոնիրին առջեւ ձմրան մթերքը կը պատրաստէր, իսկ գիշերը ամբողջ ընտանիքով խարոյկին շուրջ կը հաւաքուէինք` պատրաստուած լոլիկի խիւսը համտեսելու կամ մնացած խարոյկին մէջ կորեկ խորովելու համար:
Ամէնէն շատ քոյրս եւ ես վայելած ենք այդ ծառը, որովհետեւ մեր սենեակին պատուհանէն պարզուող ամէնէն գեղեցիկ տեսարանն էր. գարնան բաց դեղինով ծաղկած, ձմրան ճեփճերմակ ձիւնով ծածկուած, իսկ արեւի շողերուն հետ միախառնուող թռչուններուն ճռուողիւնն ու անոնց թեւերու թափահարումը ծաղիկներուն եւ տերեւներուն վրայ, դիւթիչ եւ բուրումնաւէտ երաժշտութիւն մը կը յօրինէին:
Ան միակ ականատեսն էր մեր մանկութեան չարաճճիութիւններուն, պատանեկան խռովութիւններուն, մինչեւ իսկ` մեր սիրոյ խոստովանութիւններուն, երբ ժամերով կը նստէինք պատուհանին առջեւ, մեր աչքերը երկա՜ր յառած դափնիին` կը զրուցէինք, մանաւանդ` լուսնի լոյսով փայլուն գիշերներուն, երբ տերեւներուն շուքը մեղմ զեփիւռին հետ կ՛օրօրուէր մեր մահիճներուն վրայ` իրեն հետ օրօրելով նաեւ մեր անմեղ երազները:
Եւ այսպէս, օրերը յաջորդեցին իրարու, եւ մեր ծառը արդէն վիթխարի բակին մէջ յաջորդաբար պար բռնեց իմ, եղբայրներուս եւ քրոջս հարսանեկան խրախճանքներուն: Բոլորս ալ մեր առանձին ընտանեկան բոյները ունեցանք, սակայն երբեք չմոռցանք մեր ծառը. միշտ կ՛այցելէինք մեր բակը, եւ արդէն մեր զաւակները կը խաղային դափնիին հովանիին ներքեւ:
***
Այնճարի գարնանային արեւոտ եւ մեղմ օրերէն մէկն էր, փոքրահասակ զաւակներուս հետ միասին, օրօ՜ր շորո՜ր, մերթ արեւի շողերուն տաքութիւնը եւ մերթ ծառերու շուքը վայելելով` հասանք ծնողքիս տունը: Հազիւ ներս մտած էինք, երբ փոքրիկները յատուկ չարաճճիութեամբ սկսան վազվզել սենեակէ սենեակ, կարծես` բնազդաբար հետազօտելու…
Յանկարծ, մեր սենեակին շեմին, ապշած, գամուած մնացի. թեթեւցած հոգիս ուժգնօրէն սկսաւ ծանրանալ սրտիս վրայ` պահ մը անդամալուծելով ամբողջ մարմինս, եւ հազիւ կրցայ բացագանչել` «Ո՞ւր է մեր ծառը»… Նոյնիսկ չլսեցի արդարացնող բացատրութիւնները` ծառին արմատները… դրացիին պատը… ճեղքուիլը… փուլ գալու վախը… եւ իսկապէս չեմ յիշեր` այդ օրը ի՞նչ եղաւ, ե՞րբ տուն վերադարձայ: Միայն կը յիշեմ իմ զգացած խոր վիշտս: Ես այդ օրը նկատեցի, թէ որքա՜ն դափնիի ծառը ներշնչանք եւ նեցուկ էր մեզի համար` անկախ իր բնական գեղեցկութենէն: Անոր մէջ խտացած էր մեր կեանքը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով, գաղտնիքներով եւ լաւ ու վատ յիշատակներով: Իր վիթխարի կեցուածքով ինքնավստահութիւն եւ ուժ ներշնչած էր մեզի տարիներ շարունակ, իսկ հիմա մեր տունը մնացած էր առանձին եւ անհոգի:
***
Տարինե՜ր անցան: Մեր զաւակները մեծցան եւ այլեւս աւելի քիչ կ՛այցելէինք մեր բակը: Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, վերջերս բակ իջած էինք, աչքիս զարկաւ դափնին, որուն կտրուած կոճղէն տասնեակներով ճիւղեր կը յամառէին վեր բարձրանալ. անցեալի այդ վիթխարի ծառը այժմ կը նմանէր սաղարթախիտ թուփի մը:
Մտքովս սկսայ պեղել մուսալեռցիի պատմութիւնը, Մուսա Լերան 40 օրերու հերոսամարտի պայքարը եւ տեսայ մուսալեռցիի կամքն ու հաստատակամութիւնը` հանդէպ կեանքի: Յանկարծ կարծես ծառը լեզու առաւ եւ շշնջաց. «Ես կա՛մ ու պիտի մնամ»: